ԴԱՍ 93
Որդին մարդոյ պիտի յայտնուի
ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐԵՆՑ ՄԷՋ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ
Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԵՐԲ ՅԻՍՈՒՍ ՅԱՅՏՆՈՒԻ
Մինչ Յիսուս դեռ Սամարիայի կամ Գալիլիայի մէջ է, փարիսեցիները իրեն կը հարցնեն Թագաւորութեան գալուն մասին։ Անոնք կը կարծեն որ ատիկա մեծ ու փառաւոր արարողութեամբ պիտի գայ։ Բայց Յիսուս կ’ըսէ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը դրսէն երեւցած բաներով չի գար։ Օր մըն ալ պիտի չըսեն թէ ‘Ահա հոս է’, կամ ‘Ահա՝ հոն’, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր ներսիդին է [«ձեր մէջ կը գտնուի», ՆԹ]» (Ղուկաս 17։20, 21)։
Ոմանք թերեւս եզրակացնեն որ Յիսուս ըսել կ’ուզէ որ Թագաւորութիւնը Աստուծոյ ծառաներուն սրտին մէջ կ’իշխէ։ Բայց պարագան այդպէս չէ, քանի որ չի կրնար ըլլալ որ Թագաւորութիւնը գտնուի փարիսեցիներուն սրտին մէջ, որոնց Յիսուս կը խօսի։ Բայց ատիկա անոնց մէջ կը գտնուի, քանի որ Աստուծոյ Թագաւորութեան նշանակուած Թագաւորը՝ Յիսուս, ճիշդ իրենց մէջ կը գտնուի (Մատթէոս 21։5)։
Հաւանաբար փարիսեցիներուն երթալէն ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն յաւելեալ մանրամասնութիւններ կու տայ Թագաւորութեան գալուն մասին։ Թագաւորական զօրութեամբ իր ներկայութեան մասին խօսելով, նախ կը զգուշացնէ. «Օրեր պիտի գան երբ դուք Որդի մարդոյ օրերէն մէկը տեսնելու պիտի փափաքիք ու պիտի չտեսնէք» (Ղուկաս 17։22)։ Յիսուս ցոյց կու տայ որ Որդի մարդոյ թագաւորական իշխանութիւնը ապագային պիտի ըլլայ։ Այդ ժամանակը հասնելէ առաջ, կարգ մը աշակերտներ անհամբեր պիտի ուզեն գիտնալ, որ ատիկա երբ պիտի պատահի, բայց պէտք է շարունակեն սպասել, մինչեւ որ Որդին մարդոյ համար Աստուծոյ նշանակած ժամանակը գայ։
Յիսուս կը շարունակէ. «Եւ եթէ ըսեն ձեզի թէ ‘Ահա հոս է’, կամ ‘Ահա՝ հոն’, մի՛ երթաք ու անոնց մի՛ հետեւիք։ Վասն զի ինչպէս փայլակը երկնքին տակ մէկ դիէն փայլատակելով՝ մինչեւ երկնքի տակ միւս դին լոյս կու տայ, նոյնպէս պիտի ըլլայ Որդին մարդոյ իր գալուն օրը» (Ղուկաս 17։23, 24)։ Յիսուսին աշակերտները ինչպէ՞ս պիտի կրնան զգոյշ ըլլալ, որ կեղծ մեսիաներու չհետեւին։ Յիսուս կ’ըսէ որ ճշմարիտ Մեսիային գալը պիտի ըլլայ փայլակի կամ կայծակի պէս, որ կը տեսնուի լայն տարածութեան մը վրայ։ Թագաւորական զօրութեամբ իր ներկայութեան ապացոյցը յստակ կերպով պիտի տեսնեն բոլոր անոնք՝ որոնք արթուն են։
Ետքը Յիսուս բաղդատութիւններ կ’ընէ անցեալ դէպքերու հետ, որոնք ցոյց կու տան թէ մարդիկ ինչպիսի՛ անհատներ պիտի ըլլան այդ ապագայ օրերուն. «Ինչպէս Նոյին օրերը եղաւ, այնպէս պիտի ըլլայ Որդի մարդոյ օրերն ալ. . . Նմանապէս՝ ինչպէս Ղովտին օրերը եղաւ։ Կ’ուտէին, կը խմէին, ծախու կ’առնէին, կը ծախէին, կը տնկէին, կը շինէին. բայց այն օրը երբ Ղովտ Սոդոմէն ելաւ, երկնքէն կրակ ու ծծումբ տեղաց եւ բոլորն ալ կորսնցուց։ Նոյնպէս պիտի ըլլայ այն օրը, երբ Որդին մարդոյ յայտնուի» (Ղուկաս 17։26-30)։
Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ մարդիկ Նոյին օրերուն եւ Ղովտին օրերուն բնաջնջուեցան, պարզապէս քանի որ առօրեայ բաներ կ’ընէին, ինչպէս՝ ուտել, խմել, գնել, ծախել, ցանել եւ շինել։ Նոյը, Ղովտը եւ անոնց ընտանիքներն ալ այսպիսի բաներ կ’ընէին։ Բայց այդ օրերուն մարդիկ այս առօրեայ բաները կ’ընէին առանց ուշադրութիւն դարձնելու Աստուծոյ կամքին կամ հասկնալու թէ ինչպիսի՛ օրերու մէջ կ’ապրէին։ Անոր համար, Յիսուս իր աշակերտները կը խրատէ, որ Աստուծոյ կամքին ուշադրութիւն դարձնեն եւ զայն կատարելով զբաղած մնան։ Այսպիսով, ան ցոյց կու տայ Աստուծոյ բերելիք կործանումէն փրկուելու միջոցը։
Աշակերտները պէտք է զգոյշ ըլլան, որ չտարուին աշխարհային բաներով։ Յիսուս կ’ըսէ. «Այն օրը ան որ տանիքին վրայ է եւ իր կարասիները տանը մէջ, թող վար չիջնէ զանոնք առնելու եւ ան որ արտին մէջ է, նոյնպէս թող ետ չդառնայ։ Մտքերնիդ բերէք Ղովտին կինը» (Ղուկաս 17։31, 32)։ Ան աղի արձան դարձաւ։
Յիսուս կը շարունակէ նկարագրել թէ ի՛նչ պիտի պատահի, երբ Որդին մարդոյ ապագային իշխէ որպէս Թագաւոր։ Ան կ’ըսէ. «Այն գիշերը եթէ երկու հոգի մէկ անկողնի մէջ ըլլան, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի» (Ղուկաս 17։34)։ Ուրեմն ոմանք պիտի փրկուին, իսկ ուրիշներ պիտի ‘ձգուին’, այսինքն՝ իրենց կեանքը պիտի կորսնցնեն։
Աշակերտները կը հարցնեն. «Տէ՛ր, ո՞ւր պիտի ըլլայ այս բանը»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Ուր մարմին կայ, հոն պիտի ժողվուին արծիւները» (Ղուկաս 17։36, 37)։ Այո, հաւատարիմ աշակերտները հեռատես արծիւներու պիտի նմանին, որոնք պիտի ճանչնան ճշմարիտ Քրիստոսը՝ Որդին մարդոյ, եւ անոր շուրջ պիտի ժողվուին։ Այդ ժամանակ, Յիսուս փրկարար ճշմարտութիւնը պիտի յայտնէ իր հաւատարիմ աշակերտներուն։