Մրցակից թագաւորները կը մտնեն քսաներորդ դարը
Գլուխ տասնըհինգ
Մրցակից թագաւորները կը մտնեն քսաներորդ դարը
1. Պատմաբանի մը համաձայն, ԺԹ. դարու Եւրոպայի առաջնորդները որո՞նք էին։
«ՏԱՍՆԸԻՆԵՐՈՐԴ դարու Եւրոպայի մասին այնպիսի ուժականութիւն մը կայ, որ նախապէս գիտցուած որեւէ բան կը գերազանցէ», կը գրէ պատմաբան Նորմըն Տէյվիզ։ Ան կ’աւելցնէ. «Եւրոպան որեւէ ժամանակէ աւելի հնարաւորութիւնով կ’ոստոստէր. ճարտարարուեստական, տնտեսական, մշակութային, միջցամաքային հնարաւորութեամբ»։ «Եւրոպայի յաղթական ‘հնարաւորութեան դար’»ուն առաջնորդներն էին, կ’ըսէ Տէյվիզ, «նախ Մեծն Բրիտանիան . . . եւ հետագայ տասնամեակներուն՝ Գերմանիան»։
«Չարութիւն Ընելու Հակամէտ»
2. ԺԹ. դարու վերջաւորութեան, ո՞ր ուժերը լեցուցին «հիւսիսի թագաւոր» եւ «հարաւի թագաւոր» դերերը։
2 Մինչ ԺԹ. դարը իր աւարտին կը մօտենար, Գերմանական Կայսրութիւնը «հիւսիսի թագաւոր»ն էր, իսկ Բրիտանիան «հարաւի թագաւոր»ին դիրքը կը գրաւէր։ (Դանիէլ 11։14, 15) Եհովայի հրեշտակը ըսաւ. «Այս երկու թագաւորներուն ալ սիրտը չարութիւն ընելու հակամէտ պիտի ըլլայ ու նոյն սեղանին վրայ սուտ պիտի խօսին»։ Ան շարունակեց. «Բայց պիտի չյաջողին, վասն զի վախճանը որոշուած ժամանակին պիտի հասնի»։—Դանիէլ 11։27
3, 4. (ա) Գերման Ռայխի առաջին կայսրը ո՞վ եղաւ, եւ ի՞նչ համաձայնութիւն կնքուեցաւ։ (բ) Կայսր Վիլհելմ ի՞նչ քաղաքականութեան հետեւեցաւ։
3 18 Յունուար 1871–ին, Վիլհելմ Ա. Գերման Ռայխին կամ Կայսրութեան առաջին կայսրը եղաւ։ Ան Օթթօ վոն Պիսմարգը վարչապետ նշանակեց։ Իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած ըլլալով նոր կայսրութիւնը զարգացնելու վրայ, Պիսմարգ ուրիշ ազգերու հետ պատերազմի մէջ մտնելէ խուսափեցաւ, եւ համաձայնութիւն մը կնքեց Աւստրօ–Հունգարիոյ եւ Իտալիոյ հետ, որ ճանչցուած է որպէս Եռեակ Միութիւն։ Սակայն շուտով հիւսիսի այս նոր թագաւորին շահերը, հարաւի թագաւորին շահերուն հետ բախումի մէջ եկան։
4 1888–ին Վիլհելմ Ա. եւ իր յաջորդը՝ Ֆրետերիք Գ. մեռնելէ ետք, 29 տարեկան Վիլհելմ Բ. գահ բարձրացաւ։ Վիլհելմ Բ., կամ Վիլհելմ Կայսր, ճնշում բանեցուց Պիսմարգի վրայ որ հրաժարի եւ Գերմանիոյ հեղինակութիւնը համայն աշխարհի մէջ տարածելու քաղաքականութեան մը ձեռնարկեց։ Պատմաբան մը կ’ըսէ, որ «Վիլհելմ Բ.–ի իշխանութեան ներքեւ, [Գերմանիան] գոռոզ եւ յարձակողական կեցուածք մը որդեգրեց»։
5. Երկու թագաւորները ի՞նչպէս «մէկ սեղանի վրայ» նստան եւ ի՛նչ խօսեցան։
