Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ

Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ

Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ կին մը, որ Աստուծմով չէր հետաքրքրուած եւ շահաբեր գործ մը ունէր, ինչպէ՞ս կեանքի մէջ իսկական իմաստ գտաւ։ Երիտասարդ կաթողիկէ տղամարդ մը մահուան մասին ի՞նչ գիտցաւ, որ զինք մղեց իր կեանքին ընթացքը փոխելու։ Իսկ տխուր երիտասարդ մը Աստուծոյ մասին ի՞նչ գիտցաւ, որ զինք մղեց իրեն ծառայելու։ Նկատի առ անոնց փորձառութիւնները։

«Տարիներով կը մտածէի. ‘Ի՞նչ է կեանքին նպատակը’» (ՌՈԶԱԼԻՆՏ ՃՈՆ)

ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ. 1963

ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ. ԲՐԻՏԱՆԻԱ

ՆԱԽԱՊԷՍ. ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ԳՈՐԾ ՈՒՆԷՐ

ԱՆՑԵԱԼՍ։ Ծնած եմ Քրոյտընի մէջ, Լոնտոնի հարաւը։ Մենք ինը քոյր–եղբայր էինք, եւ ես վեցերորդն էի։ Ծնողներս Սենթ Վինսընթ կղզիէն էին, որ կը գտնուի Քարայիպեան ծովուն մէջ։ Մայրս մեթոտական եկեղեցի կ’երթար։ Ես չէի հետաքրքրուած Աստուծոյ մասին գիտնալով, հակառակ անոր որ կը սիրէի նոր բաներ սորվիլ։ Դպրոցական արձակուրդներս յաճախ կ’անցընէի տեղական լիճին մօտ, գիրքեր կարդալով։

Դպրոցը աւարտելէս քանի մը տարի ետք, որոշեցի օգնել այն մարդոց, որոնք որոշ պէտքեր ունէին։ Սկսայ գործ մը, որուն միջոցաւ կ’օգնէի տնազուրկ անհատներուն եւ մտային ու ֆիզիքական անկարողութիւններ ունեցողներուն։ Ետքը, համալսարանը բժշկական մարզին մէջ դասընթացք մը առի։ Համալսարանը աւարտելէս ետք, սկսայ ետեւ–ետեւի լաւ վճարումով գործեր աշխատիլ եւ շատ սուղ բաներ գնել։ Գործս ինձմէ միայն կը պահանջէր լեփթոփ եւ ինթըրնէթ գործածել։ Քանի մը շաբաթ ուրիշ երկիրներ կը ճամբորդէի, սիրած պանդոկիս մէջ կ’իջնէի եւ բնութիւնը կը վայելէի, մինչ կ’աշխատէի։ Իրապէս կը հաւատայի, որ հոյակապ կեանք մը կը վարեմ։ Բայց միշտ կը մտածէի այն մարդոց մասին, որոնք դժուարութիւններու մէջ թաղուած են։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։ Տարիներով կը մտածէի. ‘Ի՞նչ է կեանքին նպատակը’։ Բայց պատասխանը գիտնալու համար, բնաւ Սուրբ Գիրքին չդիմեցի։ Օր մը, 1999–ին, պզտիկ քոյրս՝ Մարկրէթը, որ Եհովայի վկայ եղած էր, ինծի այցելեց իր Վկայ ընկերուհիին հետ, որ ինձմով հետաքրքրուեցաւ։ Չեմ գիտեր թէ ի՛նչ պատճառով ընդունեցի անոր հետ Սուրբ Գիրքը սերտել։ Յառաջդիմութիւնս դանդաղ էր, քանի որ գործս եւ ապրելակերպս իմ ժամանակէս շատ կ’առնէին։

2002–ի ամառը, փոխադրուեցայ Անգլիայի հարաւ–արեւմուտքը։ Հոն, շարունակեցի համալսարանը ուսում առնել, որպէսզի աւելի բարձր վկայական ունենամ։ Սկսայ կանոնաւորաբար Թագաւորութեան սրահը երթալ իմ պզտիկ տղուս հետ։ Թէեւ բարձրագոյն ուսումը շատ կը սիրէի, բայց Սուրբ Գիրքի ուսումնասիրութիւնը ինծի օգնեց, որ կեանքի խնդիրները աւելի լաւ հասկնամ եւ գիտնամ ատոնք ինչպէ՛ս լուծել։ Անդրադարձայ որ Մատթէոս 6։24–ի խօսքը շատ ճիշդ է, ուր կ’ըսէ որ չես կրնար երկու տիրոջ ծառայել։ Պէտք է ծառայել կա՛մ Աստուծոյ, կամ ալ դրամին։ Հասկցայ որ պէտք է որոշեմ, թէ ի՛նչն է ամենակարեւոր բանը կեանքիս մէջ։

