Հրաշքները իրապէս տեղի ունեցա՞ծ են
Գլուխ 6
Հրաշքները իրապէս տեղի ունեցա՞ծ են
Մեր հասարակ դարաշրջան 31–ին, օր մը Յիսուս եւ իր աշակերտները Նային քաղաքը կ’երթային, որ Պաղեստինի հիւսիսը կը գտնուէր։ Մինչ քաղաքին դրանը կը մօտենային, անոնք յուղարկաւորութեան մը հանդիպեցան։ Հանգուցեալը երիտասարդ մըն էր, որբեւայրիի մը միակ զաւակը. հետեւաբար այս կինը բոլորովին առանձին մնացած էր։ Ըստ արձանագրութեան, Յիսուս «խղճաց անոր վրայ ու ըսաւ անոր. ‘Մի՛ լար’։ Մօտենալով՝ դագաղին դպաւ ու տանողները կանգ առին. եւ ըսաւ. ‘Ո՛վ պատանի, քեզի՛ կ’ըսեմ, Ելի՛ր’։ Ու մեռելը ելաւ նստաւ ու սկսաւ խօսիլ»։—Ղուկաս 7։11–15
1. (Յառաջաբանը ներառեալ.) (ա) Նային քաղաքին մօտ Յիսուս ի՞նչ հրաշք գործեց։ (բ) Աստուածաշունչին մէջ հրաշքները որքա՞ն կարեւոր են, սակայն ամէն մարդ կը հաւատա՞յ թէ անոնք իրապէս տեղի ունեցած են։
ԱՍԻԿԱ սրտայոյզ պատմութիւն մըն է, բայց արդեօք իրակա՞ն է։ Շատեր դժուար կը գտնեն հաւատալ թէ այսպիսի բաներ իրապէս տեղի ունեցած են։ Այսուհանդերձ, հրաշքները Աստուածաշունչի բովանդակութեան անբաժան մէկ մասն են։ Աստուածաշունչին հաւատալ կը նշանակէ հաւատալ թէ այդ հրաշքները տեղի ունեցած են։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչի ամբողջ ճշմարտութիւնը կախեալ է շատ կարեւոր հրաշքէ մը. Յիսուս Քրիստոսի յարութենէն։
Ոմանք Ինչո՞ւ Չեն Հաւատար
2, 3. Սկովտիացի փիլիսոփայ Տէյվիտ Հիւմի գործածած տրամաբանութեան մէկ եզրը ի՞նչ էր փաստելու համար թէ հրաշքները տեղի չեն ունեցած։
2 Դուք կը հաւատա՞ք հրաշքներուն։ Կը խորհի՞ք թէ այս գիտական դարուն, անտրամաբանական է հրաշքներու, այսինքն, արտակարգ դէպքերու հաւատալ, որոնք գերմարդկային միջամտութիւն կ’ապացուցանեն։ Եթէ չէք հաւատար, գիտցէք որ դուք առաջինը չէք։ Երկու դար առաջ, Սկովտիացի փիլիսոփայ Տէյվիտ Հիւմն ալ նոյն դժուարութիւնը ունէր։ Կրնայ ըլլալ որ թերահաւատութեան ձեր պատճառներն ալ նոյնն են։
3 Հիւմ երեք յատկանշական պատճառներով հրաշքներու գաղափարին դէմ կ’առարկէր։1 Անոր առաջին առարկութիւնն էր. «Հրաշք մը բնութեան օրէնքներուն խախտում մըն է»։ Անյիշատակելի ժամանակներէն ի վեր, մարդս կառչած է բնութեան օրէնքներուն։ Ան սորված է որ որեւէ իր՝ գետին պիտի իյնայ եթէ ձգուի, թէ ամէն առաւօտ արեւը պիտի ծագի եւ ամէն իրիկուն մար պիտի մտնէ, եւայլն։ Ան բնազդաբար գիտէ թէ դէպքերը պիտի հետեւին այսպիսի ծանօթ կանոններու եւ թէ բնութեան օրէնքին հակառակ եղող ո՛չ մէկ բան կրնայ պատահիլ։ Ըստ Հիւմին, հրաշքներու հաւանականութեան դէմ այս ‘փաստ’ը «փորձառութեամբ ձեռք ձգուած որեւէ առարկութեան մը չափ կշիռ ունի»։
4, 5. Հրաշքներուն կարելիութիւնը ժխտելու համար Տէյվիտ Հիւմի երկու ուրիշ առարկութիւնները ի՞նչ են։
4 Իր ներկայացուցած երկրորդ առարկութիւնը այն էր թէ մարդիկ դիւրութեամբ կը խաբուին։ Ոմանք կ’ուզեն հաւատալ սքանչելիքներու ու հրաշքներու, մանաւանդ երբ անոնք կրօնքին հետ կապ ունին եւ երեւան ելած է որ այդպէս կոչուած հրաշքներէն շատերը խարդախութիւններ են։ Իսկ երրորդ առարկութիւնը այն էր թէ հրաշքները սովորաբար տգիտութեան ժամանակներուն տեղեկագրուած են։ Մարդիկ որքան զարգացան, այնքան նուազ հրաշքներ տեղեկագրուեցան։ Հիւմ ըսաւ. «Այսպիսի արտասովոր դէպքեր բնաւ չեն պատահիր
մեր օրերուն»։ Հետեւաբար, ըստ իրեն, ասիկա փաստ մըն էր թէ հրաշքները բնաւ տեղի չէին ունեցած։5 Ցարդ, հրաշքներու դէմ եղած շատ մը առարկութիւններ այս ընդհանուր սկզբունքներուն կը հետեւին, ուստի մէկ առ մէկ քննենք Հիւմի առարկութիւնները։
Բնութեան Օրէնքներո՞ւն Դէմ
6. Հրաշքները ‘բնութեան օրէնքներուն խախտումներ’ ըլլալուն մասին եղած առարկութիւնը ինչո՞ւ անտրամաբանական է։