5 Երբ 24 Օգոստոս 1898–ին, Ռուսիոյ Ցար Նիկոլա Բ. Հոլանտայի Հաակա քաղաքին մէջ խաղաղութեան խորհրդաժողով մը գումարեց, այդ ժամանակ միջազգային լարուած վիճակ մը գոյութիւն ունէր։ Այս եւ 1907–ին անոր յաջորդ խորհրդաժողովը Հաակայի մէջ Իրաւարարութեան Կայուն Ատեանը հաստատեցին։ Այս ատեանին անդամները ըլլալով, Գերման Ռայխն ու Մեծն Բրիտանիան այն տպաւորութիւնը տուին թէ խաղաղութեան համակիր էին։ Անոնք բարեկամական երեւոյթով «նոյն սեղանին վրայ» նստան, բայց իրենց «սիրտը չարութիւն ընելու հակամէտ» էր։ ‘Նոյն սեղանին վրայ սուտ խօսելու’ դիւանագիտական գործելակերպը իրական խաղաղութիւն չէր կրնար բերել։ Իսկ, անոնց քաղաքական, առեւտրական ու զինուորական փառատենչութիւնները ‘պիտի չյաջողէին’, քանի որ երկու թագաւորներուն վախճանը Եհովա Աստուծոյ կողմէ «որոշուած ժամանակին» պիտի գար։
«Սուրբ Ուխտին Դէմ»
6, 7. (ա) Հիւսիսի թագաւորը ի՞նչ կերպով ‘իր երկիրը դարձաւ’։ (բ) Հարաւի թագաւորը ի՞նչպէս հիւսիսի թագաւորին հեղինակութեան տարածման ընդառաջեց։
6 Աստուծոյ հրեշտակը կը շարունակէ ըսել. «Անիկա [հիւսիսի թագաւորը] շատ հարստութիւնով իր երկիրը պիտի դառնայ, բայց իր սիրտը սուրբ ուխտին դէմ պիտի ըլլայ։ Իր ուզածը պիտի ընէ ու իր երկիրը պիտի դառնայ»։—Դանիէլ 11։28
7 Կայսր Վիլհելմ վաղեմի հիւսիսի թագաւորին «երկիրը», կամ երկրային վիճակին, վերադարձաւ։ Ի՞նչպէս։ Կայսերական իշխանութիւն մը կերտելով, որու նպատակն էր Գերման Ռայխը ընդլայնել ու անոր հեղինակութիւնը տարածել։ Վիլհելմ Բ. Ափրիկէի ու այլ վայրերու մէջ գաղութային նպատակներ հետապնդեց։ Ծովու վրայ բրիտանական գերակայութեան մարտահրաւէր կարդալ ուզելով, ան հզօր նաւատորմ մը սկսաւ կերտել։ «Տասը տարիէն քիչ մը աւելի ժամանակի մը մէջ, գերմանական ծովոյժը իր աննշան վիճակէն դարձաւ եւ Բրիտանիայէն ետք երկրորդը եղաւ», կ’ըսէ Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը։ Իր գերակայութիւնը պահպանելու համար, Բրիտանիան ստիպուեցաւ իր ծովային յայտագիրը ընդլայնել։ Բրիտանիան Ֆրանսայի հետ «Սրտագին Համաձայնութիւն»ն ալ կնքեց. նոյնանման համաձայնութիւն մը նաեւ՝ Ռուսիոյ հետ, կազմելով Եռեակ Համաձայնութիւնը։ Արդ, Եւրոպան ռազմական երկու ճամբարներու բաժնուած էր. Եռեակ Միութիւնը մէկ կողմէն, իսկ Եռեակ Համաձայնութիւնը միւս կողմէն։
8. Գերմանական Կայսրութիւնը ի՞նչպէս «շատ հարստութիւն» ունեցաւ։
8 Գերմանական Կայսրութիւնը յարձակողական քաղաքականութեան մը հետեւեցաւ, Գերմանիոյ համար «շատ հարստութիւն» ապահովելով, քանի որ անիկա Եռեակ Միութեան գլխաւոր մասը կը կազմէր։ Աւստրօ–Հունգարիա եւ Իտալիա Կաթողիկէ էին։ Հետեւաբար, Եռեակ Միութիւնը պապական հաճութիւնն ալ կը վայելէր, մինչդեռ հարաւի թագաւորը եւ Կաթողիկէ չեղող իր Եռեակ Համաձայնութիւնը, անոր հաճութիւնը չէր վայելեր։