Մէկ տարի առաջ, ներկայ կ’ըլլայի Սուրբ Գիրքի ուսումնասիրութեան ժողովի մը, որուն ընթացքին Վկաները կը սերտէին Հոգատար Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՞ գիրքը *։ Համոզուեցայ որ միայն մեր Ստեղծիչը՝ Եհովան՝ կրնայ մարդկութեան խնդիրները լուծել։ Երբ տեսայ որ համալսարանին մէջ մեզի կը սորվեցնեն, թէ պէտք չունինք Ստեղծիչի մը մեր կեանքին մէջ, շատ ջղայնացայ։ Երկու ամիս ետք, համալսարանի դասընթացքս կեցուցի եւ որոշեցի աւելի ժամանակ տրամադրել, որ Աստուծոյ մօտենամ։

Առակաց 3։5, 6–ը ինծի օգնեց, որ ապրելակերպս փոխեմ։ Համարները կ’ըսեն. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։ Ինչ որ Աստուծոյ մասին սորվեցայ, զիս աւելի՛ ուրախացուց, քան՝ դրամը եւ լաւ վճարուած գործը։ Երբ ա՛լ աւելի սորվեցայ թէ Եհովան ի՛նչ նպատակ ունի երկրին համար եւ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս իր կեանքը զոհեց մեզի համար, ուզեցի կեանքս Ստեղծիչին նուիրել, եւ մկրտուեցայ ապրիլ 2003–ին։ Անկէ ետք, աստիճանաբար կեանքս պարզացուցի։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։ Եհովային հետ բարեկամութիւնս շատ արժէքաւոր է։ Զինք ճանչնալով, ներքին խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն ունիմ։ Ասկէ զատ, շատ ուրախ եմ որ ունիմ ընկերներ, որոնք Եհովան կը սիրեն։

Տակաւին կը սիրեմ սորվիլ, եւ հիմա ուրախ եմ սորվելով Աստուածաշունչէն եւ քրիստոնէական ժողովներէն։ Ուրիշներուն հաճոյքով կը խօսիմ հաւատքիս մասին։ Ասիկա կեանքիս ամենակարեւոր գործը եղած է, քանի որ կրնամ իրապէս մարդոց օգնել, որ հիմա աւելի լաւ կեանք մը վայելեն եւ նոր աշխարհին մէջ ապրելու յոյսը ունենան։ Յունիս 2008–էն ի վեր լիաժամ քարոզիչ եմ, եւ կեանքիս մէջ այսքան ուրախ եւ գոհունակ չեմ զգացած։ Կեանքի իսկական նպատակը գտած եմ, եւ ասոր համար սրտանց շնորհակալ եմ Եհովայէն։

«Ընկերոջս մահը զիս մեծապէս ցնցեց» (ՌՈՄԱՆ ԻՐՆԵՍՊԵՐԿԸՐ)

ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ. 1973

ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ. ԱՒՍՏՐԻԱ

ՆԱԽԱՊԷՍ. ԽԱՂԱՄՈԼ

ԱՆՑԵԱԼՍ։ Մեծցայ Պրաունաու գիւղաքաղաքին մէջ, Աւստրիա։ Գիւղաքաղաքի մարդիկը հարուստ էին, եւ հոն շատ ոճիր չէր գործուեր։ Ծնողներս կաթողիկէ էին ու զիս այդ կրօնքին համաձայն կրթեցին։

Կեանքիս մէջ պատահած դէպք մը վրաս մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ։ 1984–ին, երբ շուրջ 11 տարեկան էի, օր մը մտերիմ ընկերներէս մէկուն հետ ֆութպոլ խաղցայ, եւ անկէ քիչ ետք՝ ան ինքնաշարժի արկածով մեռաւ։ Ընկերոջս մահը զիս մեծապէս ցնցեց։ Այդ արկածէն ետք, տարիներ շարունակ հարց կու տայի, թէ ի՛նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք։