6 Ի՞նչ կրնանք ըսել այն առարկութեան մասին թէ հրաշքները ‘բնութեան օրէնքներուն խախտումներ’ են եւ հետեւաբար չեն կրնար իրական ըլլալ։ Երեւութապէս, ասիկա կրնայ համոզիչ թուիլ. բայց վերլուծեցէք ըսուածը։ Սովորաբար, հրաշք մը կրնայ մեկնաբանուիլ որպէս բնութեան բնական օրէնքներէն դուրս պատահած բան մը։ * Անիկա այդքան անակնկալ պատահար մըն է որ տեսնողները կը համոզուին գերմարդկային միջամտութեան ականատես եղած ըլլալ։ Հետեւաբար, այդ առարկութեան իրական իմաստն է. ‘Հրաշքները անկարելի են, քանի որ անոնք հրաշալի են’։ Այսպիսի արագ եզրակացութեան մը յանգելէ առաջ, ինչո՞ւ իրողութիւնները նկատի չառնէք։
7, 8. (ա) Մեր ճանչցած բնութեան օրէնքները յարգելով հանդերձ, գիտնականներ կարելի եւ անկարելի եղող բաներուն հանդէպ ինչպէ՞ս աւելի լայնամիտ եղած են։ (բ) Եթէ Աստուծոյ կը հաւատանք, արտասովոր բաներ ընելու իր կարողութեան մասին ալ ի՞նչ պէտք է հաւատանք։
7 Իրականութիւնը այն է որ ներկայիս, զարգացած անհատներ Տէյվիտ Հիւմէն նուազ պատրաստակամ են պնդելու թէ բնութեան ծանօթ օրէնքները ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակ նոյնը կը մնան։ Գիտնականներ կը յօժարին ենթադրել թէ ծանօթ երեք չափերէն՝ երկայնութենէն, լայնութենէն եւ բարձրութենէն՝ զատ, շատ մը ուրիշ չափեր ալ կրնան գոյութիւն ունենալ տիեզերքին
մէջ։ Անոնք հայեցողութիւններ ունին սեւ խուցերու, ինչպէս նաեւ հսկայ աստղերու գոյութեան մասին, որոնք իրենք իրենց վրայ փուլ կու գան, մինչեւ որ իրապէս անհունօրէն խտացուին։2 Կ’ըսուի թէ անոնց մերձակայքը, անջրպետի կառոյցը այնքան այլանդակուած է որ ժամանակն իսկ կ’առկախուի։3 Գիտնականներ նոյնիսկ վիճարկած են թէ որոշ պայմաններու ներքեւ, թերեւս ժամանակը, փոխանակ առաջ երթալու, ետ կ’երթայ։48 Քէմպրիճի Համալսարանէն ուսողութեան Ուսուցչապետ Ստեփան Ու. Հովքինկ, տիեզերքի սկզբնաւորութեան մասին խօսելով, ըսաւ. «Ընդհանուր յարաբերականութեան դասական վարկածին մէջ ... տիեզերքին ծնունդը անհուն խտութեան եւ անջրպետ–ժամանակի շեղումի եզակիութիւն մը պէտք է ըլլայ։ Այսպիսի պարագաներու ներքեւ, բնագիտութեան ճանչցուած բոլոր օրէնքները չեղեալ պիտի համարուէին»։5 Ուստի, արդի գիտնականները համաձայն չեն որ բնութեան բնական օրէնքներուն հակառակ եղող բան մը բնաւ չի կրնար պատահիլ։ Անսովոր պայմաններու ներքեւ, անսովոր բաներ կրնան պատահիլ։ Վստահաբար, եթէ ամենակալ Աստուծոյ մը կը հաւատանք, պէտք է ընդունինք որ ան զօրութիւնը ունի անսովոր՝ հրաշալի՝ դէպքեր պատճառելու, երբ անոնք իր նպատակին կը ծառայեն։—Ելից 15։6–10. Եսայեայ 40։13, 15
Ի՞նչ Կրնանք Ըսել Խարդախութիւններու Մասին
9. Ճի՞շդ է որ կարգ մը հրաշքներ խարդախութիւններ են։ Բացատրեցէք ձեր պատասխանը։
9 Տրամաբանող ո՛չ մէկ անհատ պիտի ժխտէր թէ խարդախուած հրաշքներ գոյութիւն ունին։ Օրինակի համար, ոմանք կը դաւանին թէ հաւատքով հրաշալի բուժումներ կատարելու զօրութիւն ունին։ Բժիշկ մը՝ Ուիլիըմ Ա. Նոլան՝ մտադրեց մանրակրկիտ կերպով քննել այսպիսի բուժումներ։ Ան թէ՛ Միացեալ Նահանգներուն մէջ աւետարանչական հաւատաբուժերուն եւ թէ Ասիոյ մէջ այդպէս կոչուած հոգեբանական վիրաբուժերուն կողմէ կատարուած բազմաթիւ դաւանեալ
բուժումներուն հետեւեցաւ։ Ի՞նչ եղաւ արդիւնքը։ Ան տեսաւ որ այդ բոլոր հրաշքները հիասթափութիւն եւ խաբեբայութիւն էին։610. Քանի որ ցոյց տրուած է թէ կարգ մը հրաշքներ խարդախուած են, կը խորհի՞ք թէ ասիկա փաստ մըն է որ բոլոր հրաշքներն ալ խարդախուած են։
