ԴԱՍ 115
Յիսուսի վերջին Պասեքը կը մօտենայ
ՄԱՏԹԷՈՍ 26։1-5, 14-19 ՄԱՐԿՈՍ 14։1, 2, 10-16 ՂՈՒԿԱՍ 22։1-13
ՅՈՒԴԱ ԻՍԿԱՐԻՈՎՏԱՑԻՆ ԴՐԱՄ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ՈՐ ՅԻՍՈՒՍԸ ՄԱՏՆԷ
ԵՐԿՈՒ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐ ՊԱՍԵՔԻՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՏԵՍՆԵՆ
Ձիթենեաց լերան վրայ, Յիսուս կը վերջացնէ իր չորս առաքեալներուն սորվեցնելը եւ իր ապագայ ներկայութեան եւ աշխարհի վախճանին մասին անոնց հարցումին պատասխան տալը։
Նիսան 11–ը շատ խճողուած օր էր։ Թերեւս Բեթանիա վերադառնալու ատեն,– հոն գիշերելու համար,– Յիսուս առաքեալներուն կ’ըսէ. «Գիտէք թէ երկու օր յետոյ զատիկ պիտի ըլլայ եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի» տանջանքի ցիցին վրայ գամուելու (Մատթէոս 26։2)։
Այնպէս կ’երեւի որ Յիսուս յաջորդ օրը՝ չորեքշաբթի՝ իր առաքեալներուն հետ կ’անցընէ։ Երեքշաբթի օրը ան կրօնական առաջնորդները յանդիմանած էր, ամէնուն առջեւ զանոնք քօղազերծելով։ Անոնք առիթը կը փնտռեն որ զինք սպաննեն։ Անոր համար, Յիսուս նիսան 12–ին մարդոց մէջ չի մտներ, որպէսզի կարենայ Պասեքը տօնել յաջորդ օրը, երբ նիսան 14–ը սկսի արեւամուտէն ետք։
Բայց Պասեքէն առաջ քահանայապետները եւ ժողովուրդին ծերերը ձեռքերնին ծալած չեն նստիր։ Անոնք Կայիափա քահանայապետին տան սրահը կը հաւաքուին։ Ինչո՞ւ։ Անոնք բարկացած են, քանի որ Յիսուսին կողմէ քօղազերծուեցան։ Անոնք իրարու հետ կը խորհրդակցին, որ ‘նենգութեամբ Յիսուսը բռնեն ու մեռցնեն’։ Ե՞րբ ասիկա պիտի ընեն։ Կ’ըսեն. «Ո՛չ տօնին ատենը, որպէս զի ժողովուրդին մէջ խռովութիւն չըլլայ» (Մատթէոս 26։4, 5)։ Անոնք կը վախնան, քանի որ շատեր Յիսուսը կը հաւնին։
Մինչ այդ, կրօնական առաջնորդներուն կ’այցելէ մէկը։ Անոնք անակնկալի կու գան, որ այս այցելուն Յիսուսի առաքեալներէն մէկն է՝ Յուդա Իսկարիովտացին։ Սատանան անոր միտքին մէջ դրած է իր Տիրոջ դաւաճանելու գաղափարը։ Յուդան անոնց կը հարցնէ. «Ի՞նչ կու տաք ինծի, որ ձեզի մատնեմ զանիկա» (Մատթէոս 26։15)։ Ասիկա լսելով՝ անոնք այնքա՛ն կ’ուրախանան, որ կը խոստանան «անոր ստակ տալ» (Ղուկաս 22։5)։ Ո՞րքան։ Անոնք կը համաձայնին տալ 30 սիկղ արծաթ։ Հաւանաբար ատիկա այն 30 սիկղ արծաթն, որ ծառայի մը գինն է (Ելից 21։32)։ Այսքան ցած գին առաջարկելով՝ կրօնական առաջնորդները ցոյց կու տան, թէ որքա՜ն կ’արհամարհեն Յիսուսը։ Իսկ հիմա Յուդա Իսկարիովտացին կը սկսի ‘պատեհութիւն մը փնտռել, որպէս զի զանիկա մատնէ անոնց՝ դեռ բազմութիւնը չժողվուած’ (Ղուկաս 22։6)։
Նիսան 13–ը կը սկսի չորեքշաբթի արեւամուտէն ետք եւ ատիկա վերջին գիշերն է որ Յիսուս կ’անցընէ Բեթանիայի մէջ։ Յաջորդ օրը Պասեքին վերջին պատրաստութիւնները պիտի տեսնուին։ Պէտք է գառնուկ մը բերուի, որպէսզի երբ նիսան 14–ը սկսի, մորթուի եւ ամբողջութեամբ խորովուի։ Անոնք ո՞ւր պիտի ընթրեն եւ որո՞նք ատիկա պիտի պատրաստեն։ Յիսուս այդ մանրամասնութիւնները չի տար։ Անոր համար Յուդան չի կրնար ատոր մասին տեղեկութիւններ փոխանցել քահանայապետներուն։
Հինգշաբթի, հաւանաբար կէսօրէ ետք, Յիսուս Պետրոսը եւ Յովհաննէսը Բեթանիայէն Երուսաղէմ կը ղրկէ՝ ըսելով. «Գացէք պատրաստեցէք մեզի զատիկը, որպէս զի ուտենք»։ Անոնք կը հարցնեն. «Ո՞ւր կ’ուզես որ պատրաստենք»։ Յիսուս կը բացատրէ. «Երբ քաղաքը մտնէք, ձեզի մարդ մը պիտի պատահի, որ ուսին վրայ ջուրի սափոր մը ունի. անոր ետեւէն գացէք այն տունը, ուր ինք կը մտնէ։ Այն տանտիրոջ ըսէք. ‘Վարդապետը կ’ըսէ՝ «Ո՞ւր է օթեւանը ուր աշակերտներուս հետ մէկտեղ զատիկը կարենամ ուտել»’։ Ան ալ ձեզի յարդարուած մեծ վերնատուն մը պիտի ցուցնէ, հո՛ն պատրաստեցէք» (Ղուկաս 22։8-12)։
Անկասկած տանտէրը Յիսուսի աշակերտներէն մէկն է։ Ան հաւանաբար կ’ակնկալէ, որ Յիսուս իր տան մէջ Պասեքը տօնէ։ Անոր համար, երբ երկու առաքեալները կը հասնին Երուսաղէմ, ամէն բան Յիսուսին ըսածին պէս կ’ընթանայ։ Անոնք պէտք եղածը կ’ընեն, որ գառնուկը պատրաստ ըլլայ, եւ Պասեքին վերաբերեալ ուրիշ բաներ ալ կարգի կը դնեն։ Այսպիսով, ամէն բան պատրաստ է որ 13 հոգի,– Յիսուս եւ իր 12 առաքեալները,– Պասեքը տօնեն։