Անցնիլ բովանդակութեան

Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ

Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ

Ի՞ՆՉ բանի վերաբերեալ ճշմարտութիւնը գիտնալ։ Մարդոց ուղղած ամենակարեւոր հարցումներէն ոմանց մասին։ Թերեւս հարց տուած ես.

  • Աստուած իրապէս հոգ կը տանի՞ մեզի։

  • Պատերազմն ու տառապանքը երբեք վերջ պիտի գտնե՞ն։

  • Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք։

  • Ննջեցեալներուն համար որեւէ յոյս կա՞յ։

  • Ի՞նչպէս աղօթեմ որ Աստուած լսէ զիս։

  • Ի՞նչպէս կրնամ կեանքի մէջ երջանկութիւն գտնել։

Այս հարցումներուն պատասխանները ո՞ւր պիտի փնտռէիր։ Գրադարանները կամ գրախանութները հազարաւոր գիրքերով լեցուն են, որոնք կը դաւանին պատասխանները ունենալ։ Սակայն յաճախ մէկ գիրքը միւսին կը հակասէ։ Ոմանք վաւերական կը թուին, բայց շուտով ժամանակավրէպ կը դառնան եւ կը վերամշակուին կամ կը փոխարինուին։

Միւս կողմէ, գիրք մը կայ որ վստահելի պատասխաններ կու տայ։ Անիկա ճշգրիտ տեղեկութիւններ կը բովանդակէ։ Յիսուս Քրիստոս աղօթքի մը մէջ Աստուծոյ ըսաւ. «Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է» (Յովհաննէս 17։17)։ Ներկայիս այդ Խօսքը կը ճանչնանք որպէս Սուրբ Գիրք։ Յաջորդ էջերը վերոյիշեալ հարցումներուն Աստուածաշունչի տուած յստակ եւ ուղիղ պատասխաններուն մասին ամփոփ գաղափար մը կը ներկայացնեն քեզի։

Աստուած իրապէս հոգ կը տանի՞ մեզի

ՀԱՐՑՈՒՄԻՆ ՊԱՏՃԱՌԸ։ Անգթութեամբ եւ անիրաւութեամբ լեցուն աշխարհի մը մէջ կ’ապրինք։ Բազմաթիւ կրօնքներ կը սորվեցնեն թէ Աստուծոյ կամքն է որ մենք տառապինք։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾ ԿԷՏԵՐԸ։ Աստուած երբեք չար բաներ չի պատճառեր։ «Քա՜ւ լիցի որ Աստուծոյ քով՝ չարութիւն ու Ամենակարողին քով անօրէնութիւն ըլլայ», կ’ըսէ Յոբ 34։10–ը։ Աստուած մարդոց համար սիրալիր նպատակ մը ունի։ Այդ պատճառով Յիսուս մեզի սորվեցուց որ աղօթենք. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես. . . քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։9, 10)։ Աստուած մեզմով ա՛յնքան հետաքրքրուած է որ մեծ զոհողութիւններ ըրած է իր նպատակը իրագործելու համար (Յովհաննէս 3։16

Տես նաեւ՝ Ծննդոց 1։26-28. Յակոբոս 1։13. եւ Ա. Պետրոս 5։6, 7–ն։

Պատերազմն ու տառապանքը երբեք վերջ պիտի գտնե՞ն

ՀԱՐՑՈՒՄԻՆ ՊԱՏՃԱՌԸ։ Պատերազմները կը շարունակեն անհամար մարդոց կեանքը խլել։ Մարդկային տառապանքը բոլորիս նեղութիւն կը պատճառէ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾ ԿԷՏԵՐԸ։ Աստուած կը նախագուշակէ ժամանակ մը, երբ համայն աշխարհի մէջ խաղաղութիւն պիտի հաստատէ։ Իր Թագաւորութեան ներքեւ, որ երկնային կառավարութիւն մըն է, մարդիկ «ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին»։ Փոխարէն, անոնք «իրենց սուրերէն խոփեր. . . պիտի շինեն» (Եսայի 2։4)։ Աստուած անիրաւութեան ու տառապանքին վերջ պիտի դնէ։ Աստուածաշունչը կը խոստանայ. «[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները [ի ներառեալ՝ ներկայ անիրաւութիւնն ու տառապանքը] անցան» (Յայտնութիւն 21։3, 4