10 Այսպիսի խաբեբայութիւններ կը նշանակե՞ն թէ իրական հրաշքներ տեղի ունեցած չեն։ Պայման չէ այդպէս խորհիլ։ Երբեմն կը լսենք թէ կեղծ դրամներ շրջաբերութեան մէջ դրուած են, բայց ասիկա չի նշանակեր թէ բոլոր դրամներն ալ կեղծ են։ Կարգ մը հիւանդներ մեծապէս կը հաւատան շաղակրատ, խաբեբայ բժիշկներու եւ մեծ գումարներ կը վճարեն անոնց։ Բայց ասիկա չի նշանակեր թէ բոլոր բժիշկներն ալ խաբեբայ են։ Կարգ մը արուեստագէտներ հմտութեամբ «հին վարպետ»ի մը նկարչութիւնները կը կեղծեն։ Բայց ասիկա չի նշանակեր թէ բոլոր նկարչութիւններն ալ խարդախուած են։ Հետեւաբար, երբ կարգ մը դաւանեալ հրաշքներ ուղղակի խարդախութիւններ են, ատիկա չի նշանակեր թէ իրական հրաշքներ բնաւ չեն կրնար տեղի ունենալ։
‘Հրաշքներ Չեն Պատահիր Մեր Օրերուն’
11. Հրաշքներուն նկատմամբ Տէյվիտ Հիւմի երրորդ առարկութիւնը ի՞նչ էր։
11 Ներկայացուած երրորդ առարկութիւնը հետեւեալն էր. «Այսպիսի արտասովոր դէպքեր բնաւ չեն պատահիր մեր օրերուն»։ Հիւմ հրաշք մը բնաւ չէր տեսած, ուստի ան կը մերժէր հաւատալ թէ հրաշքներ կրնան տեղի ունենալ։ Այսպիսի պատճառաբանութիւն մը,
սակայն, տրամաբանական չէ։ Ոեւէ գիտակից անհատ պէտք է ընդունի որ, Սկովտիացի փիլիսոփային օրերէն առաջ, «արտասովոր դէպքեր» տեղի ունեցած են եւ որոնք սակայն չեն կրկնուած իր ապրած ժամանակ։ Ի՞նչ դէպքեր։12. Անցեալին ի՞նչ սքանչելի դէպքեր տեղի ունեցան, զորս կարելի չէ բացատրել ներկայ բնութեան գործնական օրէնքներով։
12 Նախ, երկրի վրայ կեանքին սկսիլը։ Ապա կեանքի կարգ մը տեսակներուն գիտակցութեամբ օժտուիլը։ Վերջապէս, իմաստութեամբ, երեւակայութեամբ, սիրելու կարողութեամբ եւ գիտակցութեան զգացումով օժտուած մարդուն յայտնուիլը։ Ներկայիս գործող բնութեան օրէնքներուն վրայ հիմնուելով, ո՛չ մէկ գիտնական կրնայ բացատրել թէ այս արտասովոր բաները ի՛նչպէս տեղի ունեցան։ Սակայն կենդանի ապացոյցներ ունինք թէ անոնք իսկապէս տեղի ունեցան։
13, 14. Ներկայիս սովորական եղող ի՞նչ բաներ Տէյվիտ Հիւմի հրաշալի պիտի թուէին։
13 Իսկ Տէյվիտ Հիւմի օրերէն ի վեր պատահած «արտասովոր դէպքեր»ուն մասին ի՞նչ կրնանք ըսել։ Ենթադրենք որ կարենանք ժամանակին մէջ ետ երթալ եւ Հիւմի պատմել ներկայ աշխարհին մասին։ Երեւակայեցէք որ կը ջանաք իրեն բացատրել թէ Համպուրկի մէջ գործատէր մը կրնայ հազարաւոր քիլոմեթր հեռուն՝ Թոքիոյի մէջ գտնուող անհատի մը հետ խօսիլ, նոյնիսկ առանց ձայնը բարձրացնելու. թէ Սպանիոյ մէջ ոտնագնդակի մրցում մը կրնայ ամբողջ աշխարհի մէջ տեսնուիլ, նոյնիսկ անոր խաղցուած պահուն. թէ իր օրերուն, ովկիանոսը կտրող նաւերէն աւելի մեծ նաւեր կրնան գետնէն բարձրանալ եւ քանի մը ժամուան մէջ հազարաւոր քիլոմեթր օդին մէջ ճամբորդել, իրենց հետ տանելով 500 հոգի։ Կրնա՞ք երեւակայել իր պատասխանը. ‘Անկարելի է։ Այսպիսի արտասովոր դէպքեր բնաւ չեն պատահիր մեր օրերուն’։
14 Սակայն այսպիսի «արտասովոր» բաներ կը պատահին մեր օրերուն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մարդս, Հիւմի անտեղեակ եղած գիտական սկզբունքները գործածելով, սորված է հեռաձայն, հեռատեսիլ եւ օդանաւ շինել։
Հետեւաբար, այդքան դժուա՞ր է հաւատալ թէ անցեալին, կարգ մը առիթներով, Աստուած այնպիսի բաներ իրագործած է այնպիսի կերպերով զորս մենք տակաւին չենք հասկնար եւ որոնք մեզի համար հրաշալի են։Ինչպէ՞ս Կրնանք Գիտնալ
15, 16. Եթէ հրաշքները իրապէս տեղի ունեցան, անոնց մասին տեղեկանալու միակ կերպը ի՞նչ է։ Բացատրեցէք ձեր պատասխանը։
15 Անշուշտ, հրաշքներ կրնային տեղի ունենալ ըսելը ինքնին չի նշանակեր թէ անոնք իրապէս տեղի ունեցան։ Այս Ի. դարուն, ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, Աստուած իրապէս հրաշքներ կատարած է թէ ոչ, երկրի վրայ գտնուած իր ծառաներուն միջոցաւ։ Այսպիսի բաներու համար ի՞նչպիսի ապացոյցներ պիտի ակնկալէիք։ Երեւակայեցէք նախնական ցեղախումբի մը պատկանող մարդ մը առնել իր ապրած մացառուտէն, որպէսզի մեծ քաղաք մը այցելէ։ Երբ ան վերադառնայ, ինչպէ՞ս կրնայ իր ժողովուրդին նկարագրել քաղաքակրթութեան սքանչելիքները։ Ան չի կրնար բացատրել թէ ինքնաշարժ մը ի՛նչպէս կ’աշխատի, կամ երաժշտութիւն մը ի՛նչու կը լսուի դիւրատար ձայնասփիւռէ մը։ Ան չի կրնար համակարգիչ մը սարգել փաստելու համար թէ այսպիսի բան մը գոյութիւն ունի։ Ան միայն կրնայ իր տեսած բաներուն մասին պատմել։
