Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ ծոմ պահելու մասին

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ ծոմ պահելու մասին

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Աստուածաշունչի օրերուն, ծոմ պահելը Աստուծոյ ընդունելի էր, եթէ անձը ճիշդ շարժառիթ ունենար։ Թէ ոչ, ան Աստուծոյ հաճութիւնը կը կորսնցնէր։ Բայց այսօր Աստուածաշունչը ո՛չ կը պատուիրէ ոչ ալ կ’արգիլէ ծոմ պահելը։

Անցեալին, ե՞րբ մարդիկ ծոմ կը պահէին

  •   Երբ Աստուծոյ օգնութիւնը եւ ուղղութիւնը կը խնդրէին։ Անցեալին, երբ Աստուծոյ ժողովուրդը Երուսաղէմ կը դառնար, ծոմ պահեց, ցոյց տալու համար որ անկեղծօրէն Աստուծոյ օգնութեան եւ պաշտպանութեան պէտք ունէր (Եզրաս 8։21-23)։ Պօղոսը եւ Բառնաբասը ատեններ ծոմ պահեցին, երբ ժողովքին մէջ երէցներ կը նշանակէին (Գործք 14։22

  •   Երբ Աստուծոյ նպատակին վրայ կը կեդրոնանային։ Իր մկրտութենէն ետք, Յիսուս 40 օր ծոմ պահեց, որ ինքզինք պատրաստէ Աստուծոյ կամքը ընելու՝ ծառայութեան միջոցաւ (Ղուկաս 4։1, 2

  •   Երբ զղջային անցեալի մեղքերու համար։ Յովէլ մարգարէին միջոցաւ, Աստուած անհաւատարիմ իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Ինծի դարձէ՛ք ձեր բոլոր սրտովը՝ ծոմապահութեամբ, լալով ու սգալով» (Յովէլ 2։12-15

  •   Երբ Քաւութեան օրը տօնէին։ Իսրայէլացիներուն տրուած Օրէնքին մէջ, Աստուած պատուէր տուաւ որ տարեկան Քաւութեան օրը ծոմ պահեն (Ղեւտացւոց 16։29-31) a։ Այս առիթին ծոմ պահելը յարմար էր, քանի որ իսրայէլացիներուն յիշեցուց, որ անկատար են եւ Աստուծոյ ներողամտութեան պէտք ունին։

Ծոմ պահելու կարգ մը անպատշաճ շարժառիթներ

  •   Երեւելիութեան համար. Յիսուս սորվեցուց որ ծոմապահութիւնը անձնական որոշում պէտք է ըլլայ եւ անոր մասին պէտք չէ մէկը գիտնայ, հապա միայն ծոմ պահող անձը եւ Աստուած (Մատթէոս 6։16-18

  •   Ինքզինք արդարացնելու համար. Ծոմ պահելը անձը բարոյապէս կամ հոգեւորապէս գերազանց չի դարձներ (Ղուկաս 18։9-14

  •   Դիտմամբ գործած մեղք մը արդարացնելու համար (Եսայի 58։3, 4). Աստուած կ’ընդունէր այն մարդոց ծոմերը, որոնց հետ մէկտեղ անոնք կը հնազանդէին եւ սրտանց կը զղջային իրենց մեղքերուն համար։

  •   Կրօնական ծէսեր կատարելու համար (Եսայի 58։5-7). Այս առումով, Աստուած կը նմանի ծնողի, որ չուրախանար երբ իր զաւակները իրեն սէր ցոյց կու տան առ ի պարտականութիւն եւ ոչ թէ սէրէ մղուած։

Քրիստոնեաներէն պահանջուա՞ծ է ծոմ պահել

 Ո՛չ։ Աստուած իսրայէլացիներէն խնդրեց ծոմ պահել Քաւութեան օրը, բայց երբ Յիսուս մէկ անգամ ընդմիշտ զղջացող մարդոց մեղքերը քաւեց, ան այդ պահանջը չեղեալ ըրաւ (Եբրայեցիս 9։24-26. Ա. Պետրոս 3։18)։ Քրիստոնեաները Մովսիսական օրէնքին տակ չեն, որուն մաս կը կազմէր Քաւութեան օրը (Հռովմայեցիս 10։4. Կողոսացիս 2։13, 14)։ Անոր համար, ամէն մէկ քրիստոնեայ ինք կ’որոշէ եթէ կ’ուզէ ծոմ պահել կամ ոչ (Հռովմայեցիս 14։1-4

