Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 52

Յիսուս հրաշքով հազարաւորներ կը կերակրէ

Յիսուս հրաշքով հազարաւորներ կը կերակրէ

Յիսուսին 12 առաքեալները շատ կ’ուրախանան Գալիլիայի մէջ քարոզելով եւ կու գան իրեն կը պատմեն «ամէն ինչ որ ըրին եւ ինչ որ սորվեցուցին»։ Անկասկած անոնք յոգնած են. բայց Յիսուսին քով եկող–գացողները ա՛յնքան շատ են, որ առաքեալները ուտելու ժամանակ չունին։ Անոր համար Յիսուս անոնց կ’ըսէ. «Եկէք դուք առանձին անապատ մը եւ քիչ մը հանգչեցէք» (Մարկոս 6։30, 31

Հաւանաբար Կափառնայումի մօտ, անոնք նաւակ մը կ’առնեն եւ կ’երթան «անապատ», այսինքն՝ ամայի շրջան մը, որ կը գտնուի Յորդանան գետին արեւելեան կողմը՝ Բեթսայիդայէն անդին։ Բայց շատեր կը տեսնեն որ Յիսուս իր առաքեալներուն հետ կը հեռանայ, իսկ ուրիշներ ալ ատոր մասին կը լսեն։ Անոնք ծովեզերեայ ճամբով կը վազեն դէպի հոն՝ ուր Յիսուս կ’ուղղուի եւ իրմէ առաջ կը հասնին։

Երբ Յիսուս նաւակէն իջնելով մարդիկը կը տեսնէ՝ անոնց վրայ կը խղճայ, քանի որ հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս են։ Անոր համար կը սկսի անոնց ‘շատ բաներ սորվեցնել’ Թագաւորութեան մասին (Մարկոս 6։34)։ Յիսուս նաեւ ‘կը բժշկէ անոնք՝ որոնք բժշկութեան կարօտ են’ (Ղուկաս 9։11)։ Ժամանակ մը ետք, աշակերտները Յիսուսին կ’ըսեն. «Հոս անապատ տեղ մըն է եւ ժամանակը ուշացած է. արձակէ ժողովուրդը, որպէս զի գիւղերը երթան ու իրենց կերակուր գնեն» (Մատթէոս 14։15

Յիսուս անոնց կը պատասխանէ. «Հարկ չէ որ ատոնք երթան, դուք տուէք անոնց որ ուտեն» (Մատթէոս 14։16)։ Թէեւ Յիսուս գիտէ ինչ պիտի ընէ, ան Փիլիպպոսը կը փորձէ՝ հարցնելով. «Ուրկէ՞ հաց ծախու առնենք, որպէս զի ատոնք ուտեն»։ Ան Փիլիպպոսի՛ն կը հարցնէ այս հարցումը, քանի որ Փիլիպպոս Բեթսայիդայէն է։ Բայց արդեօք հաց գնելը կը լուծէ՞ հարցը։ Հոն մօտ 5000 տղամարդ կայ. եւ եթէ կիներն ու երեխաներն ալ հաշուի առնուին, հոն հաւաքուողներուն ընդհանուր թիւը 10,000–ը կ’անցնի։ Փիլիպպոս կը պատասխանէ. «Երկու հարիւր դահեկանի [մէկ դահեկանը մէկ օրուան աշխատավարձ է] հաց չի բաւեր, որպէս զի ամէն մէկը քիչ մը առնէ» (Յովհաննէս 6։5-7

Իսկ Անդրէասը, որ թերեւս կ’ուզէ ցոյց տալ որ անկարելի է ա՛յդքան մարդ կերակրել, կ’ըսէ. «Հոս պատանի մը կայ, որ հինգ գարիէ հաց ու երկու ձուկ ունի, բայց անոնք ի՞նչպէս պիտի բաւեն այդչափ մարդոց» (Յովհաննէս 6։9

Այս դէպքը տեղի կ’ունենայ գարնան՝ Ք.Ե.32–ի Պասեքէն քիչ առաջ, երբ գետինը կանաչ խոտով ծածկուած է։ Յիսուս իր աշակերտներուն կ’ըսէ որ ժողովուրդը 50-50 եւ 100-100 նստեցնեն խոտին վրայ։ Իսկ ինք 5 հացերը եւ երկու ձուկերը կ’առնէ եւ Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնէ։ Ետքը հացերը կը կտրէ եւ ձուկերը կը բաժնէ ու կու տայ իր աշակերտներուն եւ իր աշակերտները՝ մարդոց։ Զարմանալիօրէն ամէն մարդու բաժին կ’ելլէ եւ բոլորը կը կշտանան։

Ետքը Յիսուս իր աշակերտներուն կ’ըսէ. «Ժողվեցէ՛ք աւելցած կտորուանքները, որպէս զի բան մը չկորսուի» (Յովհաննէս 6։12)։ Եւ մնացած ուտելիքով 12 կողով կը լեցուի։