ԹՈՒՂԹ ԱՌ ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12։1-21

12  Արդ՝ կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, Աստուծոյ ողորմութիւնովը, որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը։  Եւ մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է։  Քանզի ինծի տրուած շնորհքով* այս կ’ըսեմ ձեր մէջ եղող ամէն մէկուն, որ արժան եղածը մտածելէն աւելի բան չմտածէ, հապա զգաստ կենալ մտածէ հաւատքին չափովը, որ Աստուած ամէն մէկուն բաժնեց։  Վասն զի ինչպէս մէկ մարմնի մէջ շատ անդամներ ունինք ու այն բոլոր անդամները միեւնոյն գործը չունին,  Նոյնպէս մենք՝ շատուորներս՝ մէ՛կ մարմին ենք Քրիստոսով եւ ամէն մէկերնիս իրարու անդամներ ենք։  Ուստի մենք զանազան պարգեւներ ունենալով այն շնորհքին համեմատ որ մեզի տրուած է, եթէ մարգարէութիւն՝ հաւատքին չափովը գործածենք.  Եթէ սպասաւորութիւն՝ սպասաւորութեան մէջ ըլլանք. ան որ պիտի սորվեցնէ՝ սորվեցնելու ետեւէ ըլլայ.  Ան որ պիտի յորդորէ՝ յորդորելու ետեւէ, ան որ կը բաշխէ՝ պարզմտութեամբ թող ընէ, ան որ վերակացու է՝ ջանքով, ան որ կ’ողորմի՝ յօժարութեամբ.  Սէրը առանց կեղծաւորութեան ըլլայ, չարէն զզուելով, բարիին յարելով։ 10  Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք. պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք. 11  Ջանքի մէջ թուլասիրտ մի՛ ըլլաք. Հոգիով բորբոքեցէ՛ք. Տէրոջը ծառայեցէ՛ք. 12  Յոյսով ուրախ եղէ՛ք. նեղութեան մէջ համբերեցէ՛ք. ստէպ աղօթքի կեցէ՛ք. 13  Սուրբերուն պէտքերուն հաղորդ եղէ՛ք. հիւրասիրութեան ետեւէ եղէ՛ք. 14  Ձեզ հալածողները օրհնեցէ՛ք եւ մի՛ անիծէք. 15  Խնդացողներուն հետ խնդացէ՛ք եւ լացողներուն հետ լացէ՛ք. 16  Իրարու վրայ միեւնոյն խորհուրդը ունեցէ՛ք. ամբարտաւանութիւն մի՛ ընէք, հապա խոնարհներուն հետ խոնարհեցէ՛ք, ինքզինքնիդ իմաստունի տեղ մի՛ դնէք. 17  Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք. բոլոր մարդոց առջեւ բարի բաներ ընելու հոգ տարէ՛ք։ 18  Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք։ 19  Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք. վասն զի գրուած է. «‘Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ’, կ’ըսէ Տէրը»։ 20  Ուստի «եթէ քու թշնամիդ անօթեցեր է՝ հաց տուր անոր եւ եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր անոր. քանզի այս ընելով՝ անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր պիտի դիզես»։ 21  Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին։

Ստորանիշներ

12։3 Ոմանք, Աստուծոյ շնորհքով