ԵԼԻՑ 32։1-35

32  Երբ ժողովուրդը տեսաւ, որ Մովսէս ուշացաւ լեռնէն իջնելու, Ահարոնին քով հաւաքուեցան ու ըսին. «Ելի՛ր, մեզի աստուածներ շինէ, որպէս զի մեր առջեւէն երթան. քանզի Մովսէսը, մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանող մարդը, չենք գիտեր թէ ի՞նչ եղաւ»։  Ահարոն ըսաւ անոնց. «Ձեր կիներուն, ձեր տղաքներուն եւ ձեր աղջիկներուն ականջները եղած ոսկի օղերը հանեցէ՛ք ու ինծի բերէ՛ք»։  Բոլոր ժողովուրդը իրենց ականջները եղած օղերը հանեցին եւ Ահարոնին բերին։  Անիկա առաւ անոնց ձեռքէն ու տիպով* մը քանդակեց եւ ձուլածոյ հորթ մը շինեց։ Ըսին. «Ո՛վ Իսրայէլ, ասոնք են քու աստուածներդ, որոնք քեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցին»։  Եւ երբ Ահարոն տեսաւ ասիկա, անոր առջեւ սեղան մը շինեց։ Ահարոն յայտարարեց. «Վաղը տօն է Տէրոջը»։  Հետեւեալ առաւօտ կանուխ ելան ու ողջակէզներ մատուցանեցին եւ խաղաղութեան զոհեր բերին եւ ժողովուրդը ուտելու ու խմելու նստան ու խաղալու ելան։  Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Գնա՛, իջի՛ր. վասն զի ապականեցաւ քու ժողովուրդդ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր.  Անոնք շուտով խոտորեցան այն ճամբայէն, որ իրենց պատուիրեցի։ Իրենց ձուլածոյ հորթ շինեցին եւ անոր երկրպագութիւն ըրին։ Անոր զոհեր մատուցանեցին ու ըսին. ‘Ո՛վ Իսրայէլ, ասոնք են քու աստուածներդ, որոնք քեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցին’»։  Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ես տեսայ այս ժողովուրդը եւ ահա այս խստապարանոց ժողովուրդ մըն է, 10  Ուստի հիմա թող տուր զիս, որպէս զի իմ բարկութիւնս անոնց վրայ բորբոքի ու փճացնեմ զանոնք։ Բայց քեզ մեծ ազգ մը ընեմ»։ 11  Իսկ Մովսէս իր Տէր Աստուծոյն առջեւ աղաչեց ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ քու բարկութիւնդ բորբոքի քու ժողովուրդիդ վրայ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր մեծ զօրութիւնով ու զօրաւոր ձեռքով։ 12  Ինչո՞ւ համար Եգիպտացիք խօսին ու ըսեն թէ՝ ‘Չարութեան համար հանեց զանոնք, որպէս զի լեռներուն մէջ մեռցնէ ու զանոնք երկրի երեսէն փճացնէ’։ Դարձի՛ր քու սաստիկ բարկութենէդ ու դադարէ* այս չարիքը քու ժողովուրդիդ վրայ բերելէ։ 13  Յիշէ՛ քու ծառաներդ՝ Աբրահամը, Իսահակը ու Իսրայէլը, որոնց դուն քու անձովդ երդում ըրիր ու ըսիր անոնց. ‘Ձեր սերունդը երկնքի աստղերուն պէս պիտի շատցնեմ եւ բոլոր այս երկիրը՝ որուն վրայով խօսեցայ, ձեր սերունդին պիտի տամ ու զայն պիտի ժառանգեն յաւիտեան’»։ 14  Տէրը զղջաց այն չարիքին համար, որ ըսեր էր թէ իր ժողովուրդին պիտի ընէ։ 15  Մովսէս դարձաւ ու լեռնէն իջաւ։ Վկայութեան երկու տախտակներ իր ձեռքն էին։ Տախտակներուն երկու կողմերը գրուած էին։ Թէ՛ մէկ կողմէն եւ թէ՛ միւս կողմէն գրուած էին։ 16  Տախտակները Աստուծոյ գործն էին։ Տախտակներուն վրայ Աստուած