ՍԱՂՄՈՍ 132։1-18
Աստիճաններուն երգը
132 Դաւիթին սիրոյն, ո՛վ Տէր, յիշէ՛ Դաւիթը եւ անոր բոլոր նեղութիւնները,
2 Որ երդում ըրաւ ՏէրոջըԵւ ուխտ դրաւ Յակոբին Զօրաւորին,
3 Ըսելով. «Իմ տանս բնակարանը պիտի չմտնեմՈւ իմ փռած անկողինիս վրայ պիտի չելլեմ։
4 Իմ աչքերուս՝ քունԵւ արտեւանունքներուս նիրհում պիտի չտամ,
5 Մինչեւ Տէրոջը համար տեղ մը գտնեմՅակոբին՝ Զօրաւորին համար՝ բնակարան»։
6 Ահա անոր վրայով լսեցինք Եփրաթայի մէջԵւ զանիկա գտանք անտառի դաշտերուն մէջ։
7 «Մտնենք անոր բնակարաններըՈւ երկրպագութիւն ընենք անոր պատուանդանին քով»։
8 Քու հանգստութեանդ տեղը ելի՛ր, ո՛վ Տէր,Դուն ու քու զօրութեանդ տապանակը։
9 Քահանաներդ թող արդարութիւն հագնինԵւ քու սուրբերդ ցնծան։
10 Քու Դաւիթ ծառայիդ սիրոյնԱնդին մի՛ դարձներ քու օծեալիդ երեսը։
11 Տէրը երդում ըրաւ Դաւիթին ճշմարտութեամբՈւ ետ չի դառնար անկէ.«Քու որովայնիդ պտուղէն մէկըՔու աթոռիդ վրայ պիտի նստեցնեմ։
12 Եթէ քու որդիներդ պահեն իմ ուխտս ու վկայութիւններսՈրոնք անոնց պիտի սորվեցնեմ,Այն ատեն անոնց որդիներն ալՔու աթոռիդ վրայ պիտի նստին յաւիտեան»։
13 Վասն զի Տէրը Սիօնը ընտրեցԵւ զանիկա իրեն բնակութեան համար ուզեց,
14 Ըսելով. «Այս է իմ յաւիտենական հանգստավայրս։Ասոր մէջ պիտի բնակիմ, վասն զի ասիկա ուզեցի։
15 Անոր պաշարը առատութեամբ պիտի օրհնեմՈւ անոր աղքատները հացով պիտի կշտացնեմ
16 Եւ անոր քահանաներուն փրկութիւն պիտի հագցնեմՈւ անոր սուրբերը ուրախութեամբ պիտի ցնծան։
17 Այն տեղը Դաւիթին եղջիւր պիտի բուսցնեմՈւ ճրագ պիտի պատրաստեմ իմ օծեալիս համար։
18 Անոր թշնամիներուն ամօթ պիտի հագցնեմ,Բայց անոր վրայ իր թագը պիտի ծաղկի։