ԴԱՍ 105
Թզենիին օրինակով հաւատքի մասին դաս կը սորվեցնէ
ՄԱՏԹԷՈՍ 21։19-27 ՄԱՐԿՈՍ 11։19-33 ՂՈՒԿԱՍ 20։1-8
ՀԱՒԱՏՔԻ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍ՝ ՉՈՐՑԱԾ ԹԶԵՆԻԷՆ
ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՍԿԱԾԻ ՏԱԿ ԿԸ ԴՐՈՒԻ
Երկուշաբթի կէսօրէ ետք, Յիսուս Երուսաղէմէն ճամբայ կ’ելլէ դէպի Բեթանիա, որ Ձիթենեաց լերան արեւելեան լանջին վրայ կը գտնուի։ Ան հաւանաբար գիշերը կ’անցընէ իր ընկերներուն՝ Ղազարոսին, Մարիամին եւ Մարթային տան մէջ։
Հիմա նիսան 11–ի առտուն է։ Յիսուս եւ իր աշակերտները ճամբայ կ’ելլեն, որ ետ դառնան Երուսաղէմ, ուր ան վերջին անգամ ըլլալով տաճար պիտի երթայ։ Եւ այս օրը իր ծառայութեան վերջին օրն է։ Անկէ ետք, ան Պասեքը պիտի տօնէ, իր մահուան Յիշատակատօնը հաստատէ, դատաքննութեան ենթարկուի եւ մահուան մատնուի։
Անոնք Բեթանիայէն Երուսաղէմ կ’ուղղուին՝ Ձիթենեաց լեռը կտրելով։ Ճամբան, Պետրոս կը նկատէ նախորդ առաւօտուն Յիսուսին անիծած թզենին, եւ կ’ըսէ. «Ռաբբի՛, ահա՛ թզենին որ անիծեցիր՝ չորցեր է» (Մարկոս 11։21)։
Ինչո՞ւ Յիսուս ծառը չորցուց։ Ան պատճառը կու տայ իր պատասխանով. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Եթէ հաւատք ունենաք ու չերկմտիք, ոչ միայն այդ թզենիին եղածը պիտի ընէք, հապա նաեւ եթէ այս լերանը ըսէք ‘Ելի՛ր ու ծովը ինկիր’, պիտի իյնայ։ Ամէն ինչ որ աղօթքի մէջ հաւատքով կը խնդրէք, պիտի առնէք» (Մատթէոս 21։21, 22)։ Իր այս կէտը նոր գաղափար չէ։ Ան ասկէ առաջ ալ ըսած էր, որ հաւատքը կրնայ լեռ մը փոխադրել (Մատթէոս 17։19)։
Ծառը չորցնելով Յիսուս իր աշակերտներուն կը սորվեցնէ, թէ որքա՜ն կարեւոր է Աստուծոյ հաւատալ։ Ան կ’ըսէ. «Ի՛նչ բան որ աղօթքով կը խնդրէք, հաւատացէք թէ պիտի առնէք եւ պիտի ըլլայ ձեզի» (Մարկոս 11։24)։ Ասիկա ի՜նչ կարեւոր դաս է Յիսուսին բոլոր հետեւորդներուն համար, մանաւանդ՝ առաքեալներուն համար, որոնք մօտ օրէն դժուարութիւններ պիտի դիմագրաւեն։ Բայց թզենիին չորնալուն եւ հաւատք ունենալուն միջեւ ուրիշ կապ մըն ալ կայ։
Այս թզենիին պէս, իսրայէլ ազգը խաբէական տեսք ունի։ Այս ազգին անդամները ուխտով փոխյարաբերութիւն ունին Աստուծոյ հետ, եւ դուրսէն այնպէս կ’երեւին, որ իր Օրէնքը կը պահեն։ Բայց ազգը ընդհանուր առմամբ ցոյց տուած է, որ հաւատք չունի եւ լաւ պտուղ չի տար։ Անոնք նոյնիսկ Աստուծոյ Որդին կը մերժեն։ Անպտուղ թզենին չորցնելով՝ Յիսուս ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ այս անհաւատ եւ անպտղաբեր ազգին վախճանը։
Շատ չանցած, Յիսուս եւ իր աշակերտները Երուսաղէմ կը մտնեն։ Իր սովորութեան պէս, Յիսուս տաճարը կ’երթայ եւ սորվեցնելու կը սկսի։ Քահանայապետները եւ ծերերը, հաւանաբար ի մտի ունենալով այն ինչ որ Յիսուս մէկ օր առաջ ըրաւ դրամափոխներուն, անոր կը հարցնեն. «Ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընես այդ բաները եւ ո՞վ տուաւ քեզի այդ իշխանութիւնը, որ այդ բաները ընես» (Մարկոս 11։28)։
Յիսուս կը պատասխանէ. «Ես ալ ձեզի բան մը հարցնեմ, եթէ ինծի պատասխան տաք, ես ալ ձեզի պիտի ըսեմ թէ ի՛նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները։ Յովհաննէսին մկրտութիւնը երկինքէ՞ն էր՝ թէ մարդոցմէ։ Պատասխան տուէք ինծի»։ Հիմա իր հակառակորդնե՛րը նեղ պարագայի կը մատնուին։ Անոնք իրարու միջեւ կ’ըսեն. «Եթէ ըսենք՝ Երկնքէն, պիտի ըսէ, Հապա ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր. իսկ եթէ ըսենք՝ Մարդոցմէ». . . ։ Յստակ է որ անոնք ժողովուրդէն կը վախնային, քանի որ «ամէնքը գիտէին թէ Յովհաննէսը ճշմարտապէս մարգարէ էր» (Մարկոս 11։29-32)։
Յիսուսին հակառակորդները չեն կրնար յարմար պատասխան մը գտնել, անոր համար կ’ըսեն. «Չենք գիտեր»։ Յիսուսն ալ կ’ըսէ. «Ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները» (Մարկոս 11։33)։