ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 10։1-42

10  Յիսուս իր քով կանչելով իր տասներկու աշակերտները, անոնց իշխանութիւն տուաւ պիղծ ոգիներուն վրայ, որպէս զի զանոնք հանեն եւ ամէն ցաւ ու ամէն հիւանդութիւն բժշկեն։  Տասներկու առաքեալներուն անունները ասոնք են. առաջինը Սիմոն, Պետրոս ըսուածը եւ անոր եղբայրը Անդրէաս,  Յակոբոս Զեբեդեան եւ անոր եղբայրը Յովհաննէս, Փիլիպպոս եւ Բարթողիմէոս, Թովմաս եւ Մատթէոս մաքսաւոր, Յակոբոս Ալփեան եւ Ղեբէոս որ Թադէոս մականուանուեցաւ,  Սիմոն Կանանացի եւ Յուդա Իսկարիովտացի, որ մատնեց զանիկա։ ՏԱՍՆԵՐԿՈՒՔԻՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ (Մարկ. 6։7-13. Ղուկ. 9։1-6)  Յիսուս այս տասներկուքը ղրկեց եւ անոնց պատուիրեց՝ ըսելով. «Հեթանոսներու ճամբայ մի՛ երթաք ու Սամարացիներու քաղաք մի՛ մտնէք,  Հապա աւելի Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն գացէք։  Ու երբ կ’երթաք, քարոզեցէք ու ըսէք. ‘Երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է’։  Հիւանդները բժշկեցէք, բորոտները մաքրեցէք*, դեւերը հանեցէք. ձրի առեր էք, ձրի տուէք։  Մի՛ ստանաք ոսկի եւ ո՛չ արծաթ եւ ո՛չ պղինձ ձեր գօտիներուն մէջ։ 10  Ո՛չ ճամբու համար պարկ եւ ո՛չ կրկին հանդերձ, ո՛չ կօշիկ, ո՛չ գաւազան. վասն զի մշակը իր կերակուրին արժանի է։ 11  Երբ քաղաք մը կամ գիւղ մը մտնէք, հարցուցէք թէ ո՞վ է անոր մէջ արժանաւորը ու անոր քով կեցէք մինչեւ անկէ ելլէք։ 12  Երբ տունը կը մտնէք, բարեւ տուէք անոր*։ 13  Եթէ այն տունը արժանաւոր է, ձեր բարեւը անոր վրայ ըլլայ, իսկ եթէ արժանաւոր չէ, ձեր բարեւը ձեզի դառնայ։ 14  Եթէ մէկը ձեզ չընդունի ու ձեր խօսքերը մտիկ չընէ, երբ այն տունէն կամ քաղաքէն կ’ելլէք, ձեր ոտքերուն փոշին թօթուեցէք։ 15  Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Սոդոմացիներուն ու Գոմորացիներուն երկրին աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը քան թէ այն քաղաքին»։ ՎԵՐԱՀԱՍ ՀԱԼԱԾԱՆՔՆԵՐԸ (Մարկ. 13։9-13. Ղուկ. 21։12-17) 16  «Ահա ես ձեզ կը ղրկեմ իբրեւ ոչխարներ գայլերու մէջ. ուստի օձերու պէս խորագէտ եղէք եւ աղաւնիներու պէս միամիտ։ 17  Իսկ մարդոցմէ զգուշացէք. վասն զի ձեզ ատեաններու պիտի մատնեն ու իրենց ժողովարաններուն մէջ ձեզ պիտի ծեծեն։ 18  Եւ իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի տարուիք, անոնց եւ հեթանոսներուն վկայութիւն ըլլալու համար։ 19  Բայց երբ ձեզ մատնեն, հոգ մի՛ ընէք թէ ինչպէ՛ս կամ ի՛նչ պիտի խօսիք, վասն զի ձեզի պիտի տրուի այն ժամուն՝ ինչ որ պիտի խօսիք։ 20  Վասն զի ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա ձեր Հօրը Հոգին՝ որ ձեր ներսիդին կը խօսի։ 21  Եղբայրը իր եղբայրը մահուան պիտի մատնէ եւ հայրը՝ որդին. եւ որդիներ իրենց ծնողքներուն վրայ պիտի ելլեն ու մեռցնեն զանոնք։ 22  Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք. բայց ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի։ 23  Երբ այս քաղաքին մէջ ձեզ հալածեն, ուրիշ քաղաք փախէք, քանզի ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Իսրայէլի քաղաքները պիտի չհատցնէք, մինչեւ Որդին մարդոյ գայ։ 24  Աշակերտը իր վարդապետէն աւելի չէ եւ ոչ ծառան՝ իր տիրոջմէն։ 25  Հերիք է աշակերտին՝ որ իր վարդապետին պէս ըլլայ ու ծառային՝ իր տիրոջը պէս։ Եթէ տանտէրը Բէեղզեբուղ կոչեցին, ո՜րչափ աւելի անոր ընտանիքը»։ ՈՐՄԷ՞ ՎԱԽՆԱԼ (Ղուկ. 12։2-7) 26  «Ուստի մի՛ վախնաք անոնցմէ, վասն զի բան մը չկայ ծածուկ որ պիտի չյայտնուի եւ գաղտուկ՝ որ պիտի չգիտցուի։ 27  Ինչ որ ձեզի մութի մէջ կ’ըսեմ, զանիկա լոյսի մէջ խօսեցէք եւ ինչ որ ականջն ի վար կը լսէք, տանիքներուն վրայ քարոզեցէք։ 28  Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու չեն կրնար հոգին սպաննել. հապա աւելի անկէ վախցէք, որ կրնայ հոգին ու մարմինը գեհենին մէջ կորսնցնել։ 29  Չէ՞ որ երկու ճնճղուկ մէկ դանկի կը ծախուին եւ անոնցմէ մէկը գետինը չ’իյնար առանց ձեր Հօրը հրամանին։ 30  Բայց ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են։ 31  Ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք»։ ՅԻՍՈՒՍԸ ԴԱՒԱՆԻԼ ԵՒ ՈՒՐԱՆԱԼ (Ղուկ. 12։8, 9) 32  «Ա՛րդ՝ ով որ մարդոց առջեւ զիս կը դաւանի, ես ալ զանիկա պիտի դաւանիմ Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է։ 33  Եւ ով որ մարդոց առջեւ զիս կ’ուրանայ, ես ալ զանիկա պիտի ուրանամ իմ Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է»։ ՈՉ ԹԷ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ, ԱՅԼ՝ ՍՈՒՐ (Ղուկ. 12։51-53. 14։26, 27) 34  «Մի՛ կարծէք թէ ես երկրի վրայ խաղաղութիւն ձգելու եկայ։ Խաղաղութիւն ձգելու չեկայ, հապա՝ սուր։ 35  Վասն զի եկայ տղան իր հօրմէն զատելու ու աղջիկը՝ իր մօրմէն ու հարսը՝ կեսուրէն։ 36  Մարդուն թշնամիները իր ընտանիքը պիտի ըլլան։ 37  Ան որ հայրը կամ մայրը ինձմէ աւելի կը սիրէ, ինծի արժանի չէ եւ ան որ տղան կամ աղջիկը ինձմէ աւելի կը սիրէ, ինծի արժանի չէ։ 38  Ան որ իր խաչը չ’առներ ու իմ ետեւէս գար, ինծի արժանի չէ։ 39  Ան որ իր անձը կը գտնէ, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ան որ իր անձը ինծի համար կը կորսնցնէ, պիտի գտնէ զանիկա»։ ՎԱՐՁՔԸ (Մարկ. 9։40) 40  «Ան որ ձեզ կ’ընդունի, զիս կ’ընդունի. եւ ան որ զիս կ’ընդունի, զիս ղրկողը կ’ընդունի։ 41  Ան որ մարգարէ մը կ’ընդունի մարգարէի անունով, մարգարէի վարձք պիտի առնէ եւ ան որ արդար մը կ’ընդունի արդարի անունով, արդարի վարձք պիտի առնէ։ 42  Ու ան որ այս պզտիկներէն մէկուն միայն գաւաթ մը պաղ ջուր խմցնէ աշակերտի անունով, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, բնաւ իր վարձքը պիտի չկորսնցնէ»։

Ստորանիշներ

10։8 մաքրեցէք, մեռելները յարուցանեցէք
10։12 Ոմանք, անոր՝ ու ըսէք, «Բարեւ այս տանը»