Յիսուսը ընդօրինակելու համար, եղիր՝
ԿԱՐԵԿԻՑ
Հակառակ անոր որ Յիսուս կատարեալ էր եւ ուրիշներու պէս շատ մը նեղութիւններ եւ մտահոգութիւններ չունէր, մարդոց հանդէպ կարեկից գտնուեցաւ։ Ան յօժար էր անոնց համար զոհողութիւններ ընելու, եւ նոյնիսկ՝ պահանջուածէն աւելին կատարելու։ Այո, կարեկցութենէ մղուած՝ ան օգնեց ուրիշներուն։ Տե՛ս ասոր մասին օրինակներ այս դասերուն մէջ. 32, 37, 57, 99։
ՄԱՐԴԱՄՕՏ
Թէ՛ մեծերը եւ թէ պզտիկները զգացին, որ կրնան Յիսուսին մօտենալ, քանի որ անոնց չզգացուց որ գերադաս է կամ շատ զբաղած է։ Մարդիկ շօշափեցին որ Յիսուս իրենցմով հետաքրքրուած է, եւ անոր համար իր ներկայութեան շատ հանգիստ կը զգային։ Տե՛ս ասոր մասին օրինակներ այս դասերուն մէջ. 25, 27, 95։
ԱՂՕԹԱՍԷՐ
Յիսուս միշտ իր Հօր դիմեց անկեղծ աղօթքով, թէ՛ առանձին եւ թէ երբ ուրիշներու հետ էր։ Ան տարբեր առիթներով աղօթեց, ոչ միայն ճաշի ատեն։ Ան աղօթեց իր Հօր շնորհակալութիւն յայտնելու, զինք փառաբանելու եւ անոր ուղղութիւնը խնդրելու համար՝ կարեւոր որոշումներ առնելէ առաջ։ Տե՛ս ասոր մասին օրինակներ այս դասերուն մէջ. 24, 34, 91, 122, 123։
ԱՆՁՆԱԶՈՀ
Երբեմն Յիսուս հանգիստի պէտք ունէր, բայց նոյնիսկ այդ պահերուն՝ ուրիշներուն պէտքերը իր պէտքերէն առաջ դասեց։ Ան անձնասէր չէր։ Ասոր մէջ ալ ան մեզի հոյակապ օրինակ է։ Տե՛ս օրինակներ՝ այս դասերուն մէջ. 19, 41, 52։
ՆԵՐՈՂ
ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ
Մարգարէացուած էր որ հրեաներուն մեծամասնութիւնը պիտի մերժէր Մեսիան եւ իր թշնամիները պիտի սպաննէին զինք։ Ուրեմն Յիսուս կրնար պարզապէս իր նուազագոյնը ընել մարդոց համար։ Բայց կը տեսնենք որ ան նախանձախնդրօրէն ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջ մղեց։ Ան շատ լաւ օրինակ հանդիսացաւ բոլոր իր հետեւորդներուն, որոնք անտարբերութիւն կամ նոյնիսկ հակառակութիւն պիտի դիմագրաւէին։ Տե՛ս այս դասերը. 16, 72, 103։