ԵՍԱՅԵԱՅ 43։1-28

43  Հիմա, ո՛վ Յակոբ, քեզ ստեղծողըՈւ ո՛վ Իսրայէլ, քեզ ձեւակերպող Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Մի՛ վախնար, վասն զի ես քեզ փրկեցի,Քեզ քու անունովդ կանչեցի. դուն իմս ես։   Երբ ջուրերէն անցնիս, ես քեզի հետ պիտի ըլլամ,Երբ գետերէն անցնիս, պիտի չընկղմիս,Երբ կրակի մէջէն քալես, պիտի չայրիս,Բոցը քեզ պիտի չբռնկեցնէ։   Քանզի ես՝ քու Տէր Աստուածդ՝Իսրայէլի Սուրբը՝ քու Փրկիչդ եմ.Եգիպտոսը քեզի իբր փրկանք,Եթովպիան ու Սաբան քու տեղդ տուի։   Քանի որ իմ առջեւս պատուական եղար,Պատիւ գտար եւ ես քեզ սիրեցի.Անոր համար քու անձիդ փոխարէն՝ մարդՈւ քու հոգիիդ փոխարէն ժողովուրդներ պիտի տամ։   Մի՛ վախնար, քանզի ես քեզի հետ եմ.Քու սերունդդ արեւելքէն պիտի բերեմԵւ քեզ արեւմուտքէն պիտի հաւաքեմ։   Հիւսիսին պիտի ըսեմ՝ «Տո՛ւր»Ու հարաւին՝ «Մի՛ արգիլեր».Իմ տղաքներս հեռուէնՈւ աղջիկներս երկրի ծայրէն բե՛ր,   Այսինքն բոլոր իմ անունովս կոչուածները.Վասն զի անոնք իմ փառքիս համար ստեղծեցի,Զանոնք ձեւակերպեցի ու կազմեցի»։ ԻՍՐԱՅԷԼ՝ ՏԷՐՈՋԸ ՎԿԱՆ   Աչք ունեցող կոյր ժողովուրդըՈւ ականջ ունեցող խուլերը հանեցէք։   Բոլոր ազգերը մէկտեղ թող հաւաքուինԵւ ժողովուրդները թող հաւաքուին.Անոնցմէ ո՞վ կրնայ ասիկա յայտնելՈւ սկիզբի բաները մեզի գիտցնել։Իրենց վկաները թող բերեն որպէս զի արդարանանԵւ մարդիկ լսեն ու ըսեն թէ՝ ‘Ասիկա ճշմարիտ է’։ 10  «Իմ վկաներս դուք էք, կ’ըսէ Տէրը,Նաեւ իմ ընտրած ծառաս.Որպէս զի գիտնաք ու ինծի հաւատաքԵւ հասկնաք թէ ես եմ.Ինձմէ առաջ Աստուած չեղաւՈւ ինձմէ ետքն ալ պիտի չըլլայ։ 11  Տէրը ե՛ս եմ, ե՛ս եմԵւ ինձմէ ուրիշ փրկիչ չկայ։ 12  Ես պատմեցի ու փրկեցի եւ գիտցուցի,Երբ ձեր մէջ օտար աստուած չկարՈւ իմ վկաներս դո՛ւք էք, կ’ըսէ Տէրը, որ ե՛ս եմ Աստուած։ 13  Սկիզբէն* ի վեր ես նոյնն եմՈւ չկայ մէկը, որ իմ ձեռքէս կարենայ ազատիլ.Երբ ես բան մը ընեմ, ո՞վ կրնայ զանիկա արգիլել»։ ՓԱԽՈՒՍՏ ԲԱԲԵԼՈՆԷՆ 14  Այսպէս կ’ըսէ Տէրը՝Ձեր Փրկիչը՝ Իսրայէլի Սուրբը.«Ձեր սիրոյն համար Բաբելոն կը ղրկեմԵւ անոնց ամէն փախստականներըՈւ նաւերու մէջ աղաղակող Քաղդէացիները կ’իջեցնեմ*։ 15  Ես եմ Եհովան՝ ձեր Սուրբը,Իսրայէլին Ստեղծիչը, ձեր Թագաւորը։ 16  Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, որ ծովու մէջ ճամբայՈւ զօրաւոր ջուրերու մէջ շաւիղ կը բանայ, 17  Որ կառքն ու ձին, զօրքը եւ հզօրութիւնը կը հանէ,Անոնք մէկտեղ կը պառկին ու չեն ելլեր,Անոնք պատրոյգի պէս կը մարին եւ կ’անցնին։ 18  «Առաջուանները մի՛ յիշէքՈւ հին բաները մտքերնիդ մի՛ բերէք։ 19  Ահա ես նոր բան մը պիտի ընեմ, որ հիմա պիտի յայտնուի։Միթէ զանիկա պիտի չգիտնա՞ք։Ես անապատի մէջ ալ ճամբայ պիտի բանամՈւ անջրդի երկրի մէջ գետեր պիտի բղխեցնեմ։ 20  Զիս դաշտի գազանները,Չագալներն ու ջայլամները պիտի փառաւորեն,Վասն զի իմ ժողովուրդիս, իմ ընտրեալներուս, խմցնելու համար,Անապատի մէջ ջուրերԵւ անջրդի երկրի մէջ գետեր պիտի տամ։ 21  Ես այս ժողովուրդը ինծի համար ստեղծեցի,Անոնք իմ գովութիւնս պիտի պատմեն։ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՄԵՂՔԸ 22  «Բայց դուն ինծի չկանչեցիր, ո՛վ Յակոբ.Հապա ինձմէ ձանձրացար, ո՛վ Իսրայէլ։ 23  Քու ողջակէզներուդ ոչխարները ինծի չբերիրԵւ քու զոհերովդ զիս չփառաւորեցիր.Ընծայի համար քեզ չաշխատցուցի,Կնդրուկի համար քեզ չյոգնեցուցի։ 24  Ինծի համար ստակով խունկեղէգը ծախու չառիր,Քու զոհերուդ ճարպովը զիս չկշտացուցիր,Հապա քու մեղքերովդ զիս նեղեցիր,Քու անօրէնութիւններովդ զիս յոգնեցուցիր»։ 25  «Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ, որ քու յանցանքներդ ինծի համար կը ջնջեմՈւ քու մեղքերդ ա՛լ պիտի չյիշեմ։ 26  Միտքս ձգէ՛, մէկտեղ դատի ելլենք.Դուն խօսէ, որպէս զի արդարանաս։ 27  Քու նախահայրդ մեղք գործեցԵւ քու ուսուցիչներդ ինձմէ ապստամբեցան։ 28  Ուստի ես ալ սրբարանին իշխանները պիղծ սեպեցիԵւ Յակոբը՝ նզովքիՈւ Իսրայէլը նախատինքի մատնեցի»։

Ստորանիշներ

43։13 Եբր., Օրէն
43։14 Կամ, Եւ անոնց ամէնքը փախստական կիջեցնեմ Ու Քաղդէացիներուն աղաղակը նաւերուն մէջ պիտի ըլլայ