9. Հիւսիսի թագաւորին սիրտը ի՞նչպէս «սուրբ ուխտին դէմ» էր։
9 Իսկ ի՞նչ էր Եհովայի ժողովուրդին պարագան։ Անոնք երկար ժամանակէ ծանուցանած էին որ «ազգերու սահմանուած ժամանակները» պիտի վերջանային 1914–ին։ * (Ղուկաս 21։24, ՆԱ) Այդ տարին, Դաւիթ Թագաւորի Ժառանգորդին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հաստատուեցաւ երկնքի մէջ։ (Բ. Թագաւորաց 7։12-16. Ղուկաս 22։28, 29) Մարտ 1880–ին արդէն, Դիտարան պարբերաթերթը Աստուծոյ Թագաւորութեան տիրապետութիւնը կապեց «ազգերու սահմանուած ժամանակներ»ու, կամ՝ «հեթանոսներու ժամանակներ»ու, աւարտին հետ։ (Երուսաղէմ) Բայց Գերմանացի հիւսիսի թագաւորին սիրտը ‘Թագաւորութեան սուրբ ուխտին դէմ էր’։ Փոխանակ Թագաւորութեան տիրապետութիւնը ընդունելու, Կայսր Վիլհելմ ‘իր ուզածը ըրաւ’, աշխարհի տիրապետութեան համար իր ծրագիրները յառաջ տանելով։ Այսպէս վարուելով, ան Առաջին Աշխարհամարտի սերմերը ցանեց։
Պատերազմին Մէջ Թագաւորը ‘կը Թուլնայ’
10, 11. Առաջին Աշխարհամարտը ի՞նչպէս սկսաւ, եւ ասիկա ի՞նչպէս «որոշուած ժամանակին» եղաւ։
10 «Որոշուած ժամանակին [հիւսիսի թագաւորը] պիտի դառնայ ու հարաւին վրայ պիտի երթայ. բայց վերջինը առաջինին պէս պիտի չըլլայ», ըսաւ հրեշտակը։ (Դանիէլ 11։29) Երկրի վրայ հեթանոսներու տիրապետութեան համար Աստուծոյ ‘որոշած ժամանակը’ եկաւ 1914–ին, երբ ան երկնային Թագաւորութիւնը հաստատեց։ Այդ տարուան 28 Յունիսին, Աւստրիացի Արքիդուքս Ֆրանց Ֆերտինանտ եւ իր կինը սպաննուեցան Սարայեվոյի մէջ, Պոսնիա, Սերպ ահաբեկիչի մը կողմէ։ Անիկա Առաջին Աշխարհամարտը բռնկեցնող կայծը եղաւ։
11 Կայսր Վիլհելմ քաջալերեց Աւստրօ–Հունգարիան որ հակադարձէ Սերպիոյ։ Գերմանական օժանդակութենէն վստահ, Աւստրօ–Հունգարիան պատերազմ յայտարարեց Սերպիոյ դէմ, 28 Յուլիս 1914–ին։ Բայց Ռուսաստան օգնութեան փութաց Սերպիոյ։ Երբ Գերմանիան պատերազմ հռչակեց Ռուսիոյ դէմ, Ֆրանսան (Եռեակ Համաձայնութեան դաշնակից) թիկունք կանգնեցաւ Ռուսիոյ։ Ուստի, Գերմանիան պատերազմ յայտարարեց Ֆրանսայի դէմ։ Փարիզի վրայ աւելի դիւրաւ ձեռք դնելու համար, Գերմանիան ներխուժեց Պելճիքա, որու չէզոքութիւնը երաշխաւորուած էր Բրիտանիոյ կողմէ։ Ուստի, Բրիտանիան պատերազմ յայտարարեց Գերմանիոյ դէմ։ Ուրիշ ազգեր ալ միջամուխ եղան, իսկ Իտալիան իր դիրքը փոխեց։ Պատերազմի ընթացքին, Բրիտանիան իր խնամակալութեան տակ առաւ Եգիպտոսը, արգելք հանդիսանալով որ հիւսիսի թագաւորը Սուէզի ջրանցքը խլէ ու արշաւէ Եգիպտոսի՝ վաղեմի հարաւի թագաւորին երկրին վրայ։
12. Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին ի՞նչ կերպով հարցերը ‘առաջինին պէս չեղան’։
12 Տը Ուորլտ Պուք Ինսայգլոբիտիա–ն (Անգլերէն) կ’ըսէ. «Հակառակ Դաշնակիցներու մեծութեան եւ զօրութեան, ըստ երեւոյթին Գերմանիան պատերազմը յաղթելու վրայ էր»։ Երկու թագաւորներուն միջեւ նախկին պատերազմներու ընթացքին, Հռովմէական Կայսրութիւնը՝ որպէս հիւսիսի թագաւոր, միշտ յաղթական եղած էր։ Բայց այս անգամ, ‘առաջինին պէս չեղաւ’։ Հիւսիսի թագաւորը կորսնցուց պատերազմը։ Ասոր պատճառը տալով, հրեշտակը ըսաւ. «Քանզի Կիտացիներու նաւերը անոր դէմ պիտի երթան եւ անիկա պիտի թուլնայ»։ (Դանիէլ 11։30ա) Ի՞նչ էին «Կիտացիներու նաւերը»։
13, 14. (ա) Գլխաւորաբար ի՞նչ էին «Կիտացիներու նաւերը» որոնք հիւսիսի թագաւորին դէմ եկան։ (բ) Մինչ Առաջին Աշխարհամարտը կը շարունակուէր, ի՞նչպէս Կիտացիներու աւելի շատ նաւեր եկան։
13 Դանիէլի ժամանակ, Կիտացւոց երկիրը Կիպրոսն էր։ Առաջին Աշխարհամարտի սկիզբը, Կիպրոս կցուած էր Բրիտանիոյ։ Ասկէ զատ, ըստ Զոնտըրվանի՝ Աստուածաշունչի Պատկերազարդ Համայնագիտարան–ին (Անգլերէն), Կիտացի անունը «ընդլայնուած է իր մէջ պարփակելով ընդհանուր առմամբ Արեւմուտքը, բայց մասնաւորաբար ծովային Արեւմուտքը»։ Նոր Միջազգային Թարգմանութիւն–ը (Անգլերէն) «կիտացիներու նաւերը» արտայայտութիւնը կը թարգմանէ, որպէս «արեւմտեան ծովափներու նաւերը»։ Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին, Կիտացիներու նաւերը փաստացիօրէն գլխաւորաբար Բրիտանիոյ նաւերն էին, որոնք Եւրոպայի արեւմտեան ծովափը դիրք բռնած էին։
14 Մինչ պատերազմը կ’երկարէր, Բրիտանական Նաւատորմը Կիտացիներու յաւելեալ նաւերով կը զօրանար։ 7 Մայիս 1915–ին, գերմանական U-20 սուզանաւը Իրլանտայի հարաւային ծովափին վրայ ընկղմեց ոչ–պատերազմական նաւ մը՝ Լուսիթանիա–ն։ Մահացողներուն մէջ կային 128 Ամերիկացիներ։ Հետագային, Գերմանիան Ատլանտեանի մէջ սուզանաւերու պատերազմի մը ձեռնարկեց։ Ասոր վրայ, 6 Ապրիլ 1917–ին, Մ.Ն. Նախագահը՝ Ուուտրօ Ուիլսըն, պատերազմ յայտարարեց Գերմանիոյ դէմ։ Միացեալ Նահանգներու ռազմանաւերով եւ զօրքերով աւելի զօրացած ըլլալով, հարաւի թագաւորը՝ որ այժմ Անգլօ–Ամերիկեան Աշխարհակալ Ոյժն էր, իր մրցակից թագաւորին հետ ամբողջական պատերազմի մէջ մտած էր։
15. Հիւսիսի թագաւորը ե՞րբ «թուլցաւ»։
