Յիսուս խաչի՞ վրայ մեռաւ
Աստուածաշունչին պատասխանը
Շատեր կը սեպեն որ խաչը քրիստոնէութեան գլխաւոր խորհրդանիշն է։ Բայց Աստուածաշունչը չի նկարագրեր, թէ Յիսուս ինչի՛ վրայ սպաննուեցաւ։ Ուրեմն մէ՛կը չի կրնար վստահութեամբ ըսել, թէ ատիկա ճիշդ ի՛նչ ձեւ ունէր։ Հակառակ ասոր, Աստուածաշունչին մէջ կան փաստեր, որոնք ցոյց կու տան թէ Յիսուս խաչի վրայ չմեռաւ, հապա՝ ուղիղ փայտի վրայ։
Աստուածաշունչը ընդհանրապէս յունարէն սթաւրոս բառը կը գործածէ, երբ կը նկարագրէ թէ Յիսուս ինչի՛ վրայ մեռաւ (Մատթէոս 27։40. Յովհաննէս 19։17)։ Հակառակ անոր որ այս բառը Աստուածաշունչերու մէջ շատ անգամ կը թարգմանուի «խաչ», բայց շատ մը ուսումնականներ կը համաձայնին, որ սթաւրոս բառին բուն իմաստն է՝ «ուղիղ փայտ» a։ Բառարանի մը համաձայն, սթաւրոս բառը «բնաւ չի նշանակեր որեւէ անկիւնէ իրարու վրայ դրուած երկու փայտի կտորներ» (A Critical Lexicon and Concordance to the English and Greek New Testament)։
Յունարէն սթաւրոս բառէն զատ, Աստուածաշունչը նաեւ իբրեւ հոմանիշ կը գործածէ յունարէն քսիլոն բառը, (Գործք 5։30. Ա. Պետրոս 2։24)։ Ատիկա կը նշանակէ «փայտ», «գերան», «ցից» կամ «ծառ» b։ Անոր համար, Աստուածաշունչ մը այս եզրակացութիւնը կու տայ. «Նոր Կտակարանին մէջ տեղ մը չկայ յունարէնով երկու փայտի կտորներու գաղափարը» (The Companion Bible)։
Պաշտամունքի մէջ խաչ գործածելը Աստուծոյ ընդունելի՞ է
Ի՛նչ որ ալ ըլլայ այն առարկային ձեւը որուն վրայ Յիսուս մեռաւ, հետեւեալ իրողութիւնները եւ Աստուածաշունչի համարները ցոյց կու տան, որ պէտք չէ պաշտամունքի մէջ խաչ գործածենք։
Աստուած կը մերժէ պատկերներու եւ խորհրդանիշներու գործածութիւնը պաշտամունքի մէջ, մէջը ըլլալով՝ խաչը։ Աստուած իսրայէլացիներուն պատուէր տուաւ, որ «ոեւէ բանի պատկեր» չգործածեն իրենց պաշտամունքին մէջ։ Նոյնպէս քրիստոնեաներէն կը պահանջուի ‘կռապաշտութենէ փախչիլ’ (Բ. Օրինաց 4։15-19. Ա. Կորնթացիս 10։14)։
Առաջին դարու քրիստոնեաները պաշտամունքի մէջ խաչ չգործածեցին c։ Առաքեալներուն սորվեցուցածներն ու վարքը օրինակ են բոլոր քրիստոնեաներուն, որ ատոնց հետեւին (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։14)։
Պաշտամունքի մէջ խաչի գործածութիւնը հեթանոսական արմատներ ունի d։ Յիսուսի մահէն հարիւրաւոր տարիներ ետք, երբ եկեղեցիները իր սորվեցուցածներէն շեղեցան, եկեղեցիի նոր անդամներուն «կը թոյլատրուէր իրենց հեթանոսական պատկերները եւ խորհրդանիշները պահել», մէջը ըլլալով՝ խաչը (The Expanded Vine’s Expository Dictionary of New Testament Words)։ Բայց Աստուածաշունչը յստակ կերպով ցոյց կու տայ, որ անընդունելի է հեթանոսական խորհրդանիշներ որդեգրել՝ ուրիշ դաւանանքի պատկանող մարդիկը նորահաւատ դարձնելու համար (Բ. Կորնթացիս 6։17)։
a Տե՛ս New Bible Dictionary, հատոր 3, վերանայուած Տ. Ռ. Ու. Ուըտի կողմէ, էջ 245, Theological Dictionary of the New Testament, հատոր 7, էջ 572, The International Standard Bible Encyclopedia, վերանայուած հրատարակութիւն, հատոր 1, էջ 825 եւ The Imperial Bible-Dictionary, հատոր 2, էջ 84։
b Տե՛ս The Expanded Vine’s Expository Dictionary of New Testament Words, էջ 1165, A Greek-English Lexicon, Լիտըլի եւ Սքոթի կողմէ, հատոր 9, էջ 1191-1192 եւ Theological Dictionary of the New Testament, հատոր 5, էջ 37։
c Տե՛ս Encyclopædia Britannica, 2003, «խաչ» նիւթին տակ, The Cross—Its History and Symbolism, էջ 40 եւ The Companion Bible, Oxford University Press, յաւելուած 162, էջ 18
d Տե՛ս The Encyclopedia of Religion, հատոր 4, էջ 165, The Encyclopedia Americana, հատոր 8, էջ 246 եւ Symbols Around Us, էջ 205-207։