ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ 20։1-47

20  Օր մը, երբ տաճարին մէջ ժողովուրդին կը սորվեցնէր եւ աւետարանը կը քարոզէր, քահանայապետներն ու դպիրները ծերերուն հետ մէկտեղ վրայ հասան  Եւ անոր հետ խօսեցան՝ ըսելով. «Ըսէ մեզի, ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընես այդ բաները. կամ ո՞վ է այդ իշխանութիւնը քեզի տուողը»։  Պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի բան մը հարցնեմ եւ ըսէք ինծի.  ‘Յովհաննէսին մկրտութիւնը երկնքէ՞ն էր թէ մարդոցմէ’»։  Անոնք իրենց մէջ խորհեցան ու ըսին.  «Եթէ ըսենք՝ ‘Երկնքէն’, պիտի ըսէ, ‘Հապա ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր’. իսկ եթէ ըսենք՝ ‘Մարդոցմէ’, բոլոր ժողովուրդը մեզ պիտի քարկոծեն, վասն զի հաստատ համոզուած էին թէ՝ Յովհաննէս մարգարէ էր»։  Պատասխան տուին թէ չեն գիտեր ուրկէ՛ էր։  Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները»։ ԱՅԳԻԻՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ (Մատթ. 21։33-46. Մարկ. 12։1-12)  Յիսուս այս առակը ըսաւ ժողովուրդին. «Մարդ մը այգի տնկեց եւ զանիկա մշակներու յանձնեց ու ինք օտար երկիր երթալով՝ շատ ժամանակ մնաց։ 10  Ատենին՝ ծառայ մը ղրկեց մշակներուն, որպէս զի այգիին պտուղէն անոր տան. իսկ մշակները ծեծեցին զանիկա ու պարապ ճամբեցին։ 11  Ուրիշ ծառայ մըն ալ ղրկեց. անոնք զանիկա ալ ծեծեցին, անարգեցին ու պարապ ճամբեցին։ 12  Երրորդ մըն ղրկեց. անոնք զանիկա ալ վիրաւորեցին ու դուրս հանեցին։ 13  Այն ատեն այգիին տէրը ըսաւ. ‘Ի՞նչ ընեմ, իմ սիրելի որդիս ղրկեմ, թերեւս զանիկա տեսնելով ամչնան’։ 14  Բայց մշակները երբ տեսան զանիկա, իրարու հետ խորհուրդ ըրին՝ ըսելով. ‘Ասիկա է ժառանգորդը, եկէք զանիկա սպաննենք, որպէս զի ժառանգութիւնը մեզի մնայ’։ 15  Զանիկա այգիէն դուրս հանեցին ու սպաննեցին։ Ուստի այգիին տէրը ի՞նչ պիտի ընէ անոնց։ 16  Պիտի գայ ու կորսնցնէ այն մշակները եւ այգին ուրիշներու պիտի տայ»։ 17  Երբ այս լսեցին, ըսին. «Քա՛ւ լիցի»։ Ինք անոնց նայելով՝ ըսաւ. «Հապա ի՞նչ է այս գրուածը, թէ ‘Այն քարը որ շինողները մերժեցին, անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ’։ 18  Ամէն ով որ այն քարին վրայ իյնայ, պիտի կոտրտի եւ որու վրայ որ իյնայ, պիտի փսորէ զանիկա»։ 19  Քահանայապետներն ու դպիրները կը փնտռէին թէ ի՛նչպէս նոյն ժամուն ձեռք զարնեն անոր, բայց ժողովուրդէն վախցան. քանզի իմացան որ այն առակը իրենց համար ըսաւ։ ՏՈՒՐՔ ՎՃԱՐԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ (Մատթ. 22։15-22. Մարկ. 12։13-17) 20  Ետքը յարմար ատենի սպասելով, ղրկեցին քանի մը խաբեբայ մարդիկ, որոնք կեղծաւորութեամբ ինքզինքնին արդար կը ձեւացնէին, որպէս զի զանիկա խօսքով բռնեն՝ տէրութեան եւ կուսակալին իշխանութեանը մատնելու համար։ 21  Անոր հարցուցին՝ ըսելով. «Վա՛րդապետ, գիտենք որ ճշմարտախօս ես եւ աչառութիւն չես ըներ, հապա ճշմարտութեամբ Աստուծոյ ճամբան կը սորվեցնես։ 22  Օրինաւո՞ր է կայսրին տուրք տալը»։ 23  Յիսուս անոնց խորամանկութիւնը