 Քրիստոնեաները կը գիտակցին, որ ծոմ պահելը իրենց պաշտամունքին մէջ գլխաւոր դեր չի խաղար։ Աստուածաշունչը բնաւ ծոմապահութիւնը ուրախութեան հետ չի կապեր։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները ուրախ են, քանի որ կը պաշտեն «երանելի» կամ ուրախ Աստուածը (Ա. Տիմոթէոս 1։11. Ժողովող 3։12, 13. Գաղատացիս 5։22

Ծոմապահութեան մասին սխալ կարծիքներ

 Սխալ կարծիք։ Պօղոս առաքեալ ամուսնացած զոյգերուն խրատ տուաւ որ ծոմ պահեն (Ա. Կորնթացիս 7։5

 Իրողութիւն։ Աստուածաշունչի հին ձեռագիրները ծոմապահութեան մասին չեն խօսիր Ա. Կորնթացիս 7։5–ին մէջ b։ Այնպէս կ’երեւի, որ Աստուածաշունչը ընդօրինակողներ ծոմի գաղափարը աւելցուցին ոչ միայն այս համարին մէջ, հապա հետեւեալ համարներուն մէջ ալ. Մատթէոս 17։20. Մարկոս 9։29. Գործք 10։30։ Արդի Աստուածաշունչի թարգմանութիւններուն մեծամասնութեան մէջ այս գաղափարը չենք գտներ։

 Սխալ կարծիք։ Քրիստոնեաները պէտք է 40 օր ծոմ պահեն, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս իր մկրտութենէն ետք անապատը ծոմ պահեց։

 Իրողութիւն։ Յիսուս այսպիսի պատուիրանք չի տուաւ։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչին մէջ տեղ մը չենք կարդար որ առաջին դարու քրիստոնեաները այս տեսակ ծոմ պահեցին c։

 Սխալ կարծիք։ Քրիստոնեաները պէտք է ծոմ պահեն, երբ Յիսուսի մահը կը յիշատակեն։

 Իրողութիւն։ Յիսուս իր աշակերտներուն չպատուիրեց, որ ծոմ պահեն երբ իր մահը կը յիշատակեն (Ղուկաս 22։14-18)։ Ճիշդ է որ Յիսուս ըսաւ որ իր աշակերտները ծոմ պիտի պահէին երբ ան մեռնէր, բայց ատիկա պատուէր չէր։ Ան պարզապէս կ’ըսէր որ ի՛նչ պիտի ըլլար (Մատթէոս 9։15)։ Աստուածաշունչը քրիստոնեաներուն ուղղութիւն տուաւ որ եթէ անօթի են տունը ուտեն, առա՛ջ որ Յիսուսի մահը յիշատակեն (Ա. Կորնթացիս 11։33, 34

a Աստուած իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Ձեր անձերը պէտք է խոնարհեցնէք» կամ «պիտի խոնարհեցնէք ձեր անձերը» Քաւութեան օրը (Ղեւտացւոց 16։29, 31)։ Այս արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ ծոմ պահելուն (Եսայի 58։3)։ Անոր համար, Աստուածաշունչի թարգմանութիւն մը այս արտայայտութիւնը այսպէս կը թարգմանէ. «Դուք պէտք չէ բան մը ուտէք, որ ցոյց տաք թէ կը ցաւիք ձեր մեղքերուն համար» (Contemporary English Version

b Տե՛ս A Textual Commentary on the Greek New Testament, by Bruce M. Metzger, երրորդ հատոր, էջ 554։

c 40 օր տեւող Մեծ պահքի պատմութեան մասին, համայնագիտարան մը կ’ըսէ. «Առաջին երեք դարերուն, Պասեքի տօնին պատրաստուելու համար ծոմ պահելը մէկ շաբաթը չէր անցնէր. սովորաբար ատիկա մէկ–երկու օր կը տեւէր... 40 օր տեւող ծոմի գաղափարը առաջին անգամ յիշուեցաւ Նիկիոյ խորհրդաժողովին (Ք.Ե. 325)։ Բայց կարգ մը ուսումնականներ կը կասկածին որ հոն յիշուած ծոմը Մեծ պահքին մասին էր» (New Catholic Encyclopedia, հատոր 8, էջ 468)։