16 Մենք ալ այդ մարդուն ցեղակիցներուն նման պարագայի մը մէջ կը գտնուինք։ Եթէ Աստուած իրապէս հրաշքներ կատարած է, անոնց մասին կրնանք սորվիլ միմիայն ականատեսներու վկայութիւններէն։ Ականատեսները չեն կրնար բացատրել թէ հրաշքները ի՛նչպէս տեղի ունեցան, ոչ ալ կրնան կրկնել զանոնք։ Անոնք
միայն կրնան մեզի պատմել իրենց տեսածը։ Կրնայ ըլլալ որ ականատեսներ խաբուած ըլլան, կամ նաեւ դիւրութեամբ չափազանցեն եւ սխալ տեղեկութիւններ տան։ Հետեւաբար, եթէ պիտի հաւատանք անոնց վկայութեան, վստահ պէտք է ըլլանք որ այդ ականատեսները ճշմարտախօս են, բարձր արժանիքներ եւ լաւ շարժառիթներ ունին։Լայնօրէն Վկայուած Հրաշքը
17. (ա) Աստուածաշունչին մէջ ամենէն լաւ վկայուած հրաշքը ո՞րն է։ (բ) Ի՞նչ դէպքեր Յիսուսի մահուան առաջնորդեցին։
17 Աստուածաշունչին մէջ լայնօրէն վկայուած է Յիսուս Քրիստոսի յարութեան հրաշքին մասին։ Ուստի ինչո՞ւ ասիկա որպէս փորձաքար չգործածել։ Նախ, նկատի առէք տեղեկագրուած իրողութիւնները. Յիսուս ձերբակալուեցաւ Նիսան 14–ի երեկոյեան որ արդի օրացոյցով կը համեմատի Հինգշաբթի գիշերուան։ * Ան Հրեայ առաջնորդներու առջեւ տարուեցաւ, որոնք զինք դատապարտեցին որպէս հայհոյիչ եւ որոշեցին որ ան մահուան արժանի էր։ Հրեայ առաջնորդները Յիսուսը տարին Հռովմէացի կառավարիչ Պոնտացի Պիղատոսին առջեւ, որ անոնց ճնշումներուն տեղի տուաւ եւ զայն յանձնեց որ սպաննեն։ Յաջորդ օրը, Ուրբաթ կէսօրէ ետք, որ, ըստ Հրէական օրացոյցին, տակաւին Նիսան 14–ն էր, ան տանջանքի ցիցի մը վրայ գամուեցաւ եւ քանի մը ժամ ետք մեռաւ։—Մարկոս 14։43–65. 15։1–39
18. Ըստ Աստուածաշունչին, Յիսուսի յարութեան մասին տարաձայնութիւնները ինչպէ՞ս սկսան շրջագայիլ։
Յովհաննու 19։31–20։29. Ղուկաս 24։11
18 Վստահ ըլլալու համար թէ Յիսուս իրապէս մեռած էր, Հռովմէացի զինուոր մը գեղարդով անոր կողը խոցելէ ետք, Յիսուսի մարմինը նոր շիրիմի մը մէջ դրուեցաւ։ Յաջորդ օրը, Նիսան 15–ը (Ուրբաթ–Շաբաթ), շաբաթ էր։ Սակայն Նիսան 16–ի առաւօտուն՝ Կիրակի առաւօտուն՝ կարգ մը աշակերտներ գերեզման գացին եւ զայն դատարկ գտան։ Անմիջապէս տարաձայնուեցաւ թէ Յիսուս ողջ տեսնուած էր։ Այդ տարաձայնութիւնները սկիզբը անհաւատութեամբ դիմագրաւուեցան, ճիշդ ինչպէս պիտի ըլլային մեր օրերուն։ Նոյնիսկ առաքեալները մերժեցին հաւատալ։ Սակայն, երբ անձամբ Յիսուսը ողջ տեսան, անոնք ստիպուեցան ընդունիլ թէ ան իրապէս մեռելներէն յարուցուած էր։—Դատարկ Շիրիմը
19–21. (ա) Ըստ Յուստինոս Նահատակին, Հրեաները Յիսուսի յարութեան մասին Քրիստոնեաներու քարոզչութեան ինչպէ՞ս հակառակեցան։ (բ) Նիսան 16–ին, Յիսուսի շիրիմին մասին ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ թէ ճշմարիտ է։
19 Յիսուս իրապէս յարուցուա՞ծ էր, թէ ոչ այս ամէնը հնարուած պատմութիւն մըն էր։ Շատ հաւանաբար, այն ատեն մարդիկ հարց տուած ըլլալու էին. Արդեօք Յիսուսի մարմինը տակաւին գերեզմանին մէ՞ջն է։ Յիսուսի հետեւորդները հսկայ արգելքի մը դիմաց պիտի գտնուէին, եթէ անոնց հակառակորդները կարենային տակաւին իր շիրիմին մէջ Յիսուսի դիակը ցոյց տալ որպէս փաստ թէ ան յարուցուած չէր։ Բայց արձանագրութիւն մը չկայ թէ անոնք այդպէս ըրին։ Ընդհակառակը, ըստ Աստուածաշունչին, անոնք շիրիմին քով պահակ կեցած զինուորները կաշառեցին եւ անոնց ըսին. «Ըսէք թէ ‘Անոր աշակերտները գիշերով եկան զանիկա գողցան, երբ մենք կը քնանայինք’»։ (Մատթէոս 28։11–13) Աստուածաշունչէն դուրս, ուրիշ փաստեր ալ ունինք թէ Հրեայ առաջնորդները այս կերպով վարուեցան։