հասկնալով՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ զիս կը փորձէք։ 24  Ցուցուցէք ինծի դահեկան մը։ Որո՞ւն պատկերը ու գիրը կան վրան»։ Պատասխան տուին ու ըսին. «Կայսրին»։ 25  Ինք ալ ըսաւ անոնց. «Ուրեմն զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։ 26  Եւ չկրցան զանիկա խօսքով մը բռնել ժողովուրդին առջեւ ու զարմանալով անոր պատասխանին վրայ՝ լուռ կեցան։ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ (Մատթ. 22։23-33. Մարկ. 12։18-27) 27  Սադուկեցիներէն ոմանք եկան, որոնք կ’ըսէին թէ յարութիւն չկայ, եւ անոր հարցուցին՝ 28  Ըսելով. «Վա՛րդապետ, Մովսէս մեզի գրեց. ‘Եթէ մէկուն եղբայրը ամուսնանայ ու մեռնի ու մեռած ատենը զաւակ չունենայ, անոր եղբայրը առնէ այն կինը եւ իր եղբօրը զաւակ տայ’։ 29  Արդ եօթը եղբայրներ կային։ Առաջինը կին մը առնելով՝ զաւակ չունեցած մեռաւ։ 30  Երկրորդն ալ առաւ այն կինը եւ ինք ալ մեռաւ առանց զաւակի։ 31  Երրորդն ալ առաւ զանիկա. նմանապէս եօթն ալ ու զաւակ չձգեցին ու մեռան։ 32  Ամենէն ետքը կինն ալ մեռաւ։ 33  Ուրեմն յարութեան ատենը անոնցմէ որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ, վասն զի եօթն ալ զանիկա կին ունեցան»։ 34  Յիսուս պատասխան տալով անոնց՝ ըսաւ. «Այս աշխարհին որդիները կին կ’առնեն ու էրկան կը տրուին։ 35  Բայց անոնք որ արժանի պիտի ըլլան մեռելներէն յարութիւն առնելու ու այն աշխարհը հասնելու, ո՛չ կին պիտի առնեն եւ ո՛չ էրկան պիտի տրուին. 36  Որովհետեւ ա՛լ չեն կրնար մեռնիլ. քանզի հրեշտակներուն հաւասար են ու Աստուծոյ որդիներ եւ յարութեան որդիներ են։ 37  Բայց մեռելներուն յարութիւն առնելը Մովսէս ալ իմացուց մորենիին պատմութեանը մէջ, երբ կը կոչէ. ‘Տէրը՝ Աբրահամին Աստուածը ու Իսահակին Աստուածը եւ Յակոբին Աստուածը’։ 38  Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն, վասն զի ամէնքը անոր կենդանի են»։ 39  Դպիրներէն մէկ քանին պատասխան տուին ու ըսին. «Վա՛րդապետ, աղէկ ըսիր»։ 40  Ու ա՛լ մէկը չէր համարձակեր անոր բան մը հարցնել։ ՄԵՍԻԱՅԻՆ ՀԱՐՑԸ (Մատթ. 22։41-46. Մարկ. 12։35-37) 41  Բայց ըսաւ անոնց. «Ի՞նչպէս կ’ըսեն թէ Քրիստոս Դաւիթին որդին է։ 42  Երբ Դաւիթ սաղմոսներու գրքին մէջ կ’ըսէ. ‘Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ. «Նստէ իմ աջ կողմս, 43  Մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ»’։ 44  Ուրեմն քանի որ Դաւիթ զանիկա Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս անիկա իր որդին կ’ըլլայ»։ ՅԻՍՈՒՍ ԴՊԻՐՆԵՐԷՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ (Մատթ. 23։1-36. Մարկ. 12։38-40) 45  Բոլոր ժողովուրդին առջեւ ըսաւ իր աշակերտներուն. 46  «Զգուշացէ՛ք դպիրներէն, որոնք կ’ուզեն փառաւոր հանդերձներով պտըտիլ եւ շուկաներուն մէջ բարեւներ կը սիրեն ու ժողովարաններուն մէջ՝ առաջին աթոռները եւ ընթրիքներու մէջ՝ առաջին բազմոցները. 47  Անոնք որբեւայրիներուն տուները կ’ուտեն ու մարդոց երեւնալու համար աղօթքը կ’երկնցնեն. անոնք աւելի դատապարտութիւն պիտի ընդունին»։

Ստորանիշներ