Դպրոցը աւարտելէ ետք, աշխատեցայ որպէս ելեկտրագէտ։ Թէեւ խաղամոլ դարձայ եւ մեծ գումարներով կը խաղայի, բայց դրամական խնդիրներ չունեցայ։ Նաեւ շատ ժամանակ տուի մարզանքին եւ կը սիրէի հեւի մեթըլ ու փանք ռոք երաժշտութիւնները։ Յաճախ կ’երթայի հաւաքոյթներու եւ գիշերային վայրեր։ Միշտ հաճոյքի ետեւէ էի ու անբարոյ կեանք կը վարէի, բայց ուրախ չէի։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։ 1995–ին տարեց Վկայ մը դուռս զարկաւ։ Երբ ցոյց տուաւ գիրք մը, որ Աստուածաշունչին պատասխանը կու տայ այս հարցումին՝ «Երբ մէկը մեռնի, իրեն ի՞նչ կը պատահի», զայն առի, քանի որ ընկերոջս մահը տակաւին զիս կը նեղացնէր։ Կարդացի ոչ թէ միայն մահուան նիւթը քննարկող գլուխը, հապա ամբողջ գիրքը։

Գիրքը կարդալով, մահուան մասին ունեցած հարցումներուս պատասխանները առի։ Բայց շատ աւելին սորվեցայ։ Կաթողիկէ ըլլալով, Աստուծմէ աւելի Յիսուսին կարեւորութիւն կու տայի։ Սակայն, Աստուածաշունչի բծախնդիր ուսումնասիրութիւնս ինծի օգնեց, որ Յիսուսի Հօր՝ Եհովա Աստուծոյ՝ հետ մտերիմ բարեկամութիւն զարգացնեմ։ Շատ ուրախացայ երբ գիտցայ, որ Եհովան մեզմով հետաքրքրուած է եւ կ’ուզէ՛ որ զինք ճանչնանք (Մատթէոս 7։7-11)։ Նաեւ սորվեցայ, թէ ի՛նչ որ կ’ընենք, կրնայ Եհովան ուրախացնել կամ տխրեցնել։ Երբ նկատեցի որ Եհովան միշտ իր խոստումները կը պահէ, խոր հետաքրքրութիւն ունեցայ Աստուածաշունչին մարգարէութիւններով, եւ ուզեցի տեսնել թէ ինչպէ՛ս կատարուեցան։ Հաւաքած տեղեկութիւններս Աստուծոյ հանդէպ հաւատքս զօրացուցին։

Շուտով անդրադարձայ որ Եհովայի վկաները միակ անհատներն էին, որոնք իրապէս կ’ուզէին մարդոց օգնել, որ Աստուածաշունչը հասկնան։ Երբ իրենց հրատարակութիւններուն մէջ կը հանդիպէի համարներու, զանոնք կը բանայի իմ կաթողիկէ Աստուածաշունչիս մէջ։ Ո՛րքան աւելի խորը երթայի, ա՛յնքան աւելի կը գիտակցէի, որ ճշմարտութիւնը գտած եմ։

Աստուածաշունչէն գիտցայ, որ Եհովան ինձմէ կ’ակնկալէ որ իր չափանիշներուն համաձայն ապրիմ։ Եփեսացիս 4։22-24–ը կարդալով հասկցայ, որ պէտք է իմ վրայէս հանեմ հին անձնաւորութիւնը, որ առաջուան վարմունքիս համաձայն է, եւ իմ վրաս առնեմ նոր անձնաւորութիւնը, որ ստեղծուած է Աստուծոյ կամքին համաձայն։ Ուստի, անբարոյ ապրելակերպս լքեցի։ Նաեւ գիտցայ, թէ պէտք է բախտախաղ խաղալէն ետ կենամ, քանի որ բախտախաղը կը քաջալերէ մարդիկը, որ դրամասէր ու ագահ ըլլան (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10)։ Այսպիսի փոփոխութիւններ ընելու համար, պէտք տեսայ որ հին ընկերներէս հեռանամ ու փնտռեմ նոր ընկերներ, որոնք իրենք ալ կ’ուզեն Աստուած հաճեցնել։

Այդ փոփոխութիւնները ընելը դիւրին չէր։ Բայց սկսայ ժողովներու երթալ եւ ժողովքին մէջ նոր ընկերներ ունեցայ։ Նաեւ շարունակեցի առանձին Աստուածաշունչը ուշի–ուշով սերտել։ Այդ քայլերը առնելը ինծի օգնեց, որ տարբեր տեսակի երաժշտութիւն մտիկ ընեմ, կեանքի մէջ դրած նպատակակէտերս փոխեմ եւ հագուելակերպս բարելաւեմ։ Եւ 1995–ին, մկրտուեցայ որպէս Եհովայի վկայ։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։ Այժմ դրամին եւ նիւթական ստացուածքներուն նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունիմ։ Նախապէս դիւրաւ կը ջղայնանայի, բայց հիմա աւելի հանդարտ եմ։ Իսկ ապագային նկատմամբ այլեւս չափազանց մտահոգ չեմ։