20 Յիսուսի մահէն մօտաւորապէս դար մը ետք,
Յուստինոս Նահատակ Տրիփոնին Հետ Երկխօսութիւն խորագրով երկ մը գրեց (Անգլ.)։ Անոր մէջ, ան ըսաւ. «Դուք [Հրեաներդ] ընտրուած եւ պաշտօնատրուած անհատներ ղրկեցիք համայն աշխարհի մէջ ծանուցանելու թէ ամբարիշտ եւ անօրէն հերետիկոսութիւն մը ծայր տուած էր Յիսուս կոչուած Գալիլիացի մոլորեցուցիչի մը կողմէ, որու մենք խաչեցինք, բայց անոր աշակերտները գիշերով զայն գողցան այն շիրիմէն ուր դրուած էր»։721 Արդ, Տրիփոնը Հրեայ մըն էր եւ Տրիփոնին Հետ Երկխօսութիւնը Հրէականութեան դէմ Քրիստոնէութիւնը պաշտպանելու նպատակաւ գրուած էր։ Հետեւաբար, անհաւանական է որ Յուստինոս Նահատակ կարենար ըսել թէ Հրեաները Քրիստոնեաները կը մեղադրէին թէ Յիսուսի դիակը գերեզմանէն գողցած են, եթէ Հրեաները այսպիսի ամբաստանութիւն մը ըրած չըլլային։ Ապա թէ ոչ, ան դիւրութեամբ պիտի ամբաստանուէր որպէս ստախօս։ Յուստինոս Նահատակ այսպէս պիտի չարտայայտուէր, եթէ Հրեաները իրապէս այսպիսի պատգամաբերներ ղրկած չըլլային։ Իսկ անոնք ասիկա ըրած պիտի ըլլային, եթէ Հ.Դ. 33–ի Նիսան 16–ին, շիրիմը իրապէս դատարկ ըլլար, չկարենալով անոր մէջ Յիսուսի դիակը ցոյց տալ որպէս ապացոյց թէ ան յարութիւն չէր առած։ Հետեւաբար, քանի որ շիրիմը դատարկ էր, ուրեմն ի՞նչ պատահած էր։ Արդեօք աշակերտները գողցա՞ծ էին անոր մարմինը, թէ ոչ անիկա հրաշալի կերպով վերցուած էր որպէս ապացոյց թէ Յիսուս իրապէս յարութիւն առած էր։
Բժիշկ Ղուկասին Եզրակացութիւնը
22, 23. Առաջին դարուն, ո՞վ էր զարգացած մարդոցմէ մէկը որ Յիսուսի յարութիւնը մանրակրկիտ կերպով քննեց, եւ տեղեկութեան ի՞նչ աղբիւրներ մատչելի էին իրեն։
22 Առաջին դարու բժիշկ Ղուկաս շատ զարգացած մարդ մըն էր, որ զգուշութեամբ նկատի առաւ այս իրողութիւնը։ (Կողոսացիս 4։14) Ղուկաս երկու գիրք գրեց, որոնք հիմա Աստուածաշունչին մաս կը կազմեն։ Մէկը՝ Աւետարան մըն էր, կամ Յիսուսի ծառայութեան պատմութիւնը, իսկ միւսը՝ Գործք Առաքելոցը, կամ Յիսուսի մահուան յաջորդող տարիներուն Քրիստոնէութեան տարածման պատմութիւնը։
23 Իր Աւետարանին ներածականին մէջ, Ղուկաս կ’ակնարկէ այն շատ մը աղբիւրներուն որոնք մատչելի էին իրեն եւ որոնք ներկայիս մատչելի չեն մեզի։ Ան կը նշէ թէ մանրակրկիտ կերպով քննած էր Յիսուսի կեանքին մասին գրուած փաստաթղթերը, ինչպէս նաեւ խօսած էր Յիսուսի կեանքին, մահուան եւ յարութեան ականատեսներուն հետ։ Ապա կ’աւելցնէ. «Ես ... սկիզբէն այն ամէն բաներուն ճշդութեամբ տեղեկացեր էի»։ (Ղուկաս 1։1–3) Բացայայտօրէն, Ղուկաս մանրակրկիտ հետազօտութիւններ կատարած էր։ Բայց արդեօք ան լա՞ւ պատմաբան մըն էր։
24, 25. Շատեր Ղուկասի պատմաբան մը ըլլալուն որակումը ինչպէ՞ս կը նկատեն։
24 Շատեր հաստատած են անոր լաւ պատմաբան մը ըլլալը։ 1913–ին, Սըր Ուիլիըմ Ռամսէյ բանախօսութեան մը մէջ գովաբանեց Ղուկասի երկին պատմական արժէքը։ Ի՞նչ էր իր եզրակացութիւնը։ «Ղուկաս առաջին դասի պատմաբան մըն է. ոչ միայն իր ներկայացուցած իրողութիւնները արժանահաւատ են, այլ ան պատմական լաւ դատողութիւն ունի»։8 Աւելի վերջերս, ուսումնականներ նոյն եզրակացութեան յանգած են։ Գրական աշխատանք մը (The Living Word Commentary) Ղուկասի յատկացուցած իր հատորներու ներածականին մէջ կ’ըսէ. «Ղուկաս թէ՛ պատմաբան (եւ ճշմարիտ պատմաբան մը) եւ թէ աստուածաբան մըն էր»։
25 Բժիշկ Տէյվիտ Կուտինկ, Հիւսիսային Իրլանտայի
