Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏԱՀՄԱ՞ՄԲ ԳՈՅԱՑԱԾ Է, ԹԷ ՈՉ ԾՐԱԳՐՈՒԱԾ Է

Շունին հոտառութիւնը

Շունին հոտառութիւնը

 Գիտնականները կ’ըսեն որ շուները կրնան հոտոտալով գիտնալ միւս շուներուն տարիքը, սեռը եւ տրամադրութիւնը։ Մարզուած շուներ կրնան նոյնիսկ հոտոտալով գտնել պայթուցիկ նիւթեր եւ թմրեցուցիչներ։ Մարդիկ իրենց շուրջը տեղի ունեցած դէպքերը կ’ըմբռնեն իրենց աչքերով, իսկ շուները՝ իրենց քիթով։ Կրնաս ըսել որ շուները իրենց քիթով տեղեկութիւններ «կը կարդան»։

 Նկատի առ։ Շունին հոտոտալու կարողութիւնը հազարաւոր անգամներ աւելի զգայուն է, քան՝ մարդունը։ Ըստ հաստատութեան մը, շուն մը կրնայ «իրար խառնուած նիւթերու հոտը առնել, նոյնիսկ եթէ այդ նիւթերուն քանակը ընդհանուր խառնուրդին մէջ շա՜տ քիչ է (1/1,000,000,000,000)։ Ասիկա կարելի է բաղդատել ողիմպիական լողաւազանին մէջ հալած քառորդ թէյի դգալ շաքարի մը համը առնելու մարդ արարածին կարողութեան» (U.S. National Institute of Standards and Technology)։

 Շունին հոտոտալու զգայարանքը ինչո՞ւ ա՛յսքան զօրաւոր է։

  •   Շունին քիթը թաց է, ինչ որ իրեն կ’օգնէ որ օդին մէջ թափառող հոտաւէտ մասնիկներո՛ւն հոտը առնէ։

  •   Շունին քիթը ունի երկու տեսակ խողովակներ։ Մէկը շնչելու համար, իսկ միւսը՝ հոտ առնելու համար։ Երբ որ շունը սկսի հոտուըտալ, օդը ներս կը մտնէ այն խողովակէն, ուր հոտ առնելու բջիջները կան։

  •   Շունին հոտառութեան շրջանին մակերեսը կրնայ հասնիլ 130 քառակուսի սանթիմեթրի (կամ աւելի), մինչդեռ մարդունը միայն 5 քառակուսի սանթիմեթր է։

  •   Շունին հոտ առնելու բջիջները 50 անգամ աւելի շատ են, քան՝ մարդունը։

 Այս բոլորը շունին կ’օգնեն որ բարդ խառնուրդ ունեցող հոտի մը մանրամասնութիւնները գիտնայ։ Օրինակ, մարդ արարածը կրնայ ապուրի մը հոտը առնել, բայց ըստ կարգ մասնագէտներու, շունը կրնայ գիտնալ որ ապուրը ի՛նչ նիւթերէ բաղկացած է։

 Քաղցկեղի մասին պրպտումներ ընող հաստատութեան մը գիտնականները կ’ըսեն, որ շունին ուղեղը եւ քիթը միասնաբար աշխատելով՝ «երկիր մոլորակի վրայ բարդ հոտեր զատորոշելու ամէնէն կատարեալ սարքն են» (Pine Street Foundation)։ Գիտնականները կը փորձեն ելեկտրոնային «քիթեր» շինել, որ կարենան յայտնաբերել պայթուցիկ նիւթեր, արգիլուած ապրանքներ եւ հիւանդութիւններ, մէջ ըլլալով՝ քաղցկեղը։

 Ի՞նչ կ’ըսես։ Շունին հոտառութիւնը պատահմա՞մբ գոյացած է, թէ ոչ ծրագրուած է։