Երախտապարտ եմ որ միջազգային խումբի մը մէկ մասն եմ, որ Եհովային կը ծառայէ։ Անոնց մէջ կը տեսնեմ անհատներ, որոնք դժուարութիւններէ կ’անցնին, բայց տակաւին հաւատարմօրէն Աստուծոյ կը ծառայեն։ Ուրախ եմ որ հիմա ամբողջ ժամանակս եւ ուժս կը գործածեմ, ոչ թէ անձնական ցանկութիւններս գոհացնելու համար, հապա Եհովան պաշտելու եւ ուրիշներուն լաւութիւն ընելու համար։

«Վերջապէս, կեանքս նպատակ ունի» (ԻԱՆ ՔԻՆԿ)

ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ. 1963

ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ. ԱՆԳԼԻԱ

ՆԱԽԱՊԷՍ. ԲՆԱՒ ՈՒՐԱԽ ՉԷՐ

ԱՆՑԵԱԼՍ։ Ծնած եմ Անգլիոյ մէջ, բայց երբ շուրջ եօթը տարեկան էի, ընտանիքս Աւստրալիա փոխադրուեցաւ։ Բնակեցանք Քուինզլէնտի Կոլտ Քոսթին մէջ, ուր շատեր կը սիրեն իրենց արձակուրդը անցընել։ Թէեւ ընտանիքս հարուստ չէր, բայց մեզի պէտք եղած բաները միշտ ունէինք։

Թէեւ որպէս երեխայ ամէն բան ունէի, բայց բնաւ ուրախ չէի։ Հայրս գինեմոլ էր, եւ ես զինք չէի սիրեր, գլխաւորաբար քանի որ շատ կը խմէր եւ մօրս հետ գէշ կերպով կը վարուէր։ Սակայն յետագային, երբ գիտցայ թէ ի՜նչ բաներէ անցած էր Մալայայի մէջ զինուոր եղած ատեն, սկսայ ըմբռնել թէ ինչո՛ւ այդպէս կը վարուէր։

Բարձրագոյն վարժարանի տարիներուս ընթացքին, սկսայ շատ խմիչք խմել։ 16 տարեկանիս դպրոցը ձգեցի եւ ծովուժին միացայ։ Սկսայ թմրեցուցիչներ գործածել եւ ծխախոտին մոլի դարձայ։ Նաեւ մարմինս սկսաւ ա՛լ աւելի ալքոլ պահանջել։ Սկիզբը, շատ կը խմէի միայն շաբաթավերջերուն, բայց ետքը սկսայ՝ ամէն օր։

Երբ շուրջ 20 տարեկան էի, սկսայ Աստուծոյ գոյութիւնը հարցականի տակ դնել։ Մտածեցի. ‘Եթէ Աստուած իրապէս գոյութիւն ունի, ինչո՞ւ թոյլ կու տայ որ մարդիկ տառապին ու մեռնին’։ Նոյնիսկ բանաստեղծութիւն գրեցի, Աստուած մեղադրելով աշխարհի ամբողջ չարութեան համար։

23 տարեկանիս ձգեցի ծովուժը։ Անկէ ետք, զանազան գործերով զբաղեցայ եւ նոյնիսկ մէկ տարի օտար երկիրներ ճամբորդեցի, բայց աւելի լաւ չզգացի։ Որեւէ նպատակակէտ չէի դրած եւ բան մը իրագործելու փափաք չունէի։ Ինծի անիմաստ թուեցաւ ձգտիլ տուն մը գնել, լաւ գործ մը գտնել եւ բարձր դիրքի տիրանալ։ Աւելի լաւ կը զգայի միայն եթէ խմիչք խմէի եւ երաժշտութիւն մտիկ ընէի։