15 Անգլօ–Ամերիկեան Աշխարհակալ Ոյժի կողմէ յարձակումի ենթարկուելով, հիւսիսի թագաւորը ‘թուլցաւ’ եւ իր պարտութիւնը ընդունեց 1918–ի Նոյեմբերին։ Վիլհելմ Բ. փախաւ եւ աքսորուեցաւ Հոլանտա, իսկ Գերմանիան հանրապետութիւն մը դարձաւ։ Սակայն, հիւսիսի թագաւորը տակաւին իր վախճանին չէր հասած։
Թագաւորը «Ազդու Կերպով» կը Գործէ
16. Ըստ մարգարէութեան, հիւսիսի թագաւորը ի՞նչպէս հակազդեց իր պարտութեան։
16 «[Հիւսիսի թագաւորը] դառնալով սուրբ ուխտին դէմ պիտի ելլէ [«ու ազդու կերպով պիտի գործէ», ՆԱ], պիտի դառնայ ու սուրբ ուխտը մերժողներուն մտիկ պիտի ընէ»։ (Դանիէլ 11։30բ) Հրեշտակը այսպէս մարգարէացաւ եւ այսպէս ալ եղա՛ւ։
17. Ի՞նչ բան նպաստեց Ատոլֆ Հիթլէրի բարձրացման։
17 Պատերազմը 1918–ին վերջանալէն ետք, յաղթական Դաշնակիցները Գերմանիոյ վրայ ռազմատուգանքի խաղաղութեան դաշինք մը պարտադրեցին։ Գերմանացիները դաշնագրին պայմանները բիրտ գտան, եւ նոր հանրապետութիւնը սկիզբէն իսկ տկար էր։ Քանի մը տարի Գերմանիան չափազանց նեղութեան մատնուելով տատանեցաւ եւ Տնտեսական Մեծ Ձախորդութիւն կրեց, ի վերջոյ վեց միլիոն անգործ ունենալով։ 1930–ական թուականներու սկիզբը, վիճակները հասուննալով նպաստեցին Ատոլֆ Հիթլէրի բարձրացման։ Ան Յունուար 1933–ին վարչապետ եղաւ եւ յաջորդ տարին, Նացիներու այդպէս կոչած, Երրորդ Ռայխի նախագահութիւնը ստանձնեց։ *
18. Հիթլէր ի՞նչպէս ‘ազդու կերպով գործեց’։
18 Հեղինակութեան գլուխ անցնելէ անմիջապէս յետոյ, Հիթլէր կատաղի յարձակում մը գործեց «սուրբ ուխտին դէմ», որ Յիսուս Քրիստոսի օծեալ եղբայրներով ներկայացուած էր։ (Մատթէոս 25։40) Ասոր մէջ ան ազդու կերպով ‘գործեց’ այս հաւատարիմ Քրիստոնեաներուն դէմ, անոնցմէ շատերը անգթօրէն հալածելով։ Հիթլէր տնտեսական եւ դիւանագիտական յաջողութիւններ ձեռք ձգեց, այս մարզերուն մէջ ալ ‘ազդու կերպով գործելով’։ Քանի մը տարուան մէջ, ան Գերմանիան համաշխարհային գետնի վրայ նկատելի ոյժ մը դարձուց։
19. Հիթլէր իրեն աջակցողներ փնտռելով, որո՞նց հետ դաշնակցեցաւ։
19 Հիթլէր ‘սուրբ ուխտը մերժողներուն մտիկ ըրաւ’։ Որո՞նք էին ասոնք։ Բացայայտ է որ անոնք Քրիստոնեայ Աշխարհի առաջնորդներն էին, որոնք կը դաւանէին Աստուծոյ հետ ուխտեալ յարաբերութեան մէջ ըլլալ, սակայն դադրած էին Յիսուս Քրիստոսի աշակերտները ըլլալէ։ Հիթլէր յաջողեցաւ «սուրբ ուխտը մերժողներուն» աջակցութիւնը վայելել։ Օրինակ, Հռովմի մէջ ան Պապին հետ համաձայնագիր մը կնքեց։ 1935–ին, Հիթլէր՝ Եկեղեցական Գործերու Նախարարութիւն մը հաստատեց։ Անոր նպատակակէտերէն մէկն էր Աւետարանչական եկեղեցիները պետական հսկողութեան ներքեւ բերել։