մէջ Հին Կտակարանի Յունարէնի նախկին ուսուցչապետ մը, կ’ըսէ թէ Ղուկաս «Հին Կտակարանի պատմաբաններու աւանդութեան մէջ եւ Թուկիդիտէսի [վաղեմի աշխարհին ամենէն համբաւաւոր պատմաբաններէն մէկը] շարքին վաղեմի պատմաբան մը»ն էր։ Անոնց նման, ան տգնաջան աշխատանք թափած ըլլալու էր իր աղբիւրները հետազօտելու, իր նիւթը ընտրելու եւ զայն տրամադրելի դարձնելու համար ...։ Թուկիդիտէս այս կերպին միացուց պատմական ճշգրտութեան սէրը. պատճառ չունինք խորհելու թէ Ղուկաս անկէ նուազ ըրաւ»։926. (ա) Յիսուսի յարութեան շուրջ Ղուկասի եզրակացութիւնը ի՞նչ էր։ (բ) Հաւանաբար ի՞նչ բան զօրացուցած էր զայն որ այս եզրակացութեան յանգի։
26 Նիսան 16–ին, այս լաւատեղեակ անհատը Յիսուսի շիրիմին դատարկ ըլլալուն մասին ի՞նչ եզրակացութեան յանգեցաւ։ Թէ՛ իր Աւետարանին եւ թէ Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ, Ղուկաս կը տեղեկագրէ թէ Յիսուսի մեռելներէն յարուցուիլը իրողութիւն մըն է։ (Ղուկաս 24։1–52. Գործք 1։3) Ան ո՛չ մէկ կասկած ունէր այդ մասին։ Թերեւս, յարութեան հրաշքին մասին իր հաւատքը զօրացած էր իր անձնական փորձառութեամբ։ Թէեւ երեւութապէս ան յարութեան ականատես չէր եղած, բայց կը տեղեկագրէ որ Պօղոս առաքեալի կողմէ կատարուած հրաշքները տեսած էր։—Գործք 20։7–12. 28։8, 9
Անոնք Տեսան Յարուցեալ Յիսուսը
27. Ուրիշ որո՞նք ալ դաւանեցան յարուցեալ Յիսուսը տեսած ըլլալ։
27 Աւետարաններուն երկուքը աւանդականօրէն վերագրուած են այն մարդոց, որոնք ճանչցան Յիսուսը, տեսան անոր մեռնիլը եւ դաւանեցան որ զայն իրապէս տեսան անոր յարութենէն ետք։ Անոնցմէ մէկն էր Մատթէոս առաքեալը՝ նախկին մաքսահաւաքը, իսկ միւսը՝ Յովհաննէսը՝ Յիսուսի սիրելի առաքեալը։ Աստուածաշունչի ուրիշ գրող մը՝ Պօղոս առաքեալն ալ դաւանեցաւ որ յարուցեալ Քրիստոսը տեսած էր։ Պօղոս կը թուէ նաեւ շատերու անունները որոնք Յիսուսը ողջ Ա. Կորնթացիս 15։3–8
տեսան անոր մահէն ետք եւ ան կ’ըսէ թէ առիթով մը, ան «հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներու» երեւցաւ։—28. Յիսուսի յարութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ Պետրոսին վրայ։
28 Պօղոսի յիշած ականատեսներէն մէկն է՝ Յակոբոսը, Յիսուսի մարմնաւոր կէս եղբայրը որ Յիսուսը կը ճանչնար իր մանկութենէն։ Ուրիշ մը՝ Պետրոս առաքեալն էր. պատմաբան Ղուկաս կը տեղեկագրէ որ ան անվախօրէն վկայեց Յիսուսի յարութեան մասին, անոր մահէն միայն քանի մը շաբաթներ ետք։ (Գործք 2։23, 24) Աստուածաշունչին մէջ երկու նամակներ աւանդականօրէն վերագրուած են Պետրոսի, իսկ անոնցմէ առաջինին մէջ, Պետրոս ցոյց կու տայ թէ Յիսուսի յարութեան հանդէպ իր հաւատքը տակաւին զինք կը խթանէր, նոյնիսկ այդ դէպքէն տարիներ ետք։ Ան գրեց. «Օրհնեալ է Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը՝ որ իր առատ ողորմութեամբ մեզ նորէն ծնաւ կենդանի յոյսին համար՝ Յիսուս Քրիստոսին մեռելներէն յարութիւն առնելովը»։—Ա. Պետրոս 1։3
29. Թէեւ հիմա մենք չենք կրնար յարութեան ականատեսներուն հետ խօսիլ, այսուհանդերձ տպաւորիչ ի՞նչ ապացոյցներ մատչելի են մեզի։
29 Հետեւաբար, Ղուկաս կրցաւ խօսիլ անհատներու հետ, որոնք կը դաւանէին Յիսուսի մահէն ետք զայն տեսած ու անոր հետ խօսած ըլլալ։ Իսկ մենք կրնանք կարդալ անոնց գրած կարգ մը խօսքերը եւ անձամբ դատել թէ այդ մարդիկը խաբուա՞ծ էին, կը ջանային մե՞զ խաբել, թէ ոչ իրապէս տեսած էին յարուցեալ Քրիստոսը։ Իրականութեան մէջ, կարելի չէր որ անոնք խաբուած ըլլային։ Անոնցմէ շատերը Յիսուսի մտերիմ բարեկամներն էին մինչեւ անոր մահը։ Իսկ ոմանք, տանջանքի ցիցին վրայ անոր հոգեվարքին ականատես եղած էին։ Անոնք տեսան ջրախառն արեան հոսիլը երբ զինուորներէն մէկը գեղարդով զայն խոցեց։ Այդ զինուորը գիտէր, անոնք ալ գիտէին, որ Յիսուս մեռած էր. կասկած չկար այդ ուղղութեամբ։ Ապա, անոնք ըսին որ Յիսուսը ողջ տեսած եւ անոր հետ իրապէս խօսած էին։ Ո՛չ, անոնք չէին կրնար խաբուած ըլլալ։ Հետեւաբար, Յովհաննու 19։32–35. 21։4, 15–24