Տես նաեւ՝ Սաղմոս 37։10, 11. 46։9. եւ Միքիա 4։1-4–ը։

Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք

ՀԱՐՑՈՒՄԻՆ ՊԱՏՃԱՌԸ։ Աշխարհի կրօնքներուն մեծամասնութիւնը կը սորվեցնէ թէ մահուընէ ետք՝ մարդուն ներսիդին եղող բան մը կը շարունակէ գոյատեւել։ Ոմանք կը հաւատան թէ մեռելները կրնան ողջերուն վնաս հասցնել, կամ՝ թէ Աստուած չարերը կը պատժէ, զանոնք հրեղէն դժոխքի մէջ յաւիտեան տանջելով։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾ ԿԷՏԵՐԸ։ Մահուան ատեն մարդը կ’անգոյանայ։ «Մեռելները բան մը չեն գիտեր», կ’ըսէ Ժողովող 9։5–ը։ Անոնք չեն կրնար ողջերուն վնասել,– կամ օգնել,– քանի որ չեն կրնար որեւէ բան գիտնալ, զգալ կամ փորձել (Սաղմոս 146։3, 4

Տես նաեւ՝ Ծննդոց 3։19 եւ Ժողովող 9։6, 10–ը։

Ննջեցեալներուն համար որեւէ յոյս կա՞յ

ՀԱՐՑՈՒՄԻՆ ՊԱՏՃԱՌԸ։ Կ’ուզենք ապրիլ եւ կ’ուզենք մեր սիրելիներուն հետ կեանքը վայելել։ Բնական է որ տենչանք մահացած սիրելիները վերստին տեսնել։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾ ԿԷՏԵՐԸ։ Մեռեալներուն մեծամասնութիւնը պիտի յարուցանուի։ Յիսուս խոստացաւ թէ «բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները [իր] ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան» (Յովհաննէս 5։28, 29)։ Աստուծոյ սկզբնական նպատակին հետ ներդաշնակ ըլլալով, յարուցեալները դրախտային երկրի վրայ ապրելու պատեհութիւնը պիտի ունենան (Եսայի 65։21-25)։ Այս խոստացուած ապագան կը պարփակէ կատարեալ առողջութիւն եւ յաւիտենական կեանք՝ հնազանդ մարդկութեան համար։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29

Տես նաեւ՝ Յոբ 14։14, 15. Ղուկաս 7։11-17. եւ Գործք 24։15–ը։

Ի՞նչպէս աղօթեմ որ Աստուած լսէ զիս

ՀԱՐՑՈՒՄԻՆ ՊԱՏՃԱՌԸ։ Գրեթէ բոլոր կրօնքներուն մէջ մարդիկ կ’աղօթեն։ Բայց եւ այնպէս շատեր կը զգան թէ իրենց աղօթքները չեն պատասխանուիր։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾ ԿԷՏԵՐԸ։ Յիսուս մեզի սորվեցուց որ մեր աղօթքներուն մէջ յաճախ նոյն խօսքերը չկրկնենք։ Ան ըսաւ. «Երբ աղօթք կ’ընէք. . . շատախօս մի՛ ըլլաք» (Մատթէոս 6։7)։ Եթէ կ’ուզենք որ Աստուած մեր աղօթքները լսէ, իր յանձնարարած կերպով պէտք է աղօթենք։ Ասիկա ընելու համար, պէտք է սորվինք թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը եւ ապա անոր համաձայն աղօթենք։ Ա. Յովհաննէս 5։14–ը կը բացատրէ. «Ինչ որ խնդրելու ըլլանք [Աստուծոյ] կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի»։

