ԴԱՍ 67
«Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ»
ՍՊԱՍԱՒՈՐՆԵՐ Կ’ՈՒՂԱՐԿՈՒԻՆ ՅԻՍՈՒՍԸ ԲՌՆԵԼՈՒ
ՆԻԿՈԴԷՄՈՍԸ ՅԻՍՈՒՍԻՆ Ի ՆՊԱՍՏ ԿԸ ԽՕՍԻ
Յիսուս դեռ Երուսաղէմի մէջ է Տաղաւարահարաց տօնին առթիւ։ Ան ուրախ է որ ‘շատեր կը հաւատան իրեն’։ Անշուշտ հրեայ կրօնական առաջնորդները ուրախ չեն։ Անոնք Յիսուսը բռնելու համար կ’ուղարկեն սպասաւորներ, որոնք կը ծառայեն որպէս կրօնական ոստիկաններ (Յովհաննէս 7։31, 32)։ Բայց Յիսուս չի փորձեր անոնցմէ պահուըտիլ։
Ընդհակառակը, Յիսուս կը շարունակէ հանրապէս սորվեցնել Երուսաղէմի մէջ, ըսելով. «Քիչ մը ժամանակ ալ ձեզի հետ եմ, ապա պիտի երթամ անոր որ զիս ղրկեց։ Զիս պիտի փնտռէք ու պիտի չգտնէք եւ իմ եղած տեղս դուք չէք կրնար գալ» (Յովհաննէս 7։33, 34)։ Հրեաները չեն հասկնար թէ Յիսուս ի՛նչ ըսել կ’ուզէ, անոր համար իրարու կը հարցնեն. «Ո՞ւր պիտի երթայ ատիկա, որ մենք զինք պիտի չգտնենք. միթէ հեթանոսներուն մէջ ցիրուցան եղածներո՞ւն պիտի երթայ եւ հեթանոսներո՞ւն պիտի սորվեցնէ։ Ի՞նչ է այն խօսքը որ ըսաւ. ‘Զիս պիտի փնտռէք եւ պիտի չգտնէք եւ իմ եղած տեղս դուք չէք կրնար գալ’» (Յովհաննէս 7։35, 36)։ Մինչդեռ Յիսուս կը խօսի իր մահուան, յարութեան եւ երկինք համբառնալուն մասին, ուր իր թշնամիները չեն կրնար երթալ։
Տօնին եօթներորդ օրն է։ Տօնին եօթը օրերուն, քահանայ մը ամէն առտու Սելովամի աւազանէն ջուր կ’առնէր ու տաճարի զոհասեղանին վրայ կը հոսեցնէր։ Հաւանաբար, մարդոց յիշեցնելով այս արարողութիւնը, Յիսուս բարձր ձայնով կ’ըսէ. «Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ։ Ան՝ որ ինծի հաւատայ՝ ինչպէս գիրքը կ’ըսէ. ‘Անոր փորէն կենդանի ջուրի գետեր պիտի բղխին’» (Յովհաննէս 7։37, 38)։
Յիսուս այս խօսքերով կ’ըսէ թէ ինչ պիտի պատահի, երբ իր աշակերտները սուրբ հոգիով օծուին եւ երկնային կեանքի յոյսը ձեռք ձգեն։ Ասիկա տեղի պիտի ունենայ իր մահէն ետք, յաջորդ տարուան Պէնտէկոստէին։ Այդ օրը, հոգիէն օծուած աշակերտները պիտի սկսին ճշմարտութիւնը բաժնել մարդոց հետ եւ այդ ատեն «կենդանի ջուրի գետեր» պիտի սկսին բխիլ։
Այս խօսքերը լսելով՝ ոմանք կը պատասխանեն. «Իրաւցնէ ասիկա է մարգարէն»։ Այնպէս կ’երեւի որ անոնք ի մտի ունին Մովսէսէն աւելի մեծ մարգարէն, որուն մասին նախապէս գրուած էր։ Ուրիշներ կ’ըսեն. «Ասիկա է Քրիստոսը»։ Իսկ ուրիշներ ալ կ’ըսեն. «Միթէ Քրիստոսը Գալիլիայէ՞ն պիտի գայ։ Չէ՞ որ գիրքը կ’ըսէ թէ Քրիստոս Դաւիթին սերունդէն ու Դաւիթին եղած գիւղէն Բեթլեհէմէն պիտի գայ» (Յովհաննէս 7։40-42)։
Ուրեմն ժողովուրդը բաժնուած է։ Ճիշդ է որ ոմանք կ’ուզեն Յիսուսը ձերբակալել, բայց մէ՛կը չի համարձակիր այդ քայլը առնել։ Երբ սպասաւորները առանց Յիսուսին կը վերադառնան կրօնական առաջնորդներու քով, քահանայապետներն ու փարիսեցիները կը հարցնեն. «Ինչո՞ւ զանիկա հոս չբերիք»։ Սպասաւորները կը պատասխանեն. «Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ»։ Այն ատեն առաջնորդները բարկացած՝ ծաղրական եւ անարգական ոճով կ’ըսեն. «Միթէ դո՞ւք ալ մոլորեցաք։ Իշխաններէն կամ փարիսեցիներէն մէկը հաւատա՞ց անոր. բայց այս ռամիկ ժողովուրդը՝ որ օրէնքը չեն գիտեր, նզովուած են» (Յովհաննէս 7։45-49)։
Այդ ժամանակ, Նիկոդէմոսը որ փարիսեցի է ու Սենետրիոնի անդամ, համարձակօրէն Յիսուսին ի նպաստ կը խօսի։ Մօտ երկուքուկէս տարի առաջ, Նիկոդէմոս գիշերով Յիսուսին քով եկաւ եւ ցոյց տուաւ որ իրեն կը հաւատար։ Հիմա ան կ’ըսէ. «Միթէ մեր օրէնքը մարդ կը դատէ՞, եթէ առաջ անկէ բան մը չլսէ եւ չգիտնայ թէ ի՞նչ կ’ընէ»։ Անոնք պաշտպանողական ոճով կը պատասխանեն. «Միթէ դո՞ւն ալ Գալիլիայէն ես. քննէ՛ ու նայէ՛, որ Գալիլիայէն մարգարէ չ’ելլեր» (Յովհաննէս 7։51, 52)։
Սուրբ Գրութիւնները ուղղակիօրէն չեն ըսեր, որ մարգարէ մը պիտի գար Գալիլիայէն։ Բայց Աստուծոյ Խօսքին մէկ մարգարէութիւնը ըսած էր, որ «Հեթանոսներու Գալիլիան» պիտի տեսնէր «մեծ լոյս» մը, ինչ որ ցոյց կու տար որ Քրիստոսը հոնկէ պիտի գար (Եսայի 9։1, 2. Մատթէոս 4։13-17)։ Ասկէ զատ, ինչպէս մարգարէացուած էր, Յիսուս ծնաւ Բեթլեհէմի մէջ եւ Դաւիթի սերունդէն է։ Թէեւ փարիսեցիները կրնայ ըլլալ որ ասիկա գիտեն, հաւանաբար իրե՛նք են որ Յիսուսին մասին սխալ գաղափարներ կը տարածեն մարդոց մէջ։