ՍԱՂՄՈՍ 43։1-5

43  Իմ դատս տես, ո՛վ Աստուած, ու իրաւունքս պաշտպանէ՛Անաստուած ազգէն։Նենգաւոր ու անօրէն մարդէն զիս ազատէ,   Քանզի դուն ես իմ ամրութեանս Աստուածը։Ինչո՞ւ զիս կը մերժես,Ինչո՞ւ տրտում պտըտիմԹշնամիին հարստահարութենէն։   Քու լոյսդ ու ճշմարտութիւնդ ղրկէ, որպէս զիԱնոնք առաջնորդեն ինծի ու զիս հանենՔու սուրբ լեռդ ու բնակարաններդ։   Աստուծոյ սեղանին քով պիտի երթամ,Իմ ուրախութեանս ու ցնծութեանս Աստուծոյն առջեւ։Քեզ քնարով պիտի գովեմ,Ո՛վ Աստուած, իմ Աստուածս։   Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս,Եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես։Աստուծո՛յ յուսա, վասն զի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ.Ա՛ն է իմ երեսիս փրկութիւնը ու իմ Աստուածս։

Ստորանիշներ