անոնք կը ջանային մե՞զ խաբել, ըսելով թէ Յիսուս յարուցուած էր։—30. Ինչո՞ւ անկարելի է որ Յիսուսի յարութեան նախկին ականատեսները սուտ խօսէին։
30 Ասոր պատասխանելու համար, պարզապէս մենք մեզի հարց տանք. Արդեօք անոնք կը հաւատայի՞ն իրենց խօսքերուն։ Այո, անկասկած։ Քրիստոնեաներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր ականատես եղած ըլլալ դաւանողներուն համար, Յիսուսի յարութիւնը իրենց հաւատքին բուն հիմը կը կազմէր։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ուրեմն մեր քարոզչութիւնը պարապ է ու ձեր հաւատքն ալ պարապ է ...։ Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ձեր հաւատքը պարապ է»։ (Ա. Կորնթացիս 15։14, 17) Երբ Պօղոս կ’ըսէ թէ ինք յարուցեալ Քրիստոսը տեսած է, արդեօք ստախօսի մը պէ՞ս կը հնչեն իր խօսքերը։
31, 32. Նախկին Քրիստոնեաները ի՞նչ զոհողութիւններ ըրին, եւ ասիկա ինչո՞ւ զօրաւոր ապացոյց մըն է թէ այդ Քրիստոնեաները ճշմարտութիւնը կը խօսէին, երբ կ’ըսէին թէ Յիսուս յարուցուած էր։
31 Խորհեցէք թէ այդ օրերուն ի՛նչ կը նշանակէր Քրիստոնեայ մը ըլլալ։ Անիկա պատիւ, զօրութիւն, կամ հարստութիւն ձեռք ձգելու չէր նպաստեր, այլ՝ ճիշդ հակառակը։ Նախկին Քրիստոնեաներէն շատեր իրենց հաւատքին սիրոյն ‘իրենց ստացուածքին կողոպտուիլը ուրախութեամբ ընդունեցին’։ (Եբրայեցիս 10։34) Քրիստոնէութիւն ողջունելը կը նշանակէր անձնազոհ կեանք մը վարել եւ հալածանքներու ենթարկուիլ, որ շատ յաճախ նահատակութեամբ՝ ամօթալի եւ ցաւալի մահով՝ կը վերջանար։
32 Քրիստոնեաներէն ոմանք հարուստ ընտանիքներէ եկած էին, ինչպէս Յովհաննէս առաքեալը, որու հայրը, ըստ երեւոյթին, Գալիլիոյ մէջ ձկնորսութեան բարգաւաճ առեւտուր մը ունէր։ Շատ մը ուրիշներ լաւ ապագայ կը խոստանային, ինչպէս Պօղոսը, որ Քրիստոնէութիւնը ընդունելէ առաջ համբաւաւոր ռաբբի Գամաղիէլի աշակերտը եղած էր եւ սկսած էր երեւելի մէկը դառնալ Հրեայ կառավարիչներու աչքին։ (Գործք 9։1, 2. 22։3. Գաղատացիս 1։14) Սակայն, անոնք բոլորն ալ իրենց կռնակը դարձուցին այս աշխարհի մատուցած բաներուն, որպէսզի Յիսուսը մեռելներէն յարուցուած ըլլալուն պատգամը տարածէին։ (Կողոսացիս 1։23, 28) Անոնք ինչո՞ւ այսպիսի զոհողութիւններ պիտի ընէին հարցի մը համար տառապելով, զոր գիտէին թէ սուտի վրայ հիմնուած էր։ Վստահաբար այսպիսի բան մը պիտի չընէին։ Անոնք յօժար էին տառապելու եւ մեռնելու այն հարցին համար, զոր գիտէին թէ ճշմարտութեան վրայ հիմնուած էր։
Հրաշքները Իրապէս Տեղի Ունեցան
33, 34. Քանի որ յարութիւնը իրապէս տեղի ունեցաւ, ի՞նչ կրնանք ըսել Աստուածաշունչի մնացեալ հրաշքներուն մասին։
33 Արդարեւ, վկայեալ ապացոյցները ամբողջովին համոզիչ են։ Յիսուս իրապէս մեռելներէն յարուցուեցաւ Հ.Դ. 33–ի Նիսան 16–ին։ Քանի որ այդ յարութիւնը տեղի ունեցաւ, Աստուածաշունչի մնացեալ բոլոր հրաշքներն ալ կարելի են, հրաշքներ որոնց համար ալ ականատեսներու զօրաւոր վկայութիւններ ունինք։ Այն նոյն Զօրութիւնը որ Յիսուսը մեռելներէն յարուց, կարող դարձուց որ Յիսուս Նային քաղաքի որբեւայրիին որդին յարուցանէ։ Անիկա նաեւ Յիսուսը զօրացուց աւելի նուազ՝ բայց դարձեալ սքանչելի՝ բուժումի հրաշքներ կատարելու համար։ Դարձեալ, այդ նոյն զօրութեան միջոցաւ էր որ Յիսուս ամբոխները հրաշալիօրէն կերակրեց եւ կրցաւ ջուրին վրայէն քալել։—Ղուկաս 7։11–15. Մատթէոս 11։4–6. 14։14–21, 23–31
