Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ

Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ

Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ

Ի՞ՆՉ բան ձգեց որ ռասթաֆարական կրօնքի հետեւորդ մը իր երկար մազը կտրէ եւ ճերմակամորթներու դէմ իր ունեցած կեցուածքը փոխէ։ Եւ ի՞նչ բան օգնեց վայրագ երիտասարդի մը,– որ թմրեցուցիչ վաճառողներուն համար դրամ կը հաւաքէր,– որ իր ապրելակերպը փոխէ։ Նկատի առնենք անոնց փորձառութիւնները։

«Ունեցած նախապաշարումս յաղթահարեցի» (ՀԱՖԵՆԻ ՏԱՄԱ)

ՏԱՐԻՔ. 34

ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ. ԶԱՄՊԻԱ

ՆԱԽԱՊԷՍ. ՌԱՍԹԱՖԱՐԱԿԱՆ ԿՐՕՆՔԻ ՀԵՏԵՒՈՐԴ

ԱՆՑԵԱԼՍ։ Ծնած եմ գաղթակայանի մը մէջ, Զամպիա։ Մայրս պատերազմի ժամանակ Նամիպիայէն փախած էր եւ միացած էր «Հարաւ–արեւմտեան Ափրիկէի ժողովուրդներու կազմակերպութեան» (ՍՈՒԱՓՕ)։ Այս կազմակերպութիւնը կը պայքարէր Հարաւային Ափրիկէի կառավարութեան դէմ, որ այն ատեն Նամիպիոյ վրայ կ’իշխէր։

Կեանքիս առաջին 15 տարիները անցուցի քանի մը գաղթակայաններու մէջ։ Այդ գաղթակայաններուն մէջ, պատանիներուն կը սորվեցնէին առաջնորդութիւն առնել ՍՈՒԱՓՕ–ի մէջ, որ կը պայքարէր անկախութիւն ձեռք ձգելու համար։ Նաեւ, մեր մէջ կը զարգացնէին ատելութիւն ճերմակամորթներուն հանդէպ։

11 տարեկանիս ուզեցի քրիստոնեայ ըլլալ եւ պատկանիլ գաղթակայանին մէջ եղող եկեղեցիի մը։ Երբ խօսեցայ հոգեւոր հովիւին հետ, ան զիս չքաջալերեց որ այս քայլը առնեմ։ Անկէ ետք, անաստուած դարձայ։ 15 տարեկանիս, ռեկկէ երաժշտութիւնը շատ սիրեցի եւ ուզեցի սեւամորթ ափրիկեցիներուն կրած անարդարութեան վերջ դնել։ Անոր համար, ռասթաֆարական կրօնքի հետեւորդ եղայ։ Սկսայ մազս երկնցնել ու հիւսել, մարիխուանա ծխել, միս չուտել եւ ուրիշներուն խօսիլ սեւամորթներու ազատութեան մասին։ Բայց շարունակեցի անբարոյ կեանք վարել, վայրագ ֆիլմեր դիտել եւ աղտոտ լեզու գործածել։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։ 1995–ին, երբ շուրջ 20 տարեկան էի, սկսայ լրջօրէն մտածել թէ ինչպէ՛ս կ’ուզեմ կեանքս գործածել։ Կը ջանայի սերտել բոլոր ռասթաֆարական հրատարակութիւնները։ Ատոնցմէ ոմանք Աստուածաշունչէն մէջբերումներ կ’ընէին, բայց իրենց տուած բացատրութիւնները չէի հասկնար։ Անոր համար, որոշեցի Աստուածաշունչը անձամբ կարդալ։

Ետքը, ռասթաֆարական կրօնքի հետեւորդ եղող ընկերներէս մէկը ինծի տուաւ Աստուածաշունչը բացատրող գիրք մը, որ հրատարակուած էր Եհովայի վկաներուն կողմէ։ Այս գիրքը առանձին սերտեցի, Աստուածաշունչը գործածելով։ Անկէ ետք, Եհովայի վկաներուն ծանօթացայ եւ շարունակեցի իրենց հետ սերտել։

Մեծ ջանքեր թափելով, ծխելը եւ չափազանց խմելը կեցուցի (Բ. Կորնթացիս 7։1)։ Երեւոյթս փոխեցի, երկար մազս կտրեցի, պոռնկագրական եւ վայրագ ֆիլմեր դիտելէ ետ կեցայ եւ սկսայ մաքուր լեզու գործածել (Եփեսացիս 5։3, 4)։ Ի վերջոյ, նոյնիսկ ճերմակամորթներու նկատմամբ ունեցած նախապաշարումս յաղթահարեցի (Գործք 10։34, 35)։ Այս փոփոխութիւնները ընելու համար, պէտք էր չշարունակէի լսել այն երաժշտութիւնը, որ կը քաջալերէր ճերմակամորթները ատել, եւ այլեւս չընկերակցէի ընկերներուս հետ, որոնք կը փորձէին զիս վերադարձնել գէշ ապրելակերպիս։

