Երկրի վրայ ինչպէ՞ս խաղաղութիւն պիտի ըլլայ
Աստուածաշունչին պատասխանը
Աստուծոյ Թագաւորութի՛ւնը երկրի վրայ խաղաղութիւն պիտի բերէ, եւ ոչ թէ մարդիկ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնային կառավարութիւն մըն է, որուն Թագաւորը Յիսուս Քրիստոս է։ Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը սորվեցնէ այս հրաշալի յոյսին մասին։
Աստուած «պատերազմները [պիտի] դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը» եւ այսպիսով պիտի կատարէ իր այս խոստումը. «Երկրի վրայ խաղաղութիւն, անոր բարեհաճութիւնը ունեցող մարդոց մէջ» (Սաղմոս 46։9. Ղուկաս 2։14, ՆԱ)։
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկինքէն պիտի իշխէ ամբողջ երկրի վրայ (Դանիէլ 7։14)։ Համաշխարհային կառավարութիւն ըլլալով, ատիկա ազգայնականութիւնը մարդոց սրտերէն պիտի ջնջէ, քանի որ շատ մը խնդիրներու բուն պատճառն է։
Աստուծոյ Թագաւորութեան Կառավարիչը ըլլալով, Յիսուս կը կոչուի «Խաղաղութեան Իշխան»։ Ան վստահ պիտի ըլլայ որ ‘խաղաղութեան սահման չըլլայ’ (Եսայի 9։6, 7)։
Աստուած պիտի չձգէ որ իր Թագաւորութեան իշխանութեան տակ ապրին մարդիկ, որոնք միտքերնին դրած են շարունակել պատերազմիլ, քանի որ «[Աստուած] կ’ատէ... բռնութիւն սիրողը» (Սաղմոս 11։5. Առակաց 2։22)։
Աստուած իր ծառաներուն կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս խաղաղութեամբ ապրիլ։ Այդ դաստիարակութեան արդիւնքը նկարագրելով, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անոնք իրենց սուրերէն խոփեր եւ իրենց նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինեն։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին» (Եսայի 2։3, 4)։
Աշխարհի չորս կողմը, արդէն իսկ միլիոնաւոր Եհովայի վկաներ Աստուծմէ կը սորվին խաղաղարար ըլլալ (Մատթէոս 5։9)։ Թէեւ շատ մը տարբեր էթնիկ խումբերու կը պատկանինք եւ աւելի քան 230 երկիրներու մէջ կ’ապրինք, մենք կը մերժենք զէնք բարձրացնել մեր ընկեր արարածին վրայ։
Այսօր, Եհովայի վկաները կը սորվին ինչպէ՛ս խաղաղարար ըլլալ