Տես նաեւ՝ Սաղմոս 65։2. Յովհաննէս 14։6, 14. եւ Ա. Յովհաննէս 3։22–ը։

Ի՞նչպէս կրնամ կեանքի մէջ երջանկութիւն գտնել

ՀԱՐՑՈՒՄԻՆ ՊԱՏՃԱՌԸ։ Շատեր կը հաւատան թէ դրամը, համբաւը կամ գեղեցկութիւնը զիրենք պիտի երջանկացնէ։ Ուստի անոնք այսպիսի բաներու հետամուտ կ’ըլլան, բայց հետագային կ’անդրադառնան թէ երջանկութիւն ձեռք չեն ձգած։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾ ԿԷՏԵՐԸ։ Յիսուս երջանկութեան բանալին բնորոշեց՝ երբ ըսաւ. «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն» (Մատթէոս 5։3)։ Իսկական երջանկութիւնը կրնայ ձեռք ձգուիլ, միայն եթէ քայլեր առնենք մեր մեծագոյն կարիքը գոհացնելու,– Աստուծոյ ու իր նպատակին մասին հոգեւոր ճշմարտութիւնը գիտնալ։ Այդ ճշմարտութիւնը կը գտնուի Աստուածաշունչին մէջ, եւ զայն գիտնալը կրնայ մեզի օգնել զատորոշելու թէ ի՛նչ բաներ իրապէս կարեւոր են։ Աստուածաշնչական ճշմարտութեան թոյլ տալով որ մեր որոշումներն ու արարքները ուղղէ, աւելի իմաստալից կեանք մը կ’ունենանք (Ղուկաս 11։28

Տես նաեւ՝ Առակաց 3։5, 6, 13-18 եւ Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10–ը։

Այսպէս համառօտաբար նկատի առինք Աստուածաշունչի պատասխանը վեց հարցումներու։ Կը փափաքի՞ս աւելին գիտնալ։ Անկասկած, եթէ գիտակից ես հոգեւոր կարիքիդ։ Թերեւս ուրիշ հարցումներ ունիս, ինչպէս՝ ‘Եթէ Աստուած մեզմով հետաքրքրուած է, ամբողջ պատմութեան ընթացքին ինչո՞ւ շատ չարութիւն ու տառապանք թոյլատրած է։ Ի՞նչպէս կրնամ ընտանեկան կեանքիս որակը բարելաւել’։ Աստուածաշունչը այս եւ բազմաթիւ այլ հարցումներու լման ու գոհացուցիչ պատասխաններ կու տայ։

Սակայն ներկայիս շատեր Աստուածաշունչը քննելու կը վարանին։ Անոնք զայն բազմաթերթ ու խրթին գիրք կը նկատեն։ Հարցումներուդ պատասխանները Աստուածաշունչին մէջ գտնելու համար, կ’ուզե՞ս օգնութիւն ստանալ։ Եհովայի վկաները երկու օժանդակ գործիք կ’առաջարկեն։

Առաջինը՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը, որ պատրաստուած է բազմազբաղ մարդոց օգնելու որ քննեն էական հարցումներու Աստուածաշունչի յստակ պատասխանները։ Երկրորդը՝ Աստուածաշունչի անվճար տնային ուսումնասիրութիւն մը։ Շրջանիդ մէջ բնակող Եհովայի վկայ մը, որ Աստուածաշունչը ուսուցանելու որակեալ է, կրնայ տունդ կամ այլ յարմար վայր մը գալ եւ ամէն շաբաթ որոշ ժամանակ տրամադրել՝ քեզի հետ Աստուածաշունչը քննարկելու համար։ Աշխարհի չորս կողմը միլիոնաւորներ այս ծրագրէն օգտուած են։ Անոնցմէ շատեր սա խայտալի եզրակացութեան յանգած են. «Ճշմարտութիւնը գտայ»։

Անկէ աւելի մեծ գանձ մը չկայ։ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը մեզ նախապաշարումէ, շփոթութենէ ու հիւանդագին վախէ կ’ազատագրէ։ Անիկա մեզի յոյս, նպատակ եւ ուրախութիւն կու տայ։ Յիսուս ըսաւ. «Ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յովհաննէս 8։32