Թագաւորէն «Բազուկներ» կ’Ելլեն
20. Հիւսիսի թագաւորը ի՞նչ «բազուկներ» գործածեց եւ որո՛ւ դէմ։
20 Հիթլէր շատ չանցած պատերազմի ձեռնարկեց, ինչպէս հրեշտակը ճշգրտօրէն նախագուշակած էր. «Իր բանակներէն ոմանք պիտի երեւին [«անոր կողմէն բազուկներ պիտի կայնին», Արեւմտահայերէն Թարգմանութիւն] եւ պղծեն տաճարը եւ բերդը ու պիտի վերցնեն մշտնջենապէս այրուող զոհը»։ (Դանիէլ 11։31ա) «Բազուկներ»ը՝ Բ. Աշխարհամարտին հարաւի թագաւորին դէմ պատերազմելու համար, հիւսիսի թագաւորին գործածած զինուորական ուժերն էին։ Նացի «բազուկներ»ը Լեհաստան ներխուժեցին 1 Սեպտեմբեր 1939–ին։ Երկու օր ետք, Բրիտանիան եւ Ֆրանսան պատերազմ յայտարարեցին Գերմանիոյ դէմ, Լեհաստանի օգնելու համար։ Այս կերպով սկսաւ Համաշխարհային Բ. Պատերազմը։ Լեհաստան շուտով խորտակուեցաւ եւ անկէ ետք գերմանական ուժերը գրաւեցին Տանըմարքան, Նորվեկիան, Հոլանտան, Պելճիքան, Լիւքսէմպուրկը եւ Ֆրանսան։ Տը Ուորլտ Պուք Ինսայգլոբիտիա–ն կ’ըսէ. «1941–ի վերջաւորութեան, Նացի Գերմանիան ամբողջ ցամաքամասին կը տիրէր»։
21. Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին հոսանքը ի՞նչպէս հիւսիսի թագաւորին դէմ դարձաւ եւ ի՛նչ հետեւանքով։
21 Հակառակ անոր որ Գերմանիան ու Սովետական Միութիւնը Բարեկամութեան, Համագործակցութեան եւ Սահմանագծումի Պայմանագիր մը ստորագրած էին, Հիթլէր սովետական թաղամասը ներխուժեց, 22 Յունիս 1941–ին։ Այս քայլը պատճառ եղաւ որ Սովետական Միութիւնը Բրիտանիոյ կողմը անցնի։ Հակառակ անոր որ գերմանական ուժերը ուշագրաւօրէն յառաջացած էին, սկիզբը սովետական բանակը զօրաւոր կերպով ընդդիմացաւ։ Գերմանական բանակը Մոսկուայի մօտակայքը ջախջախիչ պարտութիւն մը կրեց 6 Դեկտեմբեր 1941–ին։ Յաջորդ օրը, Գերմանիոյ դաշնակից Ճափոնը ռմբակոծեց Փըրլ Հարպըրը, Հաուայիի մէջ։ Այս մասին տեղեկանալով, Հիթլէր իր օգնականներուն ըսաւ. «Հիմա այլեւս անկարելի է որ պատերազմը կորսնցնենք»։ 11 Դեկտեմբերին ան հապճեպով պատերազմ յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու դէմ, թերագնահատելով Սովետական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու հաւաքական ոյժը։ Սովետական բանակը արեւելքէն, իսկ բրիտանական ու ամերիկեան ուժերը արեւմուտքէն յարձակելով, իսկոյն հոսանքը Հիթլէրի դէմ դարձաւ։ Գերմանական ուժերը մէկը միւսին ետեւէն կորսնցուցին իրենց հողամասերը։ Հիթլէրի անձնասպանութենէն ետք, Գերմանիան անձնատուր եղաւ Դաշնակիցներուն, 7 Մայիս 1945–ին։