գրած էր։ 17  Երբ Յեսու պոռացող ժողովուրդին ձայնը լսեց, ըսաւ Մովսէսին. «Բանակին մէջ պատերազմի ձայն կայ»։ 18  Եւ անիկա ըսաւ. «Անիկա յաղթողներու ձայն չէ, ո՛չ ալ յաղթուածներու աղաղակի ձայն է. հապա խաղի ձայն կը լսեմ ես»։ 19  Մովսէս բանակին մօտենալով՝ հորթն ու պար բռնողները տեսածին պէս՝ բարկութիւնը բորբոքեցաւ եւ տախտակները իր ձեռքէն նետեց ու լերանը վարի դին կոտրտեց զանոնք։ 20  Անոնց շինած հորթը առաւ ու կրակով այրեց ու մանր փոշի ըրաւ եւ ջուրին վրայ ցանեց ու Իսրայէլի որդիներուն խմցուց։ 21  Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. «Այս ժողովուրդը ի՞նչ ըրաւ քեզի, որ անոնց վրայ այսչափ մեծ մեղք մը բերիր»։ 22  Ահարոն ըսաւ. «Թող իմ տիրոջս բարկութիւնը չբորբոքի. դուն կը ճանչնաս այս ժողովուրդը, որ չարին հակամէտ են։ 23  Ինծի ըսին՝ ‘Մեզի աստուածներ շինէ՛, որպէս զի մեր առջեւէն երթան, վասն զի Մովսէսը, մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանող մարդը, չենք գիտեր թէ ի՞նչ եղաւ’։ 24  Ես ըսի անոնց. ‘Ով որ ոսկի ունի՝ թող հանէ’։ Բերին ինծի ու ես կրակը ձգեցի զայն եւ այս հորթը ելաւ»։ 25  Երբ Մովսէս ժողովուրդին անառակութիւնը տեսաւ, քանզի Ահարոն թող տուեր էր զանոնք անառակութիւն ընելու* իրենց թշնամիներուն մէջ խայտառակ ըլլալու չափ, 26  Այն ատեն Մովսէս բանակին դուռը կայնեցաւ ու ըսաւ. «Ով որ Տէրոջը կողմէն է, թող ինծի գայ»։ Ղեւիի բոլոր որդիները անոր քով հաւաքուեցան 27  Եւ ըսաւ անոնց. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ամէն մարդ իր սուրը թող իր մէջքը դնէ ու բանակին մէջ դռնէ դուռ անցնին դառնան։ Ամէն մարդ իր եղբայրը, ամէն մարդ իր ընկերը եւ ամէն մարդ իր դրացին մեռցնէ’»։ 28  Ղեւիին որդիները Մովսէսին խօսքին պէս ըրին։ Այն օրը ժողովուրդէն երեք հազար մարդու չափ ինկան։ 29  Քանզի Մովսէս ըսեր էր. «Այսօր տնօրինուած է որ ձեզմէ ամէն մէկը իր որդին ու իր եղբայրը Տէրոջը նուիրէ, որպէս զի ձեր վրայ օրհնութիւն գայ այսօր»։ 30  Հետեւեալ օրը Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Դուք մեծ մեղք գործեցիք ու հիմա Տէրոջը պիտի ելլեմ, թերեւս քաւութիւն մը ստանամ ձեր մեղքին համար»։ 31  Եւ Մովսէս դարձաւ Տէրոջը ու ըսաւ. «Ո՜հ, այս ժողովուրդը մեծ մեղք մը գործեց, իրեն ոսկիէ աստուածներ շինելով, 32  Բայց հիմա եթէ անոնց մեղքերը պիտի ներես՝ ներէ, եթէ ոչ՝ կ’աղաչեմ, աւրէ՛ զիս քու գրած գրքէդ»։ 33  Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ով որ ինծի դէմ մեղանչեց, զանիկա իմ գրքէս պիտի աւրեմ։ 34  Ուստի հիմա գնա՛, ժողովուրդը այն տեղը տար, որ քեզի ըսի։ Ահա իմ հրեշտակս քու առջեւէդ պիտի երթայ. բայց այցելութիւն ընելու օրս անոնց մեղքը իրենց վրայ պիտի բերեմ»։ 35  Տէրը զարկաւ ժողովուրդը, Ահարոնին ձուլած հորթը շինելնուն համար։

Ստորանիշներ

32։4 Կամ, քանդակագործի գրիչով
32։12 Եբր., զղջա՛
32։25 Կամ, մերկացուց զանոնք