Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ է Պասեքը

Ի՞նչ է Պասեքը

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Պասեքը (կամ՝ Զատիկը) հրէական տօն մըն է, յիշատակելու համար թէ Աստուած ինչպէ՛ս իսրայէլ ազգը Եգիպտոսի ստրկութենէն ազատեց՝ Ք.Ա. 1513–ին։ Աստուած իսրայէլացիներուն պատուէր տուաւ, որ այս կարեւոր առիթը ամէն տարի յիշեն՝ հրէական ապիպ ամսուան 14–րդ օրը։ Ապիպ ամիսը յետագային կոչուեցաւ նիսան (Ելից 12։42. Ղեւտացւոց 23։5

Ինչո՞ւ Պասեք կը կոչուի

 «Պասեք» բառը կու գայ եբրայերէն բառէ մը, որ կը նշանակէ «վրայէն անցնիլ»։ Ատիկա կապ ունի այն անցեալի դէպքին հետ, երբ Աստուած իսրայէլացիներուն տունին վրայէն անցաւ եւ զանոնք ազատեց՝ երբ Եգիպտոսի բոլոր անդրանիկ զաւակները սպաննուեցան (Ելից 12։27. 13։15)։ Աստուած այս պատուհասը բերելէ առաջ, իսրայէլացիներուն պատուէր տուաւ, որ գառնուկ մը կամ այծ մը մորթեն եւ անոր արիւնը իրենց դրան երկու կողմի դրանդիքներուն ու վերի սեմին վրայ քսեն (Ելից 12։21, 22)։ Աստուած այդ նշանը պիտի տեսնէր եւ անոնց տան ‘վրայէն պիտի անցնէր’՝ առանց անոնց տան անդրանիկ զաւակը սպաննելու (Ելից 12։7, 13

Աստուածաշունչի օրերուն, Պասեքը ինչպէ՞ս կը տօնուէր

 Աստուած իսրայէլացիներուն ուղղութիւններ տուաւ առաջին Պասեքը ինչպէ՛ս տօնելու նկատմամբ a։ Աստուածաշունչին մէջ յիշուած Պասեքի տօնին վերաբերող կարգ մը կէտեր.

  •   Զոհ։ Ընտանիքները ապիպ (նիսան) ամսուան 10–րդ օրը մէկ տարեկան գառնուկ մը (կամ այծ մը) զատեցին, իսկ 14–րդ օրը ատիկա մորթեցին։ Առաջին Պասեքին, հրեաները անոր արիւնը քսեցին իրենց դրան երկու կողմի դրանդիքներուն ու վերի սեմին վրայ, ատիկա եղածին պէս խորովեցին եւ կերան (Ելից 12։3-9

  •   Ընթրիք։ Գառնուկին (կամ այծին) կողքին, իսրայէլացիները կերան բաղարջ,– այսինքն՝ առանց թթխմորի հաց,– եւ լեղի խոտեր (Ելից 12։8

  •   Տօն։ Պասեքէն ետք, իսրայէլացիները Բաղարջներու տօնը տօնեցին 7 օր, որուն ընթացքին թթխմորով հաց չկերան (Ելից 12։17-20. Բ. Մնացորդաց 30։21

  •   Դաստիարակութիւն։ Պասեքի ժամանակ, ծնողները իրենց զաւակներուն կը սորվեցնէին Եհովա Աստուծոյ մասին (Ելից 12։25-27

  •   Ճամբորդութիւն։ Յետագային, Պասեքը տօնելու համար, իսրայէլացիները Երուսաղէմ կը ճամբորդէին (Բ. Օրինաց 16։5-7. Ղուկաս 2։41

  •   Ուրիշ սովորութիւններ։ Յիսուսին օրերուն, Պասեքի ժամանակ, հրեաները գինի կը խմէին եւ երգեր կ’երգէին (Մատթէոս 26։19, 30. Ղուկաս 22։15-18

Պասեքի մասին սխալ գաղափարներ

 Սխալ գաղափար։ Իսրայէլացիները Պասեքի ընթրիքը կերան նիսան 15–ին։

 Իրողութիւն։ Աստուած իսրայէլացիներուն պատուէր տուաւ, որ գառնուկ մը մորթեն նիսան 14–ին արեւամուտէն ճիշդ ետք եւ նոյն գիշերը ատիկա ուտեն (Ելից 12։6, 8)։ Իսրայէլացիները իրենց օրը կը հաշուէին արեւամուտէ արեւամուտ (Ղեւտացւոց 23։32)։ Ուրեմն, իսրայէլացիները գառնուկը մորթեցին եւ Պասեքի ընթրիքը կերան նիսան 14–ի սկիզբը։

 Սխալ գաղափար։ Քրիստոնեաները պէտք է Պասեքը տօնեն։

 Իրողութիւն։ Ք.Ե. 33–ի նիսան 14–ի Պասեքի ընթրիքը տօնակատարելէ ետք, Յիսուս հաստատեց նոր արարողութիւն մը. Տէրունական ընթրիքը (Ղուկաս 22։19, 20. Ա. Կորնթացիս 11։20)։ Ատիկա Պասեքը փոխարինեց, քանի որ ատով պիտի յիշուէր ‘Քրիստոսի՝ մեր զատիկին՝ [«Պասեքի գառնուկին», ՆԱ] զոհը (Ա. Կորնթացիս 5։7Յիսուսի զոհը գերազանց է Պասեքի զոհէն, քանի որ ատիկա բոլոր մարդիկը կ’ազատէ մեղքի ու մահուան ստրկութենէն (Մատթէոս 20։28. Եբրայեցիս 9։15

a Բայց ժամանակի ընթացքին, կարգ մը փոփոխութիւններ մտցուեցան։ Օրինակ, իսրայէլացիները առաջին Պասեքը «աճապարանքո՛վ» տօնեցին, քանի որ պէտք էր պատրաստուէին Եգիպտոսը ձգել–քալելու (Ելից 12։11, ԱԾ)։ Բայց, երբ անոնք Աւետեաց երկիրը մտան, այլեւս պէտք չունէին աճապարանքով Պասեքը տօնելու։