JW LANGUAGE
JW Language Features
Մատչելի լեզուներ
Անգլերէն, արաբերէն, գերմաներէն, թակալերէն, թայ, թրքերէն, ինտոնեզերէն, իտալերէն, հինտի, ճափոներէն, մալայերէն, միանմար, չինարէն–մանտարին (պարզացուած), չինարէն–քանթոներէն (աւանդական), պենկալերէն, ռուսերէն, սուահիլի, սպաներէն, ստորին գերմաներէն, վիեթնամերէն, փորթուգալերէն, քորէերէն, ֆրանսերէն
Ծառայութեան վերաբերեալ բովանդակութիւն
JW Language–ին բառերը եւ արտայայտութիւնները կը կեդրոնանան՝ քարոզելու, սորվեցնելու եւ աստուածաշնչական բառապաշարի վրայ։ Գործիքը նաեւ կը պարփակէ շատ մը թերթիկներ, որպէսզի կարենաս գիտցած լեզուդ սորվելիք լեզուիդ հետ համեմատել։
Լեզու սորվելու երեսակներ
Կարդա՛ բառեր եւ արտայայտութիւններ գիտցած լեզուովդ եւ սորվելիք լեզուովդ
Մտիկ ըրէ սորվելիք լեզուդ խօսող անհատին, մինչ կը կարդայ բառ, արտայայտութիւն կամ հրատարակութիւն
Դիտէ ծառայութեան վերաբերեալ վիտէօներ սորվելիք լեզուովդ
Սորվէ պատկերներով
Տես թէ ինչպէ՛ս տարբեր բառեր կ’ազդեն նախադասութեան կազմուածքին «Քերականութիւն» բաժինին մէջ
Փորձ ըրէ վարժութիւններով
Նայէ։ Զատէ տեսած պատկերիդ թարգմանութիւնը
Կապէ։ Կապէ այն բառը եւ պատկերը, որոնք նոյն իմաստը ունին
Մտիկ ըրէ։ Զատէ լսած բառիդ թարգմանութիւնը
Flash Card–եր։ Գիտցիր տեսած բառիդ թարգմանութիւնը
Ձայնային դաս։ Փորձի համար, լսէ խումբ մը բառերու հնչումը դադարներով
Մասնաւորել
Խումբեր ստեղծէ, որ նախասիրած պատկերներդ եւ արտայայտութիւններդ հոն պահես եւ դիւրաւ գտնես
Խօսակցութիւնը եւ ձայնագրութեան արագութիւնը իրարու հետ դասաւորէ
Լատիներէն տառերը մարէ կամ վարէ
Բառեր, նախադասութիւններ, պատկերներ եւ վիտէօներ բեռնէ՝ համացանց չունեցած ատեն սորվելու եւ գործածելու համար
Կրնաս վիտէօները այնպիսի որակով բեռնել, որ սարքիդ մէջ քիչ տեղ առնեն
Լատին տառերով արտայայտութիւններ
Այն լեզուներուն պարագային, որոնց գրութիւնը լատինական այբուբենին վրայ չէ հիմնուած, բառերը եւ արտայայտութիւնները կը տեսնուին լատին տառերով։
Օգնութիւն
Եթէ JW Language–ը գործածելու ատեն խնդիրներ կ’ունենաս, հաճիս մեր առցանց օգնութեան պատճէնը լեցուր եւ ղրկէ։