Այդ փոփոխութիւնները ընելէ ետք, Թագաւորութեան սրահ մը փնտռեցի, քանի որ ուզեցի Եհովայի վկայ ըլլալ, եւ շարունակեցի անոնց հետ Աստուածաշունչը սերտել։ Ետքը, երբ որոշեցի մկրտուիլ, ընտանիքս չուրախացաւ։ Մայրս ինծի ըսաւ որ ընտրեմ որեւէ եկեղեցի, բայց ո՛չ Եհովայի վկաները։ Իսկ ազգականներէս մէկը, որ կառավարութեան մէջ բարձր դիրք ունէր, միշտ զիս կը քննադատէր առած որոշումիս համար, որ Եհովայի վկայ ըլլամ։

Սակայն, սորվելով թէ ինչպէ՛ս Յիսուս մարդոց հետ վարուեցաւ եւ ջանալով զինք ընդօրինակել, կրցայ հակառակութեան եւ քննադատութեան դիմանալ։ Եւ բաղդատելով Վկաներուն սորվեցուցածները Աստուածաշունչին ըսածներուն հետ, համոզուեցայ թէ ճշմարիտ կրօնքը գտած եմ։ Օրինակ, անոնք կը հնազանդին Աստուածաշունչի պատուէրին, որ ուրիշներու քարոզեն (Մատթէոս 28։19, 20. Գործք 15։14)։ Եւ անոնք քաղաքականութեան չեն խառնուիր (Սաղմոս 146։3, 4. Յովհաննէս 15։17, 18

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։ Աստուածաշունչի չափանիշներուն համաձայն ապրիլը ինծի օգնած է շատ մը կերպերով։ Օրինակ, մարիխուանայէն ձերբազատուելով, ամէն ամիս շատ դրամ կը խնայեմ եւ այլեւս թմրեցուցիչ գործածելուն գէշ հետեւանքներէն չեմ տառապիր, ինչպէս նաեւ մտային ու ֆիզիքական առողջութիւնս բարելաւուած է։

Այժմ ունիմ ուրախ եւ օգտակար կեանք մը, որ պատանեկութենէս ի վեր կ’ուզէի ունենալ։ Եւ ամէնէն կարեւորը, հիմա Աստուծոյ մօտիկ կը զգամ (Յակոբոս 4։8

«Սորված եմ բարկութիւնս զսպել» (ՄԱՐԹԻՆՕ ՓԵՏՐԵԴԻ)

ՏԱՐԻՔ. 43

ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ. ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ

ՆԱԽԱՊԷՍ. ԹՄՐԵՑՈՒՑԻՉ ՎԱՃԱՌՈՂ

ԱՆՑԵԱԼՍ։ Երբ պզտիկ էի, ընտանիքս յաճախ տեղէ տեղ կը փոխադրուէր։ Ապրեցայ գիւղաքաղաքներու մէջ, մեծ քաղաքի մը մէջ, եւ որոշ ատեն մը՝ ամայի շրջանի մը մէջ, Աւստրալիոյ բնիկ ժողովուրդին հետ։ Այդ օրերէն շա՜տ աղուոր յիշատակներ ունիմ զարմիկներուս եւ քեռիներուս հետ. միասին ձուկ կ’որսայինք, որսորդութեան կ’երթայինք, որսալու գործիքներ կը շինէինք եւ կարգ մը բաներ կը փորագրէինք։

Հայրս կռփամարտիկ էր, եւ պզտիկ տարիքէս սկսաւ ինծի սորվեցնել ինչպէ՛ս կռուիլ։ Վայրագութիւնը արիւնիս մէջ մտաւ։ Պատանեկութեան տարիներուս, շատ ժամանակ կ’անցընէի գինետուներուն մէջ։ Ես եւ ընկերներս միշտ կը փորձէինք կռիւ հանել ուրիշներու հետ։ Դանակներով եւ պէյսպոլի գաւազաններով կը յարձակէինք նոյնիսկ աւելի քան 20 մարդոց վրայ։