Կը յիշեմ այն պահը, երբ մեծ փափաք ունեցայ կեանքին նպատակը գիտնալու։ Լեհաստանի մէջ էի եւ Օշվիթցի սարսափելի համակեդրոնացման ճամբարը կ’այցելէի։ Կարդացած էի այն ահռելի բաներուն մասին, որոնք հոն տեղի ունեցած էին։ Բայց երբ հոն աչքովս տեսայ, թէ ճամբարը որքա՜ն մեծ էր, շա՜տ ազդուեցայ։ Չկրցայ ըմբռնել թէ ինչպէ՛ս կարելի է որ մարդիկ այսքան վայրագութեամբ վարուին ուրիշ մարդոց հետ։ Կը յիշեմ թէ ճամբարին շուրջը դառնալով՝ արցունքոտ աչքերով հարց կու տայի. ‘Ինչո՞ւ’։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։ 1993–ին Աւստրալիա վերադառնալէ ետք, սկսայ Աստուածաշունչը կարդալ՝ պատասխաններ փնտռելով։ Շատ չանցած, երկու Եհովայի վկաներ դուռս զարկին եւ զիս հրաւիրեցին համաժողովի մը, որ մօտակայ սթատիումին մէջ տեղի կ’ունենար։ Որոշեցի երթալ։

Քանի մը ամիս առաջ նոյն սթատիումին մէջ մարզական առիթի մը ներկայ եղած էի, բայց այս համաժողովը բոլորովին տարբեր բան մըն էր։ Վկաները քաղաքավար էին ու կոկիկ հագուած էին եւ անոնց պզտիկները խելօք էին։ Եւ ճաշի դադարին բան մը զիս շատ զարմացուց։ Հարիւրաւոր Վկաներ դաշտին մէջ ճաշեցին, բայց երբ իրենց նստարանները վերադարձան, դաշտին մէջ աղբ մը չտեսայ։ Աւելի կարեւորը, այս մարդիկը գոհունակութիւն ու խաղաղութիւն ունէին, ինչ որ ես միշտ կը փափաքէի ունենալ։ Այդ օրը տրուած դասախօսութիւններէն ո՛չ մէկը կը յիշեմ, բայց Վկաներուն վարուելակերպը անմոռանալի էր։

Այդ իրիկուն միտքս եկաւ ազգականներէս մէկը, որ Աստուածաշունչը կարդացած էր եւ զանազան կրօնքներ սերտած էր։ Տարիներ առաջ, ան ինծի ըսաւ Յիսուսին խօսքը, թէ ճշմարիտ կրօնքը կրնաս ճանչնալ իր պտուղէն (Մատթէոս 7։15-20)։ Մտածեցի որ լաւ կ’ըլլայ որ փորձեմ գիտնալ թէ ինչո՛ւ Վկաները այսքան տարբեր են։ Կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով, քիչ մը լաւատես եղայ ու յոյս ունեցայ։

Յաջորդ շաբաթը, նոյն երկու Վկաները ինծի այցելեցին։ Առաջարկեցին որ իրենց հետ Աստուածաշունչը սերտեմ, ես ալ ընդունեցի։ Նաեւ սկսայ իրենց հետ ժողովներու ներկայ ըլլալ։

Աստուածաշունչը սերտելով, Աստուծոյ նկատմամբ իմ տեսակէտս բոլորովին փոխուեցաւ։ Սորվեցայ թէ ինք չարութեան ու տառապանքին պատճառը չէ եւ թէ ինք կը տխրի, երբ մարդիկ գէշ բաներ կ’ընեն (Ծննդոց 6։6. Սաղմոս 78։40, 41)։ Որոշեցի լաւագոյնս ընել որ զինք չնեղացնեմ, հապա միշտ իր սիրտը ուրախացնեմ (Առակաց 27։11)։ Վերջ դրի չափազանց խմելուս, ծխախոտ գործածելուս եւ անբարոյ ապրելակերպիս։ Մարտ 1994–ին մկրտուեցայ որպէս Եհովայի վկայ։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։ Հիմա իրապէս ուրախ եւ գոհունակ եմ։ Այլեւս խմիչքին չեմ դիմեր խնդիրներս լուծելու համար։ Սորված եմ բեռներս Եհովային վրայ ձգել (Սաղմոս 55։22

Տասը տարի է որ ամուսնացած եմ Քարըն անունով գեղեցիկ Վկայի մը հետ, եւ ունիմ Նելլա անունով հոյակապ խորթ աղջիկ մը։ Երեքս ալ կը սիրենք շատ ժամանակ տալ քարոզչութեան, ուրիշներուն օգնելով որ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը սորվին։ Վերջապէս, կեանքս նպատակ ունի։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 11 Հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։