22. Հիւսիսի թագաւորը ի՞նչպէս ‘պղծեց սրբարանը եւ մշտնջենապէս այրուող զոհը վերցուց’։
22 Հրեշտակը ըսաւ որ «[Նացի բանակները] պիտի պղծեն տաճարը [«սրբարանը», Արեւմտահայերէն Թարգմանութիւն] եւ բերդը ու պիտի վերցնեն մշտնջենապէս այրուող զոհը»։ Երբեմնի Յուդայի մէջ, սրբարանը Երուսաղէմի տաճարին մաս կը կազմէր։ Բայց երբ Հրեաները մերժեցին Յիսուսը, Եհովա զիրենք ու իրենց տաճարը մերժեց։ (Մատթէոս 23։37–24։2) Հ.Դ. առաջին դարէն ի վեր, Եհովա հոգեւոր տաճար մը ունի, որու սրբութիւն սրբութեանցը երկնքի մէջ է, իսկ երկրի վրայ հոգեւոր գաւիթ մը ունի, ուր Յիսուսի՝ Քահանայապետին, օծեալ եղբայրները կը ծառայեն։ 1930–ական թուականներէն ասդին, ‘մեծ բազմութեան’ անդամները օծեալ մնացորդին ընկերակցութեամբ պաշտամունք կը մատուցանեն, եւ հետեւաբար անոնց մասին ըսուած է որ ‘Աստուծոյ տաճարին’ մէջ կը ծառայեն։ (Յայտնութիւն 7։9, 15. 11։1, 2. Եբրայեցիս 9։11, 12, 24) Իր հսկողութեան ներքեւ եղող երկիրներուն մէջ, հիւսիսի թագաւորը տաճարին երկրային գաւիթը պղծեց, անողոքաբար հալածելով օծեալ մնացորդը եւ անոր ընկերակիցները։ Հալածանքը ա՛յնքան խիստ էր որ «մշտնջենապէս այրուող զոհը»՝ Եհովայի անուան համար եղած հանրային փառաբանութեան զոհը՝ վերցուեցաւ։ (Եբրայեցիս 13։15) Հակառակ սարսափելի տառապանքներու, սակայն, հաւատարիմ օծեալ Քրիստոնեաները «ուրիշ ոչխարներ»ուն հետ շարունակեցին քարոզել Բ. Աշխարհամարտի տեւողութեան։—Յովհաննու 10։16
‘Պղծութիւնը Իր Տեղը կը Դրուի’
23. Առաջին դարուն ի՞նչ էր «պղծութիւնը»։
23 Երբ Երկրորդ Աշխարհամարտի վախճանը հորիզոնին վրայ էր, ուրիշ բան մը մէջտեղ եկաւ, ինչպէս Աստուծոյ հրեշտակը նախագուշակած էր։ «Անոր տեղ աւերող պղծութիւնը պիտի դնեն»։ (Դանիէլ 11։31բ) Յիսուս ալ ‘պղծութեան’ մասին խօսած էր։ Առաջին դարուն, անիկա փաստացիօրէն հռովմէական բանակն էր որ Երուսաղէմ եկաւ Հ.Դ. 66–ին, հրէական ապստամբութիւնը մարելու համար։ * —Մատթէոս 24։15. Դանիէլ 9։27
24, 25. (ա) Արդի օրերուն ի՞նչ է «պղծութիւնը»։ (բ) Ե՞րբ եւ ի՛նչպէս ‘պղծութիւնը դրուեցաւ’։
24 Արդի ժամանակներուն, ի՞նչ «պղծութիւն» ‘իր տեղը դրուած է’։ Երեւութապէս անիկա Աստուծոյ Թագաւորութեան տեղը առնող կեղծիք մըն է։ Անիկա Ազգերու Դաշնակցութիւնն էր, կարմիր գազանը, որ անդունդը գնաց, կամ գոյութենէ դադրեցաւ որպէս աշխարհի խաղաղութիւնը պահող կազմակերպութիւն մը, երբ Երկրորդ Աշխարհամարտը ծագեցաւ։ (Յայտնութիւն 17։8) «Գազանը» սակայն, ‘անդունդէն պիտի ելլէր’։ Իրապէս ալ ելաւ, երբ Միացեալ Ազգերը 50 անդամ ազգերով՝ մէջը ըլլալով նախկին Սովետական Միութիւնը՝ հաստատուեցաւ 24 Հոկտեմբեր 1945–ին։ Այս կերպով, հրեշտակին նախագուշակած «պղծութիւն»ը՝ Միացեալ Ազգերը՝ իր տեղը դրուեցաւ։
