ՍԱՂՄՈՍ 59։1-17

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը, երբ իր տունը պաշարեցին զինք մեռցնելու համար 59  Թշնամիներէս զիս փրկէ՛, ո՛վ իմ Աստուածս.Իմ վրաս ելլողներէն զիս պաշտպանէ՛։   Անօրէնութիւն գործողներէն զիս ազատէ՛Ու արիւնահեղ մարդոցմէն զիս փրկէ՛։   Վասն զի ահա իմ անձիս համար դարանը մտան,Զօրաւոր մարդիկ իմ վրաս հաւաքուեցան։Ո՛չ թէ մեղքիս ու յանցանքիս համար, ո՛վ Տէր։   Մեղք չունեցած ատենս ալ վրաս վազեցին ու պատրաստուեցան.Արթնցի՛ր, զիս դիմաւորէ՛ եւ նայէ՛։   Ո՛վ Տէր Աստուած զօրութեան, Աստուած Իսրայէլի,Արթնցի՛ր եւ բոլոր հեթանոսները քննէ՛։Չար անօրէններուն բնաւ մի՛ ողորմիր։ (Սէլա։)   Անոնք իրիկունը ետ կու գան,Շան պէս կ’ոռնանՈւ քաղաքին չորս կողմը կը պտըտին։   Ահա իրենց բերնէն չարութիւն դուրս կը թափեն,Անոնց շրթունքներուն վրայ սուրեր կան,Վասն զի կ’ըսեն. «Ո՞վ պիտի լսէ»։   Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր, անոնց վրայ պիտի ծիծաղիս։Բոլոր հեթանոսները ծաղր պիտի ընես։   Ո՛վ իմ զօրութիւնս*, քեզի պիտի սպասեմ,Վասն զի Աստուած է իմ ապաւէնս։ 10  Ողորմութեանս Աստուածը ինծի պիտի հասնի.Աստուած պիտի ցուցնէ ինծի թշնամիներուս կորուստը։ 11  Մի՛ մեռցներ զանոնք, որպէս զի ժողովուրդս չմոռնայ.Զանոնք ցիրուցան ըրէ՛ քու զօրութիւնովդՈւ վար ձգէ՛ զանոնք, ո՛վ Տէր, մեր վահանը։ 12  Անոնք իրենց բերաններուն մեղքին ու շրթունքներուն խօսքին համարԻրենց ամբարտաւանութեանը մէջ թո՛ղ բռնուին,Նաեւ անէծքին ու սուտին համար որ կը խօսին։ 13  Կորսնցո՛ւր բարկութիւնով, կորսնցո՛ւր զանոնք՝ որպէս զի ոչնչանանՈւ գիտնան թէ Աստուած կը տիրէ Յակոբին վրայՄինչեւ երկրին ծայրերը։ (Սէլա։) 14  Անոնք իրիկունը ետ կու գան,Շան պէս ոռնալով,Քաղաքին չորս կողմը կը պտըտին։ 15  Ուտելիքի համար պիտի թափառին,Եթէ չկշտանան՝ գիշերը այնպէս պիտի անցընեն։ 16  Բայց ես քու զօրութիւնդ պիտի փառաբանեմՈւ առտուն քու ողորմութիւնովդ պիտի ցնծամ,Վասն զի դուն ինծի պահապան եղարՈւ ապաւէն՝ իմ նեղութեանս օրը։ 17  Ո՛վ իմ զօրութիւնս, քեզի սաղմոս պիտի երգեմ,Վասն զի իմ պաշտպանս Աստուած է,Իմ ողորմութեանս Աստուածը։

Ստորանիշներ

59։9 Կամ, անոր զօրութիւնը