34 Հետեւաբար, պատճառ չունինք Աստուածաշունչի հարազատութեան վրայ կասկածելու, պարզ անոր համար որ անիկա հրաշքներու մասին կը խօսի։ Ընդհակառակը, այն իրողութիւնը թէ Աստուածաշունչի ժամանակներուն հրաշքները իրապէս տեղի ունեցած են, զօրաւոր ապացոյց մըն է թէ Աստուածաշունչը իրապէս Աստուծոյ Խօսքն է։ Սակայն Աստուածաշունչին դէմ եղած ուրիշ ամբաստանութիւն մըն ալ կայ։ Շատեր կ’ըսեն թէ անիկա ինքզինք կը հակասէ եւ հետեւաբար չի կրնար Աստուծոյ Խօսքը ըլլալ։ Ասիկա ճի՞շդ է արդեօք։
[Ստորանիշեր]
^ պարբ. 6 «Սովորաբար» կ’ըսենք, քանի որ Աստուածաշունչին մէջ կարգ մը հրաշքներ թերեւս բնական երեւոյթներ պարփակած են, ինչպէս երկրաշարժներ կամ հողավեժեր։ Այսուհանդերձ, անոնք տակաւին հրաշքներ նկատուած են, քանի որ ճիշդ պէտք եղած ժամանակին տեղի ունեցած են, ուստի բացայայտօրէն՝ Աստուծոյ առաջնորդութեամբ։—Յեսուայ 3։15, 16. 6։20
^ պարբ. 17 Հրէական օրը կը սկսէր երեկոյեան ժամը 6–ի ատենները եւ կը շարունակուէր մինչեւ յաջորդ երեկոյեան 6–ը։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Մէջբերում՝ էջ 81]
Քրիստոնէութեան թշնամիները ըսին թէ աշակերտները Յիսուսի մարմինը գողցան։ Եթէ այս ըլլար պարագան, Քրիստոնեաները ինչո՞ւ պիտի յօժարէին յարութեան վրայ հիմնուած հաւատքի մը համար մեռնիլ։
[Շրջանակ՝ էջ 85]
Ինչո՞ւ մեր օրերուն հրաշքներ չեն կատարուիր
Երբեմն հետեւեալ հարցումը կը լսենք. ‘Ինչո՞ւ մեր օրերուն հրաշքներ չեն կատարուիր, ինչպէս կը կատարուէին Աստուածաշունչի օրերուն’։ Պատասխանը հետեւեալն է. հրաշքները այն ատեն իրենց նպատակին ծառայեցին, բայց մեր օրերուն Աստուած կ’ակնկալէ մեզմէ որ հաւատքով ապրինք։—Ամբակումայ 2։2–4. Եբրայեցիս 10։37–39
Մովսէսի օրերուն, հրաշքներ կատարուեցան Մովսէսի յանձնարարագիրը հաստատելու համար։ Անոնք ցոյց տուին թէ Եհովա զինք կը գործածէր, թէ Օրէնքի ուխտը իրապէս աստուածային ծագում ունէր եւ թէ Իսրայելացիները այսուհետեւ Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդն էին։—Ելից 4։1–9, 30, 31. Բ. Օրինաց 4։33, 34
Առաջին դարուն, հրաշքները Յիսուսի եւ, իրմէ ետք, Քրիստոնէական մանուկ ժողովքին յանձնարարագիրը հաստատելուն նպաստեցին։ Անոնք օգնեցին ցոյց տալու թէ Յիսուս խոստացեալ Մեսիան էր, թէ իր մահէն ետք Քրիստոնէական ժողովքը մարմնաւոր Իսրայէլին փոխարինած էր որպէս Աստուծոյ մասնաւոր ժողովուրդը եւ թէ Մովսիսական օրէնքը այլեւս ի զօրու չէր։—Գործք 19։11–20. Եբրայեցիս 2։3, 4
Առաքեալներուն օրերէն ետք, հրաշքներուն ժամանակը անցաւ։ Պօղոս առաքեալ բացատրած էր. «Եթէ մարգարէութիւններ ըլլան՝ պիտի խափանին, եթէ լեզուներ՝ պիտի դադարին, եթէ գիտութիւն՝ պիտի խափանուի։ Վասնզի շատէն քիչը գիտենք ու շատէն քիչը կը մարգարէանանք։ Բայց երբ կատարեալը գայ, այն ատեն շատէն քիչը պիտի խափանուի»։—Ա. Կորնթացիս 13։8-10
Ներկայիս, ամբողջ Աստուածաշունչը ունինք, որ կը բովանդակէ Աստուծոյ բոլոր յայտնութիւններն ու խրատները։ Մարգարէութիւններու կատարումը կը տեսնենք եւ Աստուծոյ նպատակներուն կանխահաս հասկացողութիւնը ձեռք կը ձգենք։ Հետեւաբար, այլեւս հրաշքներու կարիքը չկայ։ Այսուհանդերձ, Աստուծոյ այդ նոյն հոգին, որ հրաշքներ կատարեց, տակաւին կը գործէ եւ այնպիսի նշաններ կու տայ, որոնք հաւասարապէս զօրաւոր փաստեր են աստուածային զօրութեան։ Այս մասին աւելին նկատի պիտի առնենք հետագայ գլուխի մը մէջ։
[Նկար՝ էջ 75]
Շատեր բնութեան օրէնքներուն արժանահաւատ ըլլալը, զոր օրինակ, ամէն առաւօտ արեւուն ծագիլը, կը նկատեն որպէս փաստ մը թէ հրաշքները չեն կրնար տեղի ունենալ
[Նկար՝ էջ 77]
Որպէս կենդանի բաներու բնակարան մը՝ երկրին ստեղծագործութիւնը ‘հրաշալի դէպք’ մըն էր, որ տեղի ունեցաւ մէկ անգամ
[Նկարներ՝ էջ 78]
Արդի գիտութեան սքանչելիքները ինչպէ՞ս պիտի բացատրէիք անհատի մը՝ որ 200 տարի առաջ կ’ապրէր։