25 Գերմանիան հարաւի թագաւորին գլխաւոր թշնամին եղաւ երկու աշխարհամարտերու ընթացքին, եւ հիւսիսի թագաւորին դիրքը գրաւեց։ Յաջորդիւ ո՞վ պիտի գրաւէ այդ դիրքը։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 9 Տես այս գրքին 6–րդ Գլուխը։
^ պարբ. 17 Հռովմէական Սրբազան Կայսրութիւնը առաջին ռայխն էր, իսկ Գերմանական Կայսրութիւնը՝ երկրորդը։
^ պարբ. 23 Տես այս գրքին 11–րդ Գլուխը։
Ի՞ՆՉ ԸՄԲՌՆԵՑԻՔ
• ԺԹ. դարու վերջաւորութեան, ո՞ր ուժերը լեցուցին հիւսիսի թագաւորին ու հարաւի թագաւորին դերերը։
• Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին, հիւսիսի թագաւորին համար պայքարին արդիւնքը ի՞նչպէս ‘վերջինը առաջինին պէս չեղաւ’։
• Առաջին Աշխարհամարտէն ետք, Հիթլէր ի՞նչպէս Գերմանիան աշխարհի թատերաբեմին վրայ նկատելի ոյժ մը դարձուց։
• Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին, հիւսիսի թագաւորին ու հարաւի թագաւորին միջեւ մրցակցութեան արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Ցուցակ/Նկարներ՝ էջ 268]
ԴԱՆԻԷԼ 11։27-31–Ի ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐԸ
Հիւսիսի Հարաւի
Թագաւորը Թագաւորը
Դանիէլ 11։27-30ա Գերմանական Կայսրութիւն Բրիտանիա, որու յաջորդեց
(Առաջին Աշխարհամարտ) Անգլօ–Ամերիկեան
Աշխարհակալ Ոյժը
Դանիէլ 11։30բ, 31 Հիթլէրի Երրորդ Ռայխը Անգլօ–Ամերիկեան
(Երկրորդ Աշխարհամարտ) Աշխարհակալ Ոյժը
[Նկար]
Նախագահ Ուուտրօ Ուիլսըն՝ Ճորճ Ե. Թագաւորին հետ
[Նկար]
Բազմաթիւ Քրիստոնեաներ հալածուեցան կեդրոնացման ճամբարներու մէջ
[Նկար]
Քրիստոնեայ Աշխարհի առաջնորդները սատար կանգնեցան Հիթլէրի
[Նկար]
Ինքնաշարժը՝ որու մէջ Արքիդուքս Ֆերտինանտ սպաննուեցաւ
[Նկար]
Գերմանացի զինուորներ, Առաջին Աշխարհամարտ
[Նկար՝ էջ 257]
Եալթայի մէջ, 1945–ին Բրիտանիոյ Վարչապետ Ուինսթըն Չըրչիլ, Մ.Ն. Նախագահ՝ Ֆրանքլին Ռուզվէլթ եւ Սովետական Միութեան Պետը՝ Ճոզէֆ Սթալին, համաձայնութիւններ կնքեցին, Գերմանիան գրաւելու, Լեհաստանի մէջ նոր կառավարութիւն մը կազմելու եւ Միացեալ Ազգերը հաստատելու համար խորհրդաժողով մը գումարելու համար
[Նկարներ՝ էջ 258]
1. Արքիդուքս Ֆերտինանտ 2. Գերմանական նաւատորմ 3. Բրիտանական նաւատորմ 4. Լուսիթանիա 5. Մ.Ն. պատերազմի յայտարարութիւնը
[Նկարներ՝ էջ 263]
Գերմանիոյ պատերազմի դաշնակիցը՝ Ճափոն, Փըրլ Հարպըրը ռմբակոծելէն ետք, Ատոլֆ Հիթլէր յաղթանակէն վստահ եղաւ