Դրամ շահեցայ թմրեցուցիչներ եւ գողցուած ապրանքներ ծախելով։ Նաեւ դրամ կը հաւաքէի թմրեցուցիչ վաճառողներուն համար։ Զէնքերով մարդիկը կը վախցնէի, որպէսզի դրամը ինծի տային։ Նպատակս էր մարդասպան դառնալ։ Միշտ ես ինծի կ’ըսէի. «Մեռցո՛ւր, մեռցուելէ առաջ»։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։ Ես լսած էի Եհովայի վկաներուն մասին, մինչ պզտիկ էի։ Կը յիշեմ որ երբ մօտ 20 տարեկան էի, մօրս հարցուցի եթէ գիտէ Վկայի մը տունը։ Երկու օր ետք, Տիքսըն անունով Վկայ մը դուռս զարկաւ։ Քիչ մը խօսակցելէ ետք, ան զիս հրաւիրեց Եհովայի վկաներու մէկ ժողովին։ Գացի այդ ժողովին, եւ այժմ աւելի քան 20 տարի է որ ժողովներու ներկայ կ’ըլլամ։ Վկաները Աստուածաշունչը գործածելով կրցան բոլոր հարցումներուս պատասխանել։

Շատ ուրախացայ գիտնալով, որ Եհովան անհատներով հետաքրքրուած է, նոյնիսկ եթէ անոնք չար են (Բ. Պետրոս 3։9)։ Գիտցայ որ ան սիրալիր Հայր մըն է, որ ինծի հոգ պիտի տանի, նոյնիսկ եթէ ո՛չ մէկը ուզէ այդ մէկը ընել։ Նաեւ շա՜տ մխիթարուեցայ, գիտնալով որ մեղքերս պիտի ներէ, եթէ ապրելակերպս փոխեմ։ Եփեսացիս 4։22-24–րդ համարները ինծի շա՜տ ազդեցին։ Այդ հատուածը զիս քաջալերեց, որ վրայէս հանեմ հին անձնաւորութիւնը եւ հագնիմ նոր անձնաւորութիւնը, որ Աստուծոյ կամքին համաձայն ստեղծուած է։

Ժամանակ առաւ, մինչեւ որ ապրելակերպս փոխեմ։ Շաբթուան ընթացքին թմրեցուցիչներ չէի գործածեր, բայց շաբաթավերջին երբ ընկերներուս հետ կ’ըլլայի, տեղի կու տայի։ Ըմբռնեցի որ եթէ կ’ուզեմ կեանքս փոխել, պէտք է ընկերներէս հեռանամ։ Ուստի, որոշեցի Աւստրալիոյ ուրիշ մէկ շրջանը փոխադրուիլ։ Ընկերներէս ոմանք ուզեցին ինծի հետ ճամբորդել, ես ալ արգելք չտեսայ։ Բայց ճամբորդութեան ընթացքին, անոնք սկսան մարիխուանա ծխել եւ ինծի ալ հրամցուցին։ Անոնց ըսի, որ որոշած եմ այս մէկը կեցնել, եւ իրարմէ բաժնուեցանք սահմանին վրայ։ Անկէ քիչ ետք, լսեցի որ անոնք դրամատուն մը կողոպտեցին՝ զէնք գործածելով։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։ Մէյ մը որ ընկերներուս հետ ամէն կապ կտրեցի, շատ դիւրին եղաւ կեանքիս մէջ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընել։ 1989–ին, մկրտուեցայ որպէս Եհովայի վկայ։ Մկրտուելէս ետք, քոյրս, մայրս եւ հայրս ալ Եհովայի ծառաներ եղան։

Այժմ 17 տարի է որ ամուսնացած եմ, եւ ունիմ երեք սիրելի զաւակներ։ Սորված եմ բարկութիւնս զսպել, նոյնիսկ երբ ուրիշներ զիս ջղայնացնեն։ Նաեւ սորված եմ սիրել բոլոր տոհմերէն, ցեղերէն ու լեզուներէն եղող մարդիկ (Յայտնութիւն 7։9)։ Շօշափած եմ Յիսուսի այս խօսքին ճշմարիտ ըլլալը. «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յովհաննէս 8։31, 32

[Մէջբերում]

Փոփոխութիւններ ընելու համար, պէտք էր չշարունակէի լսել այն երաժշտութիւնը, որ կը քաջալերէր ճերմակամորթները ատել

[Մէջբերում]

Ես եւ ընկերներս միշտ կը փորձէինք կռիւ հանել ուրիշներու հետ։ Դանակներով եւ պէյսպոլի գաւազաններով կը յարձակէինք նոյնիսկ աւելի քան 20 մարդոց վրայ